Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դաշնակցութեան Վիճակուած Է Յաղթանակի Վերակերտումը

Նոյեմբեր 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է նաեւ ներհայեցողական մտածումներու, ինքնաքննարկումի, յաճախ` համարձակ եւ ինքնավստահ դիրքերէ բացթողումները ընդունելու եւ միայն այդ բոլորէն ետք նոր ծրագիրներ, նոր ուղղութիւններ եւ նոր աշխատակարգ որդեգրելու:

Հայրենիքի մէջ գործընթացները, որոնք կ՛առաջնորդուին այսօրուան իշխանութիւններու կողմէ, համազգային հեռանկար չեն բանար մեր առջեւ: Չկայ համահայկական օրակարգ, միացեալ ռազմավարութիւն, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք դերերու բաշխումի անյետաձգելի համակարգումի որեւէ փորձ: Ի սպառ կը բացակայի ներկայ արհաւիրքէն հայրենիքը դուրս բերելու հակաճգնաժամային պետական ծրագիր` հայկական բանակցային դիրքերը ամրացնելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու կամ սփիւռքի վերակազմակերպման նպաստելու:

Այս բոլորին մեկնակէտային խնդիրը ժողովուրդի մէջ համատարած կրաւորականութիւնն է, անտարբերութիւնը, միակողմանի զիջումներուն չհակազդելը: Դիմադրականութեան ոգիի չէզոքացումն է, որուն պատճառով չի զանգուածայնանար շարժումը:

Արցախի վերջին հանրահաւաքը նոր զսպանակում կրնար ապահովել համաժողովրդային շարժումի ձեւաւորման: Այդ համախմբումին մէջ հիմնական էր Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը: Համախմբուելու ոգին չհասաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ անկէ նաեւ չտեղափոխուեցաւ սփիւռք:

Մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, ականատես եղանք գաղափարական նահանջներու` Դաշնակցութեան առաջադրած սփիւռքահայը հայրենիքին կապելու երկքաղաքացիութեան օրէնքը վերափոխուեցաւ ներդրումային չափանիշներով:

Դաշնակցութեան բանաձեւած ազգ-բանակը հետզհետէ կը դառնայ արհեստավարժի անուան տակ ասպարէզային-պայմանագրային կամ վճարումի դիմաց բանակի պարտաւորութենէն ազատ կացուցուելու հնարաւորութիւն տուող հաստատութեան:

Դաշնակցութեան հետեւողական աշխատանքով պահանջատիրութեան պետականացումը այսօր տեղի տուած է ընդհանրապէս հատուցման մասին նոյնիսկ ակնարկութիւն  չկատարող պետական հայեցակարգերու:

Մեր ծրագիրով բանաձեւուած եւ պետական մակարդակով նախապէս հնչած Սեւրի այժմէականութիւնն ու իրաւարար վճիռի իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը այսօր նոյն ամպիոններէն կը նկատուի ցնորաբանութիւն:

Տասնամեակներու վրայ երկարող Դաշնակցութեան աշխատանքը` խորհրդարանական համակարգի անցնելու, ներօրէնսդրական եւ օրէնսդիր-գործադիր-դատական համակարգերու միջեւ փոխհակակշռումի յարաբերակցութիւններ ստեղծելու, այսօր վերածուած է գերվարչապետական, միակուսակցական դրութեան. կը նախապատրաստուի վարչակարգի վերադարձ կատարել` դէպի կիսանախագահական:

Դաշնակցութեան անդուլ աշխատանքները ամբողջ ազգի ներկայացուցչութիւնը Համահայկական հռչակագրի հիմնադրոյթներուն շուրջ համախմբելու եւ եզակի ու աննախադէպ փաստաթուղթ մշակելու` այսօր իրողապէս չեղարկուած են: Յղում չի կատարուիր ներազգային առումով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այդ փաստաթուղթի որեւէ հիմնադրոյթին:

Շարքը կարելի է երկարել: Դաշնակցութիւնը նախապէս ալ ընտրական շռնդալից յաջողութիւններով չէր յատկանշուեր: Բայց քայլ առ քայլ կ՛արձանագրէր գաղափարական նման յաղթանակներ: Այսօր տեղի կ՛ունենայ  Դաշնակցութեան գրանցած գաղափարական յաղթանակներու իւրաքանչիւր կէտի թիրախաւորում եւ հարուածում:

Գաղափարական արժէքներու այս ձեւափոխումի գործընթացը երբեմն ուղղակի բախումնային է, երբեմն անուղղակի,երբեմն կոշտ, յաճախ` փափուկ ու նուրբ: Արդիւնքը ժողովրդային կրաւորականութիւնն է, համընդհանուր անտարբերութիւնը: Որ, ի դէպ, միայն հայրենիքի մէջ չէ, այլ նաեւ` սփիւռքի:

Արցախի ժողովուրդին իրականացուցած համախմբումի գաղափարաքաղաքական պահը պէտք չէ կորսնցնել:

Դաշնակցութեան օրը առիթ է ներհայեցողական դիտարկումներ կատարելու, բացթողումները լոյսին բերելու եւ մանաւանդ վերանորոգ վճռակամութեամբ գաղափարական յաղթանակներ վերակերտելու:

Դաշնակցութիւնը պատմութեան տարբեր փուլերուն փաստած է, որ բազմաթիւ հանգրուաններու յաջողած է ժողովուրդին մէջ վերականգնել արժանապատիւ ապրելու ոգին եւ այդպիսով վերակերտել  յաղթանակը:

Դաշնակցութեան վիճակուած է յաղթանակ վերակերտելու դժուար, բայց պատուաբեր առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Լրիւ Կազմը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 18 Նոյեմբեր 2022)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?