Ակնարկ. Քաղաքական Գնահատականի Բացակայումը Եւ Պրիւքսելի Հանդիպման Չեղարկումը
ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրի Երեւանի կողմէ չստորագրուիլը բնականաբար դուռ բացած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` առանց վրիպելու միջազգային լրատուամիջոցներու եւ մեկնաբաններու ուշադրութենէն: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշ փակագիծեր կը բանար այս առումով, երբ կը յայտնէր, որ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին օգնելու համալիր միջոցառումներ առաջարկած է. առաջարկները կը ներառեն աջակցութեան տարբեր միջոցներ` քաղաքական-դիւանագիտական, ռազմական, որոնց կարգին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին առաքելութեան ուղարկում` իրատեսօրէն գնահատելու համար իրավիճակը: Այստեղ կ՛ընկալուի այնպէս, որ...




















