Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խորհրդարանը` Միակ Ու Վերջին Փրկօղակը

Հոկտեմբեր 31, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը այսօր կ՛աւարտի: Հիմնական հանգոյցը այս առիթով այն էր, որ մինչեւ պաշտօնաթողում կամ լիազօրութիւններու աւարտ կարելի պիտի ըլլա՞ր նոր կառավարութիւն կազմել: Ժամեր մնացած են լիազօրութիւններու այդ ուղղութեամբ կատարման համար, բայց աւելի իրատեսական է, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալով կառավարութիւնը եւս  կը մնայ հրաժարեալ կարգավիճակով կամ ընթացիկ գործերը վարելու ներկայ  տեսքով. այստեղ  կայ սահմանադրութեան մեկնաբանութեան խնդիր:

Նախագահական պաշտօնի թափուր մնալու պարագային գործող կառավարութիւնը կը ստանձնէր հաւաքաբար նախագահի լիազօրութիւնները: Չկայ գործող կառավարութիւն սահմանադրական լիազօրութիւններով մանաւանդ որ նախագահը նախքան իր մեկնումը ստորագրեց  իր լիազօրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող վերջին հրամանագիրը, ընդունելով կառավարութեան հրաժարականը: Հիմա կայ սահմանադրական այլ մեկնաբանութիւն եւս ներկայ հրաժարեալ կառավարութիւնը նոյն ընթացքով պիտի շարունակէ՞ վարել նախարարութիւններուն վերապահուած ընթացիկ աշխատանքները: Այլապէս, ի՞նչ իմաստ կ՛ունենար կառավարութեան հրաժարականի ընդունումն ու ստորագրութիւնը: Թէ` պարզապէս ընթացակարգային փուլ էր, որ նախագահը պէտք է ստորագրէր նախքան իր մեկնումը:

Այս երկուութեան վրայ որոշակիօրէն լոյս սփռեցին նախագահի եւ վարչապետի գրաւոր փոխանցումները խորհրդարանի նախագահին: Խորհրդարանի նախագահը պարզ դարձուց, որ թէ՛ նախագահէն եւ թէ՛ վարչապետէն ստացած է նամակներ: Առաջինը կը յորդորէ խորհրդարանի նիստ հրաւիրել, իսկ երկրորդը կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր պաշտօնակատարութիւնը ներկայ ընթացքով:

Ներկայ պահու դրութեամբ չկայ հանրապետութեան նախագահ եւ չկայ գործադիր իշխանութիւն: Պետական հաստատութենական յենասիւներէն մնացած են վիրաւոր արդարադատութիւնը, բանակը եւ յարակից իրաւապահ-ուժային մարմիններն ու անշուշտ խորհրդարանը:

Հիմա փորձենք հեռադիտակային-տարածաշրջանային ոսպնեակով կատարել դիտարկում մը: Ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը համոզեց, որ կայ միջազգային ընդհանուր հասկացողութիւն միջերկրականեան ուժանիւթի օգտագործման մեկնարկին շուրջ. այդ համաձայնութիւնը սկզբունքով պէտք է տարածուի քաղաքական դաշտին վրայ եւս, որպէսզի համապատասխան գործողութիւններու իրաւական հաստատումները կայանան եւ գործը թափ հաւաքէ. եթէ անշուշտ միակողմանի օգտագործման տեսութիւնը բացառենք, այն առումով, որ համաձայնութիւնը կայանայ, Իսրայէլը անցնի գործի, իսկ լիբանանեան կողմին համար պետական անդամալուծում ստեղծուի, ինչպէս հիմա: Այսինքն` համաձայնութիւնը աշխատի միակողմանի:

Մինչ Լիբանանը կ՛ընկղմի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարման մասին դրական-ժխտական գնահատական տալու բանավէճերուն, նախագահի պաշտօնի թափուրացման, խորհրդարանի ամլացման եւ կառավարութեան անգործութեան յորձանուտներուն մէջ:

Միակ ողջմիտ ելքը խորհրդարանական ուժերու միջեւ կայանալիք համաձայնութիւնն է նախագահի թեկնածուի շուրջ, երկիրը դուրս բերելու ներկայ վիճակէն: Իրողապէս եւ նախագահի մեկնումէն ետք նաեւ իրաւականօրէն, երկիրը անցած է խորհրդարանական համակարգի, սահմանափակ լիազօրութեամբ եւ մէկ օրակարգով: Հրաժարեալ գործադիրին եւ վիրաւոր արդարադատութեան առընթեր միակ իշխանութիւնն է, որ իրողապէս եւ իրաւականօրէն ունի բացառապէս մէկ լիազօրութիւն` նախագահի ընտրութիւն: Վերջին փրկօղակն է, որ կրնայ նոր մեկնարկ ապահովել երկրին ու պետութեան: Բացառապէս` համաձայնելով:

Պարզ է, որ ընդդիմութեան ներկայացուցած թեկնածուն կարելիութիւն չունի ընտրուելու: Չընտրելով եւ թեկնածու չառաջադրելով խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայնելու ընտրանքն է, որ կը փոխանցէ այս ուղերձով:

Բոլորին հայեացքները խորհրդարանին վրայ կեդրոնացած կը մնան: Միակ ու վերջին փրկօղակին: Համալիբանանեան սկզբունքներէ մեկնած պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ համապատասխան կամք վերցնելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի խորհրդարանը:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանական Յարձակումէն Ետք. Ռուսիան Առկախեց Հացահատիկի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութեան Իր Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?