Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

April 23, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը մտահոգիչ է: Բանակցային սեղանին վրայ դրուած է Արցախի հակամարտութեան լուծման փուլային տարբերակը: Հայկական կողմը արտաքին գործոց նախարարի թէ Ազգային ժողովի արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահի ճամբով անուղղակի-ուղղակի կը յայտարարէ, որ որեւէ քննարկելի փաստաթուղթ չէ դրուած բանակցային սեղանի վրայ:

Մինչ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումները` կողմերու մօտեցումները քննարկելու  ըսելաձեւով կը բացատրէ, յանձնախումբի նախագահը նախկին տարբերակներու տարրերուն գծով կողմերու մօտեցումներուն ներկայացումով կը պարզաբանէ ցարդ կայացածը` աւելցնելով, որ բանակցային սեղանին գոյութիւն չունի որեւէ փաստաթուղթ:

Խնդիրը այստեղ մտահոգիչ է այլ իմաստով եւս: Նման յայտարարութիւն կատարողը համանախագահող պետութեան ներկայացուցիչն էգ առաւել  եւս այնպիսի պետութեան, որ գերմիջնորդի իրողական կարգավիճակ ունի այս ամբողջ գործընթացին մէջ: Բանակցային փաստաթուղթի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած է նախապէս լաւրովեան կամ քազանեան փաստաթուղթը, որուն հիմքը ըստ փորձագիտական մօտեցումներուն մատրիտեան սկզբունքներն են: Այդ սկզբունքներու վերանուանումը` լաւրովեանի,  կը յուշէ ռուսական կողմի համաձայնութիւնը նման կարգաւորման:

Հիմա նման յայտարարութիւն փուլային կարգաւորման ճանապարհային քարտէսի վերարծարծման համազօր է եւ այդ առումով ալ մտահոգիչ: Հայկական կողմի հերքումը կարելի չէ անտեսել, բայց անհրաժեշտ է յաւելեալ յստակացում եւ պարզաբանում:

Ամբողջ բանակցային գործընթացին մնայունօրէն ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը գերակայ ուղղութիւն պիտի շարունակէ մնալ հայկական կողմին համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորն է, որ կը մասնակցի բանակցութիւններուն: Հակամարտութեան բովանդակային խնդիրներու քննարկման պարագային բանակցային սեղան պէտք է վերադառնայ Ստեփանակերտը:

Իսկ անվտանգութիւնը կը շարունակէ խախտել Ազրպէյճանը: Վերջինը` անօդաչու սարքի տեսքով: Անվտանգութեան խախտումները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ չի գործադրուիր շփման գիծի երկայնքին անվտանգութիւնը երաշխաւորող գործիքակազմի տեղադրումը, որոշուած` ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ:

Ներկայ փուլին Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր բացառապէս պիտի բանակցի իրականացնելու համար Վիեննայի մէջ որոշուած եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու համաձայնութիւնը ունեցող բոլոր կէտերը: Բանակցութեան հիմք ունենալով 94-ի հրադադարը, որ նաեւ  իբրեւ միակ եռակողմ համաձայնութիւն տեղ գտած է Վիեննայի յայտարարութեան մէջ: Բանակցելի է նաեւ ապրիլեան պատերազմի պատճառով խախտած շփման գիծի վերականգնման խնդիրը: Շփման գիծը հիմք պիտի ունենայ դարձեալ 94-ին հաստատուածը:

Անվտանգութեան երաշխաւորման գործիքաւորումէն ետք միայն կարելի է սկսիլ բովանդակային բանակցութիւններուն, ուր արդէն նախապայման է Ստեփանակերտի ներկայութիւնը:

Տեղին  չէ նաեւ անվտանգութեան գօտի կամ պաշտպանութեան գիծ եզրաբանութեան օգտագործումը: Ինքնորոշման սկզբունքը գերակայ է նաեւ այստեղ: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրաքուէով, հետեւաբար ժողովրդային կամարտայայտութեամբ Արցախը չի բաժներ գօտիներու: Ըստ Սահմանադրութեան, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական լուծումը Արցախի իշխանութիւնը կը տարածուի մինչեւ այսօրուան փաստացի սահմանները: Արցախը իր տարածքային ինքնորոշումը կատարած է սահմանադրականօրէն:

Մինչեւ այս բոլորը, անվտանգութեան երաշխաւորի իրաւակարգը ամրապնդելու համար Երեւանը պէտք չէ ուշացնէ Ստեփանակերտի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ապրիլ 24-ի Մտորումներ. Մեր Հայրերուն Կտակին Գիտակից Հայավայել Կեանք Մը Ապրիլ

Յաջորդը

Խմբագրական. 105-ը 100-ով Պայմանաւորուած. Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.