Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտ. «Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Կը Շարունակէ Առաջնահերթ Մնալ»

January 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915garenԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական գործունէութեան առաջնակարգ ուղղութիւնները 2015 թուականին կը շարունակեն մնալ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Այս մասին NEWS.am-ին տուած  հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, տագնապի վերջնական լուծման հասնելու հարցին մէջ ըլլալով ամէնէն շահագրգռուած կողմը, այսուհետեւ նոյնպէս պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը` ամուր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար», ընդգծած է Կարէն Միրզոյեան:

Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, նախարարը վստահ է, որ այդ հոլովոյթը նոյնպէս շարունակութիւն պիտի ունենայ:

«Տագնապին լուծման հարցին մէջ իսկական յառաջընթացի կարելի է հասնիլ միայն գոյութիւն ունեցող իրողութիւնները եւ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը նկատի  առնելով` ատոր բոլոր փուլերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական եւ ուղղակի մասնակցութեան վերականգնման պայմանով»,  ըսած է Կարէն Միրզոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ խօսելով բանակցային հոլովոյթին մէջ Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան մասին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը մեկնին հիմնախնդիրի լուծման շահերէն: «Բանակցային սեղանին մօտ հիմնախնդիրի հիմնական կողմերէն մէկուն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բացակայութիւնը խնդրայարոյց կը դարձնէ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան խնդիրի վերջնական լուծումը: Վստահ ենք, որ բանակցութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան վերականգնումը  կը բխի Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ հիմնախնդիրի արագ լուծման հարցին մէջ շահագրգռուած բոլոր երկիրներուն շահերէն: Այսօր այս հարցին մէջ միակ խոչընդոտը պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնն է եւ առկայ իրողութիւնները ընդունելու անոր ցանկութեան բացակայութիւնը», ընդգծած է Կարէն Միրզոյեան:

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանատուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.