Իտալիոյ Փիեմոնթէ նահանգի Իվրէա շրջանի քաղաքային խորհուրդը 12 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ, ճանչնալով պատմական ճշմարտութիւնը, քաղաքային խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին եւ անոր անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն:
Քաղաքային խորհուրդը յոյս յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը քայլերու ձեռնարկէ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ: