Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Զոհէն Հերոսի Հաւաքական Կերպարանափոխումը  (Հայաստանի Հանրապետութեան 102-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Զոհէն Հերոսի Հաւաքական Կերպարանափոխումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 102-Ամեակին Առիթով)

Գիւմրիի մէջ հայ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանի բացումը իբրեւ խորհուրդ կը կապուի մայիսքսանութեան աւանդներուն հետ: Արդարահատուցման որոշումը կը կայանար անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Մայիս 28-ի խորհուրդի ընկալումը առաջին հերթին պատմաքաղաքական ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու վերլուծումէն ետք պէտք է ընկալել Առաջին հանրապետութեան կենսագործման երկուքուկէս տարուան իրագործումները լոյսին բերելով եւ այդ հանրագումարը նկատելով մեր այսօրուան հանրապետութեան հիմնաքարը: Ցեղասպանութենէն միայն չորս տարի ետք էր,...

Ակնարկ.   Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  կը հաղորդէր, որ 13 մայիսին, ժամը 14:00-ին, ազրպէյճանական մարտական յենակէտերէ խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ: Կրակոցներուն հետեւանքով տուժածներ չկան, վնասուած են բնակելի տուներ: Թշնամիի կրակակէտերուն ուղղութեամբ հայ սահմանապահներուն ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը լռեցուած է: Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան Հայաստանի հետ պետական սահմանին եւ սահմանամերձ շրջանին ուղղութեամբ ռազմական ոտնձգութիւն կը կատարէ:...

Երեւանի Քաղաքապետարանը Դէմ Է Արամ Մանուկեանի Կենսագրական Տուեալներով Ցուցանակի Տեղադրման

Ակնարկ. Հրապարակե՛լ Պետական Ծրագիրը` Մայիս 28-ի Համահայկական Տօնակատարութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսութեան ընթացքին մեր երկրի վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը բնութագրեց իբրեւ մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալը: Առաքելատիպ կենսագործունէութիւն ամրագրած ըլլալու փաստերու ընդգծումով նման բարձր գնահատականներ հնչեցին նաեւ Սարդարապատի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին պաշտօնական ուղերձներուն ընդմէջէն: Կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան 102-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին: Ներկայ պայմանները կը յուշեն, որ տօնակատարութիւնները արտակարգ դրութեան...

Խմբագրական.   Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

Խմբագրական. Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

Մայիսեան եռատօնը եւ տակաւին նոյն ամսուան մէջ յառաջիկային նշուելիք` Մայիս 28-ի ազգի վերականգնման տօնը այս ամսուան համար ձեւաւորած են  մեր համազգային արժէքաբանութեան մէջ յատուկ իմաստ, նշանակութիւն, խորհուրդ: Մայիս 8-ը սակայն ամէնէն շատ կը կեդրոնանայ Շուշիի ազատագրումին ունեցած ռազմավարական նշանակութեան վրայ, որ ըստ էութեան դարձաւ նաեւ ամբողջ Արցախի ազատագրումի կարեւորագոյն անկիւնաքարը: Շուշին ռազմագիտական առումով դարձաւ յենակէտը ամբողջ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ...

Խմբագրական. Նոր Օսմանականութեան Հին Նպատակները Լիբանանի Մէջ (Մայիս 6-ի Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Օսմանականութեան Հին Նպատակները Լիբանանի Մէջ (Մայիս 6-ի Առիթով)

Մայիս 6-ը կ՛ենթադրէ  համաարաբական ազգայնականութիւն․ հետեւաբար, օրուան պայմաններն ու բռնատիրական կարգերը նկատի ունենալով` հակաօսմանականութիւն: Կ՛ենթադրէ ինքնավարութեան ձգտում, կարծիքի ազատութիւն եւ օտար տիրապետութեան մերժում: Մայիս 6-ը համաարաբական  բնութագիր ունենալով, կ՛ենթադրէ իսլամ-քրիստոնեայ համատեղ խրամատ` ընդդէմ թրքական բռնատիրական կարգերու: Ընդդէմ լեզուական եւ մշակութային հարթիչ գլանային քաղաքականութեան դիրքորոշում եւ միացեալ պայքար: Առանց կրօնական եւ դաւանական խտրութեան համաարաբական գաղափարախօսութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի հրամայական դարձած է:...

Ակնարկ.  Պատասխանատու Մամուլն Ու Հեղինակաւոր Լրագրողները  (Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրուան Առիթով)

Ակնարկ. Պատասխանատու Մամուլն Ու Հեղինակաւոր Լրագրողները (Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրուան Առիթով)

  Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրուան նշումը վերաիմաստաւորումի կ՛ենթարկուի կարծէք: Դասական ընկալումով ազատ խօսքի, կարծիքի եւ այդ բոլորին համար սուղ գին վճարած լրագրողներու յիշատակի օրուան խորհուրդը ունի մամուլի ազատութեան օրը: Աշխարհի մէջ տակաւին շատ վայրերու մէջ լրագրողներ իրենց կեանքով կը վճարեն, ուրիշներ կը ձերբակալուին եւ երկարատեւ բանտարկութեան կը դատապարտուին: Մամուլի ձայնը լռեցնելու համար քաղաքական այլ միջավայրերու մէջ գումարներ կ՛առաջարկուին, ոմանք չեն...

Խմբագրական.  Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն  Ամբոխներու Կերպարափոխումը  (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ճգնաժամի Շահագործման Միտումները (Մայիս Մէկեան Ժամանակակից Խորհուրդը)

Մայիսմէկեան խորհուրդը բնականաբար կը ներառէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ աշխատաւորականութեան դիմագրաւած բազմազան դժուարութիւնները եւ մանաւանդ այդ խաւի առաւել  խոցելիութիւնն ու անորոշութիւնը: Ըստ էութեան, տակաւին դժուար է հետագայ ճգնաժամի տարողութեան պատկերացումը: Կեանքի բնականոն ընթացքի քայլ առ քայլ վերադարձը արդէն համաշխարհային ընթացքի միտումներ կը դրսեւորէ, եւ բոլոր պետութիւնները համապատասխան ծրագիրներ կը հրապարակեն  տնտեսութեան վերաբացման: Մայիս մէկը ամէն բանէ առաջ շահագործման դէմ...

Խմբագրական.  105-ը 100-ով Պայմանաւորուած.  Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Խմբագրական. 105-ը 100-ով Պայմանաւորուած. Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումը անպայման քաղաքական թելերով կը կապուի Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին: Այս փոխկապակցուածութիւնը կը նպաստէ նաեւ ճանաչումէն հատուցում անվերադարձ անցում կատարելու իրաւաքաղաքական որոշումին: Համազգային մակարդակով աշխատանքային նոր գերակայ ուղղութիւններ ճշդելու հրատապ օրակարգի առջեւ ենք: Մանաւանդ որ հռչակագրային-հայեցակարգային փաստաթուղթը իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց մշակած եւ ստորագրած ենք ազգովին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Խօսքը բնականաբար Համահայկական հռչակագիրին...

Ակնարկ.   Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

Ակնարկ. Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը մտահոգիչ է: Բանակցային սեղանին վրայ դրուած է Արցախի հակամարտութեան լուծման փուլային տարբերակը: Հայկական կողմը արտաքին գործոց նախարարի թէ Ազգային ժողովի արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահի ճամբով անուղղակի-ուղղակի կը յայտարարէ, որ որեւէ քննարկելի փաստաթուղթ չէ դրուած բանակցային սեղանի վրայ: Մինչ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումները` կողմերու մօտեցումները քննարկելու  ըսելաձեւով կը բացատրէ, յանձնախումբի նախագահը նախկին տարբերակներու տարրերուն գծով...

Խմբագրական.   45 Տարի Ետք` Ինքնակառավարուելու Հնարաւորութիւններ (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 45-ամեակ)

Խմբագրական. 45 Տարի Ետք` Ինքնակառավարուելու Հնարաւորութիւններ (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 45-ամեակ)

45 տարի առաջ ներլիբանանեան լարուածութիւնը, պաղեստինցի զինեալ խմբաւորումներու աշխուժացումը, սկիզբը` Քրիստոնեայ ուժեր-պաղեստինցիներ բախումը, ապա արագօրէն վերափոխուած միջկրօնական գունաւորում ունեցող պառակտումը, եւ յետոյ միջհամայնքային դիրքաւորումները, իւրաքանչիւր համայնքի տիրոյթներու ուժային սահմանագծումները եւ վերջապէս` հեռակառավարուող լիբանանեան ներքին պատերազմ մը: Տարբեր ուժերու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու լիբանանեան թատերաբեմին վրայ բախումները, մերթ ներիսլամական տեսքով, շուտով` դիմադրութեան տարազով իսրայէլեան գրաւման դէմ, իսկ այլ տեղ ներքրիստոնէական անհամաձայնութիւններու...

Ակնարկ.   Դէպի Բնականոն  Կեանքի Հուն

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային  պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը: Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ...

Խմբագրական.  Լիբանանահայութիւնը Եւ Համայնքային Ցանցային Կառոյցը

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Եւ Համայնքային Ցանցային Կառոյցը

Կազմակերպուածութեան աստիճանաչափի նոր գրանցում կատարեց լիբանանահայութիւնը, երբ աշխարհը հարուածած «Քորոնա» ժահրի բռնկման սկզբնական փուլին իսկ անյապաղ  յառաջացուց Ճգնաժամային շտապը` գործադաշտին ներառելով յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները: Նպատակը` հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն: Ներգրաւուածութիւնը համընդգրկուն է: Հասանելիութիւնը` բոլորին: Աշխատանքի լծուած են բոլորը` բժիշկը, մասնագէտը, դեղագործը, երիտասարդ կամաւորը, քաղաքական գործիչը, դարմանատուները: Կը գործէ համակարգը, ցանցը: Ճգնաժամային ցանցը: Լիբանանահայութեան այս օրինակը վարակի տարածման արագութեամբ կը տարածուի հայկական...

Ակնարկ.   Այլ Հմտութիւններու Պահանջարկ

Ակնարկ. Այլ Հմտութիւններու Պահանջարկ

Պսակաձեւ ժահրին դէմ երկրագունդի յայտարարած պատերազմը տեղ մը աւարտ պիտի արձանագրէ անպայման: Աւելի ճիշդը` ճակատամարտը: Պատերազմը աւելի երկարատեւ հասկացողութիւն է եւ յայտնաբար կենսագիտական հարթութեան վրայ մարդկութիւնը պիտի շարունակէ դիմագրաւել համավարակներու դէմ պայքարելու  տարբեր տեսակի մարտահրաւէրները: Երկարատեւութեամբ համոզուիլը ունի քանի մը հիմնաւորում: Նախ այն, որ, շրջանցելով դաւադրական տեսութիւններու խայտաբղէտ պատկերը, ընդունինք, որ ժահրի ծնունդը, այս պարագային փոխակերպումը, չունի իր գիտական բացատրութիւնը:...

Ակնարկ.  Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները   Եւ Նոր Աշխարհակարգը

Ակնարկ. Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները Եւ Նոր Աշխարհակարգը

«Քորոնա» ժահրի ծնունդը, տարածման կշռոյթները եւ վերահսկողութեան տակ առնուիլը Չինաստանի մէջ տարբեր մտածումներու դուռ  կը բանան եւ ինչու չէ նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն մասին ուրուագծումներ կը կատարեն: Լրատուութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ թէ՛ պատուաստի որոնման եւ թէ՛ վերահսկողութեան աշխատանքները ամէնէն ազդեցիկ եւ գործնական ձեւերով Չինաստանի մէջ կը շարունակուին տարուիլ: Յայտարարութիւնները նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի չէզոքացման ժամկէտներու Չինաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններն են, որ...

Խմբագրական.  Լիբանանն Ու Համատեղուած Տօները

Խմբագրական. Լիբանանն Ու Համատեղուած Տօները

Լիբանանեան քաղաքական եւ յատկապէս ֆինանսական ու տնտեսական պայմանները կարելի է ըսել խոչընդոտեցին թէ՛ Կիներու միջազգային օրուան եւ թէ՛ Ուսուցիչներու տօնին արժանավայել նշումները: Կիներու միջազգային օրուան խորհուրդը ապրած էր հոլովոյթ. իրաւազրկումէն, կիներու իրաւանց պաշտպանութենէն հետզհետէ անցում կատարուած է սեռային իրաւահաւասարութեան սկզբունքի պաշտպանութեան, մինչ Ուսուցչաց օրը աշակերտ-ուսուցիչ դպրոցական տարիներու ժամանակով չսահմանափակուող տօնի վերածուած էր վաղուց` սորվելու եւ ուսանելու գործընթացին հետ երախտագիտութեան յաւերժացման...

Ակնարկ.  Պարտադրուող Օրակարգեր

Ակնարկ. Պարտադրուող Օրակարգեր

Եւրոպական բաժնետոմսային պարտամուրհակի վճարման ժամկէտի սպառման նախօրեակին մտահոգութիւնները եւ յոռետեսական կանխատեսումները կը զարգանան` երկրի ու հասարակութեան առջեւ ծառացած ամէնէն ծանր իրավիճակին եւ անկէ բխած անորոշութեան մթնոլորտը թէժացնելով: Առաջարկուած միջոցները մասնակի վճարման, նոր ժամանակացոյցի վերասահմանումին, դրամատուները վճարման գործընթացներուն մէջ ներառելու, չեն գտներ համալիբանանեան համախոհութիւն: Մինչ հարկային նոր քաղաքականութեան ճշդորոշման մասին եղած ընդգծումները նոր հարցականներ կը ստեղծեն աղքատութեան սահմանները վաղուց հատած քաղաքացիներու...

Խմբագրական.   Հայ Դատ = Արցախահայութեան Դատ

Խմբագրական. Հայ Դատ = Արցախահայութեան Դատ

Ստեփանակերտի մէջ Հայ դատի համահայկական համակարգի ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի կայացման համար ընտրուած վայրը արդէն ուղենշային իմաստ կը ներկայացնէ: Արցախահայութեան դատը վաղուց արդէն Հայ դատի գերակայ ուղղութիւններուն կարեւորագոյն հորիզոնականը կը գրաւէ: Արցախահայութեան դատը` ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրացման հիմք ունի իբրեւ իրաւաքաղաքական հրամայական: Այդ ինքնորոշման փաստը միջազգայնօրէն հանրայնացնելու, իրազեկելու, ճանաչելի դարձնելու տենդագին աշխատանքին լծուած են Հայ դատի զինուորագրեալները: Այստեղ եւս դատի մը ճանաչումին...

Ակնարկ.  Իտլիպը Եւ Ռուսական Արգելակները

Ակնարկ. Իտլիպը Եւ Ռուսական Արգելակները

Սուրիական բանակի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տեղաշարժերը ոչ միայն գետնի վրայ իրավիճակային փոփոխութիւն յառաջացուցած են, այլ նաեւ զգալիօրէն փոխած խաղին կանոնները: Սուրիական զինեալ ուժերը տարածքներ կը մաքրազտեն ահաբեկիչ տարրերէ  եւ կը ձգտին Իտլիպի ամբողջական ազատագրումին: Դամասկոս-Հալէպ մայրուղիի թէ Հալէպի օդակայանի վերահսկումով սուրիական պաշտօնական բանակը տիրական ներկայութիւն կը վերահաստատէ այդ շրջանի կարեւորագոյն կէտերուն  վրայ: Այս մաքրազտման զինարշաւը, բնականաբար, հաշտ ընկալում չունեցաւ Անգարայի...

Խմբագրական.  Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան  Ձեւաչափի Ճշդումները

Խմբագրական. Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան Ձեւաչափի Ճշդումները

Արցախեան շարժման մեկնարկի հերթական նշումը բնականաբար կը կեդրոնանայ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ զարգացող իրադարձութիւններուն վրայ: Բանակցային տարբեր փուլեր` մինչեւ Ժընեւ ու Միւնիխ, գետնի վրայ որեւէ տեղաշարժ չեն ապահոված հիմնական հանգուցալուծման առումով: Յայտարարութիւններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ, շեշտադրումներու փոփոխութիւններ, բանակցային սկզբունքներու մասնակի մերժումներ` կողմերը առաջադրուած բեկումնային պահը ստեղծելու ընդառաջ որեւէ հասարակ յայտարար չեն ընդգծեր: Հայկական առումով նոր բանաձեւը, առնչուած երեք կողմերու ժողովուրդներու համաձայնութեան, պայմանականութիւնն...

Խմբագրական.  Փետրուարեան Այժմէական Ուղերձներ (Ապստամբութեան 99-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Փետրուարեան Այժմէական Ուղերձներ (Ապստամբութեան 99-ամեակին Առիթով)

Փետրուարեան ապստամբութեան դէմ բռնատիրական կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք Դաշնակցութեան հետագայ ընելիքներու ճշդման յատկացուած վերագնահատականի եւ որդեգրելի գործելակերպի քննարկման յատկացուած նիստին ընթացքին վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի ներկայացուցած զեկուցումը այժմէական առանցքներ կը ներփակէ: Մէջբերենք հետեւեալ բաժինները. «Եթէ այժմուայ պոլշեւիկները կարողանան գէթ նուազագոյն չափով գոհացնել ժողովրդին, մենք ոչ միայն խոչընդոտ չենք լինի, այլ եւ ամենաանկեղծ կերպով կը թելադրենք մեր երկրի ընկերներին օգնել նրանց...

Page 37 of 62 1 36 37 38 62

Արխիւներ