Խմբագրական . Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ
Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, բնականաբար, քաղաքական ժամանակահատուածի թելադրած տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ընկալել: Սակայն անհրաժեշտ է այս առիթով քանի մը կարեւոր հանգամանք լուսարձակի տակ առնել: Սուրիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունիլը ոչ միայն պատմական իրադրութիւններու փաստերու վրայ հիմնուած է` այն իմաստով, որ տարագրութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը իրականացուած են կարեւոր բաժիններով սուրիական տարածքներու վրայ, եւ թէ սուրիացի...




















