Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

Մայիս 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսեան եռատօնը եւ տակաւին նոյն ամսուան մէջ յառաջիկային նշուելիք` Մայիս 28-ի ազգի վերականգնման տօնը այս ամսուան համար ձեւաւորած են  մեր համազգային արժէքաբանութեան մէջ յատուկ իմաստ, նշանակութիւն, խորհուրդ:

Մայիս 8-ը սակայն ամէնէն շատ կը կեդրոնանայ Շուշիի ազատագրումին ունեցած ռազմավարական նշանակութեան վրայ, որ ըստ էութեան դարձաւ նաեւ ամբողջ Արցախի ազատագրումի կարեւորագոյն անկիւնաքարը: Շուշին ռազմագիտական առումով դարձաւ յենակէտը ամբողջ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ այդ ճամբով նաեւ`  Հայաստանի Հանրապետութեան: Շուշին ըստ էութեան երաշխաւորեց թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը: Այդ հանգամանքով նաեւ` պետականութեան շարունակականութիւնը:

Հետագայ ազատագրումները խորքին մէջ ունէին Շուշիի ռազմագիտական ելակէտը: Իւրաքանչիւր անվտանգութեան յենակէտի ապահովում  բացի պատմական հողերու ազատագրման տեսլականէն ունէր նաեւ անվտանգութեան յաւելեալ կայացման, ամրակայման խնդիր: Ազրպէյճանը շարունակական ձեւով կը փաստէր, որ միշտ պատրաստ է ոտնձգութեան` սպառնալով արցախահայութեան ֆիզիքական գոյութեան: Ազատագրումներու շղթային շրջադարձային կէտը կարելի է նկատել Շուշին, որ  հունաւորեց հետագայ դիպաշարը:

Փուլային ազատագրումներու այս շղթան սահմանագծեց այսօրուան փաստացի տարածքները, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը: Առանց անվտանգութեան յենակէտին կարելի պիտի չըլլար ազատագրումներու յաջորդականութեան իրականացումը:

Անվտանգութեան գերակայութիւնը այսօր անշրջանցելի սկզբունք է բանակցութիւններուն: Բանակցութիւններ, որոնք հայկական կողմին համար կայացած են ինքնորոշման իրաւունքի, ցեղասպանութեան չենթարկուելու, հետեւաբար անվտանգութիւնը ապահովելու անտեղիտալի սկզբունքներուն վրայ: Արցախահայութիւնը ինքնապաշտպանուեցաւ եւ ինքնորոշուեցաւ ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար. այլ խօսքով` ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը համոզեց բոլորը, որ Պաքուն չէ հրաժարած ցեղային զտում կատարելու իր մտադրութիւններէն: Բանակցութիւնները վերադարձան զերօ կէտ: Միջազգային ընտանիքը առաջադրեց հակամարտող կողմերուն միջեւ գտնուող գիծերու վրայ գործնապէս երաշխաւորել անվտանգութեան գործիքակազմերու արդիւնաւէտ աշխատիլը: Պաքուն դարձեալ խափանեց գործընթացը:

Երբ յարձակողապաշտութիւնն ու ատելութիւնը պետական վարքագիծի մնայուն դրսեւորումներու տեսք ունին, փուլային բանակցութիւնները կը դառնան սպառնալիք անվտանգութեան: Մանաւանդ փուլային տարբերակը  (գէթ հրապարակայնացուած առաջին կէտով), որ կը խօսի յարակից տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացման մասին: Փուլայինը իր առաջին կէտով հիմնովին կը հակասէ արցախահայութեան ազատամարտի առաջնագոյն սկզբունքներուն: Որովհետեւ առաջին կէտը արդէն իսկ կը սպառնայ արցախահայութեան անվտանգութեան` ցեղային զտման վարքագիծէ չհրաժարող վտանգը մօտեցնելով արցախահայութեան:

Հայկական բանակցող կողմը կը մասնակցի բանակցութիւններուն` իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Փուլայինը սպառնալիք է մեր անվտանգութեան:

Շուշին անվտանգութեան ապահովման միջնաբերդն է. կը յուշէ, որ արիւնով ազատագրուածը բանակցելի չէ:

 

 

 

Նախորդը

«Ոճիրին Մասին Անձայն Մնացողը Լուռ Մեղսակից Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Շուշիի Ազատագրութեան Տարեդարձը` «Երկիր Մետիա»-ի Ուղղակի Եթերով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?