Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի. Գիւղատնտեսութեան Եւ Գիւղի Զարգացման Հարցերը Մշտապէս Կը Գտնուին Կառավարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնը

Հոկտեմբեր 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hovig_10-18-15

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ուղերձ մը յղեց Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ  ըսուած է.

«Գիւղատնտեսութեան մարզի յարգելի՛ ներկայացուցիչներ,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան  առթիվ, որ արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով պետականօրէն կը նշուի մեր երկրին մէջ:

Այսօր մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեզի` ձեր նուիրուած եւ քրտնաջան աշխատանքին համար: Որքան ալ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը առաջնային նշանակութիւն ստանայ տնտեսութեան տարբեր մարզերուն մէջ, միեւնոյնն է, հողին նկատմամբ սէրը, մարդկային ջերմութիւնն ու հոգատարութիւնն են, որոնք կ՛ապահովեն աւելի որակեալ գիւղատնտեսական արտադրանք:

Գիւղատնտեսութիւնը մեր երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող մարզ է: 2015-ին առաջին ութ ամիսներուն արդիւնքներով Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ արձանագրուած է աճի ամէնէն բարձր աստիճանը, ինչ որ, անխօս, նաեւ ձեր անխոնջ աշխատանքին արդիւնքն է:

Կը վստահեցնեմ, որ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղի զարգացման հարցերը մշտապէս կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Մեր հետեւողական եւ շարունակական քայլերը ուղղուած են գիւղատնտեսութեան մարզի բարեփոխման եւ արդիականացման, ինչպէս նաեւ գիւղացիի բարեկեցութեան ապահովման  եւ ընկերային խնդիրներու լուծման: Հաւատացած եղէք, որ պետութիւնը դժուարին պահերուն միշտ եղած է ու պիտի ըլլայ ձեր կողքին:

Կրկին շնորհաւորելով ձեզ Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան  առիթով` կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ բեղուն աշխատանք»:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Կը Դրուատէ Փերինչեքի Հարցով Եւրոպական Դատարանին Վճիռը

Յաջորդը

Շարմազանովը Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Հանդիպած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատասխանատու Քարտուղարին

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?