Հակառակորդը Սկսած Է Հրետանիով Ռմբակոծել. Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է
8 դեկտեմբերին եւ 8-9 դեկտեմբերի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է բազմաթիւ անգամներ, կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ: Հակառակորդին կողմէ խոշոր տրամաչափի արձակազէնի հրացանէն արձակուած կրակոցին պատճառով պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած ու մահացած է բանակի պայմանագրային զինուոր, 1991-ի ծնունդ Գարիկ Գուրգէնի Աւանեսեանը: Դէպքին...




















