Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պարտադրուող Օրակարգեր

Մարտ 6, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական բաժնետոմսային պարտամուրհակի վճարման ժամկէտի սպառման նախօրեակին մտահոգութիւնները եւ յոռետեսական կանխատեսումները կը զարգանան` երկրի ու հասարակութեան առջեւ ծառացած ամէնէն ծանր իրավիճակին եւ անկէ բխած անորոշութեան մթնոլորտը թէժացնելով:

Առաջարկուած միջոցները մասնակի վճարման, նոր ժամանակացոյցի վերասահմանումին, դրամատուները վճարման գործընթացներուն մէջ ներառելու, չեն գտներ համալիբանանեան համախոհութիւն: Մինչ հարկային նոր քաղաքականութեան ճշդորոշման մասին եղած ընդգծումները նոր հարցականներ կը ստեղծեն աղքատութեան սահմանները վաղուց հատած քաղաքացիներու ստուար զանգուածին մօտ:

Թափանցիկութեան, մսխուած գումարներու պետական պիւտճէ վերադարձի հրամայականին, վարչակառավարման արդիական մեթոտներու որդեգրման եւ թալանի պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնելու կոչերը, առաջարկներն ու պահանջները գործնական տեսք չեն ստանար եւ կը մնան բաղձանքի սահմաններուն մէջ` փոշիացուելու համոզում փոխանցելով:

Քաղաքական երեք օրակարգեր ընդհանուր գիծերու մէջ կը սաւառնին դիպաշարի հետեւողներուն, զանոնք մեկնաբանողներուն եւ լրատուական -վերլուծական գրականութեան մէջ:

Առաջին. իրանամէտ ուժի հեռացում, չէզոքացում երկրի պետական-քաղաքական կեանքէն:

Երկրորդ. պաղեստինցի գաղթականական կարգավիճակէն վերջնական բնակեցումի համապատասխան որոշումներ:

Երրորդ. ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման ներլիբանանեան եւ միջազգային համաձայնութիւն եւ առնչակից երկիրներու հետ սահմանազատման վերջնականացում:

Երեքն ալ ներլիբանանեան համաձայնութեամբ չսահմանափակուող օրակարգեր են. թէեւ ներլիբանանեան համաձայնութիւնը անքակտելիօրէն փոխկապակցուած է միջազգային համաձայնութեան հետ, այս պարագային` բացասական ընկալումով: Արտալիբանանեան կեդրոններէն հեռակառավարումը կրնայ համաձայնեցնել կամ չհամաձայնեցնել օրակարգերը:

Քաղաքական այս օրակարգերու բանաձեւումը խորքին մէջ կը յուշէ, որ Լիբանանի ֆինանսական աննախընթաց տագնապը կամ տնտեսական պաշարումը ըստ էութեան ուղղակի կապ ունին այս օրակարգերու աւելի ճիշդը հանգուցակէտերուն հետ:

Քաղաքական այս տրամաբանութիւնը ուրեմն կը յուշէ, որ հանգուցալուծումները կը սկսին տեսանելի դառնալ, երբ այդ օրակարգերուն հետ կապուած առեւտուրի նախադրեալները կը հրապարակուին: Մինչ այդ, տնտեսական պաշարման օղակը օրէ օր աւելիով կը սեղմուի:

Ուաշինկթընը ժամանակ կ՛ուզէ հետեւելու նոր նշանակուած կառավարութեան որդեգրած աշխատաոճին, ձեռք ձգելիք արդիւնքներուն, որպէսզի ըստ այնմ ողջունէ կամ գործնապէս սատարէ գործող կառավարութեան: Եւրոպական քաղաքներ թափանցիկութեան եւ արդի մեթոտաբանութեան աշխատելաձեւի ակնկալութիւններ կը յայտարարեն, իսկ արաբական ծոցի հոգեւոր եւ քաղաքական կեդրոնները  պաշտօնապէս զօրակցելով հանդերձ գործնապէս կը սառեցնեն իրենց օժանդակութիւնները:

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ բազմաթիւ իրերամերժ թէ իրար լրացնող յայտարարութիւններ, պահանջներ եւ յորդորներ կը կատարուին փակուղիէն դուրս բերելու համար երկիրը: Բարացուցական եւ ըստ էութեան տնտեսական ապաշրջափակման պայմանականութիւնը բանաձեւող յայտարարութիւն էր չորեքշաբթի օր լիբանանեան քաղաքական կուսակցութեան մը ղեկավարին կատարածը, թէ` «այնքան ատեն որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իշխանութեան վրայ կը մնան, կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը եւ ոչինչ պիտի փոխուի»:

Հիմա եթէ արտալիբանանեան կեդրոններու մօտեցումին պարզաբանումն է, որ կը կատարուի  իբրեւ քաղաքական ընթերցում, հասկնալի է եւ տրամաբանութիւնը ընկալելի: Խնդիրը այն է, որ մօտեցումը իւրացուած է լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու կողմէ, որոնք համոզուած են արտաքին թելադրանքին եւ ո՛չ միայն կ՛ընդունին այլ կը պահանջեն, նաեւ այդ ուժերու հեռացումը: Այս տրամաբանութեամբ ալ երեք օրակարգերու լուծումը կը պայմանաւորուի օրակարգերուն ընթացքը արգելակող ուժերուն արմատական չէզոքացումով:

Աւելի տարբաղադրելով  յայտարարութեան ենթաուղերձները, պարզ կը դառնայ, որ պաշտօնական Պէյրութը պէտք է համաձայնութիւն տայ եւ իրականացնէ Մարտ 8-ի ուժերու, հիմնականին մէջ Հըզպալլայի հեռացումը քաղաքական բեմէն (լռելեայն զինաթափումը): Ապա ընդունի Միացեալ Նահանգներու նախագահին թելադրած «Դարու գործարք»-ի ճամբու քարտէսը եւ իր մասով կատարէ պաղեստինցիներու վերջնական բնակեցման աշխատանքները. եւ վերջապէս ստորագրէ ծովային սահմանազատում կատարող այն քարտէսին տակ, որ ճշդած է իրեն դրացի երկիրներուն հետ ծովային տարածքներն ու Լիբանանին վերապահուած բաժինը: Մանաւանդ այդ հորերէն պեղուելիք նաւթային աղբիւրներն ու զանոնք շահարկողներուն յանձնուելու համաձայնագիրները:

Մնացեալը` պետական պիւտճէ վերադարձող գումարներ, թափանցիկութիւն, հակափտածութեան պայքար, թալանի պատասխանատուներու դատավարութիւններ, նոյնիսկ քաղաքացիական պետութիւն, կը կորսնցնեն իրենց առաջնային կարեւորութիւնը:

Երբ գործադրութեան դրուին պարտադրուող օրակարգերը, «Բոլորը, այսինքն բոլորը» յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ այդ առաջադրանքները երկրորդական նշանակութիւն ունին:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. Լայն Ուժերու Մասնակցութեամբ Քննարկումներու Շարքը Նուիրուած Է Հայաստանի Ընկերային-Տնտեսական Խնդիրներուն

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Բուռն Կերպով Կը Մերժէ Թրքական Շանթաժը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?