Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բացառելու Եւ Համաձայնելու Կանոնները

Հոկտեմբեր 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրակարգին յատկացուած չորրորդ նիստը, ինչպէս նախատեսուած էր, անգամ մը եւս չյաջողեցաւ կատարել ընտրութիւն: Մինչ արդէն իսկ օրեր կը բաժնեն մեզ նախագահի պաշտօնաթողման թուականէն: Այս կարճատեւ միջոցին եւս նախադրեալները կը յուշեն, որ կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել նախագահի ընտրութիւնը:

Այստեղ երեւոյթը պէտք չէ մեկնաբանել` ընտրութիւնը խափանելու կամ ձեռնպահ քուէարկութիւններով առաջադրուած թեկնածուի ընտրուելուն չնպաստելու եւ վերջապէս օրինաթիւի խախտումով նիստը անօրինական դարձնելու մղումներով:

Այս բոլորը ժողովրդավար կարգերու մէջ ընտրել-չընտրելու գործընթացին կիրարկուած կանոններ են եւ այս պարագային չեն նոյնանար պետութեան գերագոյն պաշտօնը միտումնաւոր թափուր ձգելու նպատակին հետ:

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը գիտակցի, որ միակողմանի որոշումները, քաղաքական արեւելումի միահայեաց դրուածքը եւ այդ առումով պաշտօններու զբաղեցումը ո՛չ միայն չեն նպաստեր համալիբանանեան սկզբունքներու ամրակայման, այլեւ ընդհակառակը` կը խորացնեն պառակտումներու խրամատները:

Վարքագիծ մը, որ ո՛չ միայն հարազատ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ ուղղակի առաջադրանք է տասնամեակներէ ի վեր, արտայայտուած` գործնապէս Հայկական երեսփոխանական պլոքին ճամբով: Արդարեւ, ամէն տեսակի ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Դաշնակցութիւնը բացառապէս քաղաքական երկխօսութեան միակ ընտրանքը որդեգրած է իբրեւ ուղեգիծ եւ բոլոր կողմերուն մօտ աշխատանք տարած համաձայնութեամբ հարցերը լուծելու սկզբունքը գերադասելու:

Խնդիրը ուրեմն վերադարձն է համախոհական սկզբունքի հիման վրայ գոյանալիք որոշումներուն, համաձայնական թեկնածուներուն եւ փոխհամաձայնական ծրագիրներուն: Այլապէս իրավիճակը մագլցողական կշռոյթներով աւելի կը բարդանայ, յաւելեալ անլուծելիութեան առաջնորդելով երկիրն ու պետութիւնը:

Միաժամանակ սակայն սահմանադրական կարգը կը պահպանուի, եւ խորհրդարանի նախագահը, սահմանուած ժամկէտներու յարգումով, խորհրդարանի նիստ կը հրաւիրէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրակարգով: Նկատուածը այն է, որ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումի մօտեցումով կայ ճիգ պետական կառավարման պարապութիւն չստեղծելու ուղղութեամբ:

Այս նրբութիւններն ու իւրայատկութիւնները կարեւոր է արձանագրել` ընդգծելու համար, որ պետական հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան խափանման չեն միտիր ընտրական իրաւունքի եւ կարգով սահմանուած օրինական քայլերու դիմելը, որոնք պէտք է նկատել ճնշամիջոց յանգելու համաձայնութեան: Եւ այդ առումով նաեւ անոնք թատերական արարներ չեն հրաւիրեր չընտրելու առաջադրանքով, այլ համաձայնութիւն պարտադրելու ժողովրդավարական եղանակներ:

Չկայացնե՛լ ընտրութիւնը, որպէսզի ընտրուի համախոհական թեկնածուն: Որ ինքնին մեկնարկային պայման է հետագայ հանգուցալուծումներուն:

Այս պարզաբանումները ներլիբանանեան ուղղութիւններ կ՛ընդգրկեն եւ գործադրելիութեան  սահմաններուն մէջ կը տեղաւորուին: Կա՛ն անշուշտ որոշման կեդրոններու, հետեւաբար տարածաշրջանային եւ միջազգային մօտեցումներն ու ներշնչանքները:

Այսպէս. երկարատեւ միջնորդաւորուած բանակցութիւններէ ետք կարելի եղաւ յանգիլ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան: Քաղաքականօրէն պարզամտութիւն կ՛ըլլայ այս համաձայնութիւնը բացատրելը զուտ երկկողմանի, թէկուզ միջնորդաւորուած բանակցութիւններով: Աշխարհաքաղաքական նկատառումներ` մինչեւ Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքներ, ռուսական կազի այլընտրանքային շուկայի որոնումներ, Արեւմուտք-Իրան Վիեննայի երկխօսութիւն, այս գործընթացներու իսրայէլեան յարաբերակցութիւն եւ մասամբ նորին, բոլորը ներառուած են համաձայնութեան շարժառիթներուն մէջ:

Եւ եթէ հեռուէն նկատենք, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն արագակշռոյթ ընթացք ապահովելու ամերիկեան բարձրաձայնումները հետզհետէ աւելի թափ կը հաւաքեն, կ՛անդրադառնանք, որ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ առնուազն ապալարուածութեան տանող երեւոյթներ կ՛արձանագրուին: Ի վերջոյ միջերկրականեան ուժանիւթի օգտագործման համաձայնութիւնները կը կրեն տարածաշրջանային բնոյթ եւ գէթ որոշ ժամանակի համար կը խօսին կայունացման միտումներու մասին:

Ծովային սահմանագծումին պիտի հետեւի ստուար թղթածրարներ բովանդակող նոր համաձայնագիր` արագացնելու համար աշխարհին պակսող ուժանիւթի շահարկումը: Լիբանանը իրաւական կողմ է, որուն համար պէտք են առաջադրուած կայունութեան ընդառաջ շարժող կառավարութիւններ, նախագահներ, բանակցողներ: Իսկ կայունութեան անշրջանցելի նախադրեալը համախոհութիւնն է, որ այս պարագային արտաքին թելադրանքով եւ ներքին կիրարկումով կ՛իրականանայ:

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը այս տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտարկել: Այդ չի նշանակեր, որ կայծակնային արագութեամբ պիտի ճշդուի համախոհական թեկնածուն: Քաղաքական համաձայնութիւնները առեւտուրի կանոններով կ՛ընթանան եւ ի վերջոյ կը կեդրոնանան փոխընդունելի կէտերուն վրայ:

Ներքին-արտաքին այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ըմբռնելու համար, թէ ինչո՛ւ պէտք է բացառել միակողմանի թեկնածուի նախագահ ընտրութիւնը եւ թէ ինչո՛ւ հրամայական կը դառնայ համախոհական նախագահի թեկնածուին շուրջ համաձայնութիւնը:

Նախորդը

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Դրական Կ՛ընթանայ, Երկիրներու Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Թուրքիոյ Մէջ» Կը Գրէ «Սապահ»

Յաջորդը

Չարլզ Գ. Թագաւորը Ռիշի Սունաքը Նշանակած Է Բրիտանիոյ Վարչապետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?