Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դիտորդական Մրցապայքար Եւ ԵԱՀԿ-Ի Լիազօրութեան Վերափոխում

October 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզ դարձուց, որ քննարկումի մէջ է  հայ-ազրպէյճանական սահմանի հայաստանեան հատուածին մէջ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներ գործուղելու թեման:

Պաշտօնական Երեւանը կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը փաստահաւաք բաժին կ՛ունենայ. եւ` փաստերը կը վկայեն, որ այն պնդումները, թէ  տեղի ունեցած է եւ կը շարունակուի տեղի ունենալ ազրպէյճանական զօրքերու ներխուժում Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ուղղութեամբ, կը համապատասխանեն իրականութեան: Հայկական կողմը ակնկալութիւն ունի, որ այս առաքելութեան կը վերագրուի նաեւ նոր յարձակումներ կանխարգիլելու անհրաժեշտ գործառոյթ:

Այս յայտարարութեան զուգակցուած է երկրորդ մը. ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի դիմումին հիման վրայ որոշում կայացուցած է նախնական դիտորդական կամ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել: Անհրաժեշտ է գումարել ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին կը քննարկուին նոր առաքելութեան գործուղման մանրամասնութիւնները: Այս պարագային կայ նաեւ հայկական կողմի ակնկալութիւնը, որ դաշնակից պետութիւնները տան գնահատական` Հայաստանի գերիշխան տարածքներու ուղղութեամբ իրականացուած ներխուժումին մասին:

Յայտարարութիւններուն երկու ուղղութիւններուն մէջ կան երանգային տարբերութիւններ: Առաջինի պարագային չ՛ակնկալուիր քաղաքական գնահատանք, Երկրորդի պարագային ակնկալութեան մէջ կայ քննադատութիւն Մոսկուայի նկատմամբ, որ հասցէականութիւն չէ ներառած իր յայտարարութիւններուն մէջ:

Երկրորդ տարբերութիւնը այն է, որ ԵԱՀԿ-էն կ՛ակնկալուի նոր յարձակումներ կանխարգիլելու գործառոյթ: Կանխարգիլումը բնականաբար դիտորդական առաքելութեամբ միայն բաւարար չէ իրականացնելը: Յաւելեալ գործիքակազմ կ՛ենթադրէ` զսպիչ գործառոյթներ ներառելու առումով:

Փաստահաւաքումն ու դիտորդականութիւնը երկու պարագային է. երկրորդին պարագային յաւելեալ կանխարգիլման գործառոյթներու ակնկալութիւն չկայ:

ԵԱՀԿ-ին նման առաքելութիւն վստահելու մասին առաջին անգամ ակնարկ կատարեց Ֆրանսայի նախագահը, երբ խօսեցաւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ միջազգային կառոյցներ ներառելու կարեւորութեան մասին, օրինակ տալով ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը:

Եթէ արձանագրենք նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդներ արդէն կը գտնուին  պետական սահմանի հայաստանեան հատուածին վրայ, պարզ կը դառնայ այն սուր մրցապայքարը, որ տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանին ուղղութեամբ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպայի, միւս կողմէ` Ռուսիոյ միջեւ: Այստեղ ածանցեալ դիրքի վրայ են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք այս փուլին կ՛ուզեն հարցերը լուծել Մոսկուայի հետ համագործակցելով: Փաստօրէն, դիտորդներ չկան սահմանի ազրպէյճանական հատուածին վրայ: ՀԱՊԿ-ի ժամանելիք դիտորդական առաքելութեան վայրը եւս հայաստանեան հատուածին վրայ է: Եթէ ՀԱՊԿ-ի ուշացումը կը բացատրուի նշուած համագործակցութեամբ, ապա հակառակ կողմի շտապողականութիւնը եւ գործուղման արագութիւնը ուշագրաւ են: Հարցական կը մնայ  ՀԱՊԿ-ի գործող նախագահութեան դերակատարութիւնը: Իսկ այդ առումով տրամաբանօրէն Երեւանին կը վերագրուի խորհուրդի նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը: Երեւոյթ մը, որ արձանագրուեցաւ Ղազախստանի դէպքերուն առիթով, երբ Հայաստանը յայտարարեց, որ իր նախագահութեան օրով իմաստաւորուեցաւ ՀԱՊԿ-ի կառոյցը շտապ արձագանգումով եւ համապատասխան քայլ առնելով:

ԵԱՀԿ-ի առումով դիտարժան է նաեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ ամերիկացի դեսպանին յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը վճռականօրէն կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութիւններու կանխարգիլման գործիքներու աշխուժացման: Այստեղ եւս կը խօսուի նոր յարձակումներու կանխարգիլման գործիքակազմի անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ զուտ դիտորդական առաքելութեան իրաւասութեան մէջ չի սահմանափակուիր:

Կը թուի, որ այս բոլորը կ՛ընթանան առ ի նախապատրաստութիւն սահմանազատման եւ սահմանագծման օրակարգի կատարումին: Մտահոգիչը այս հետեւողութեամբ հետեւեալն է: ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած էր իր Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափով միջնորդելու արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին: Հիմա լիազօրութեան դաշտի վերաձեւաւորում տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով, գէթ երեւութապէս ոչ թէ համալրելով ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւնը, այլ շառաւիղային փոփոխութիւն կատարելով: Ինչ որ Արցախի խնդիրը խնամքով շրջանցելուն համազօր է:

«Ա.»

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ն Խումբ Պիտի Ուղարկէ Հայաստան` Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ Իրավիճակի Գնահատման Համար

Յաջորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Ուքրանիոյ Զէնք Ծախել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.