Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Եւրոպական Հարցերու Նախկին Նախարարը Ալմելոյի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Համայնքին Հետ

October 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

konca_10-20-15

Tert.am կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական հարցերու նախկին նախարար, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Ալի Հէյտար Քոնճա 18 հոկտեմբերին այցելած է Հոլանտայի հայաշատ Ալմելօ քաղաքը, ուր հանդիպում ունեցած է համայնքի ղեկավարներուն հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնած է, որ Քոնճա Հոլանտա կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ծիրին մէջ:

Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հոլանտայի խորհրդարանի անդամ Փիթըր Օմթզիխթը` Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութենէն:

Քոնճա իր արտասանած խօսքին մէջ մասնաւորաբար անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին: Ան նշած է, որ հայկական միջավայրին մէջ ան ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ, իսկ նախորդ դարու սկիզբի հայկական կոտորածները ոչ այլ ինչ են, քան ցեղասպանութիւն. «Բոլորս գիտենք, որ 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ ազգաբնակչութիւնը ենթարկուեցաւ աղէտալի եւ արիւնալի դէպքերու: Եթէ մէկ բառով նկարագրելու ըլլանք հայ ժողովուրդի տառապանքները, պէտք է ըսենք, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր»:

Ալի Հէյտար Քոնճա նաեւ մասնակցած է կիրակնօրեայ պատարագին:

 

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ապահովական Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

Վրաստանի Հայկական Եկեղեցիները Կը Ջեռուցուին Ազրպէյճանական ՍՈՔՔԱՐ-ի Կողմէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.