Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Եւ Առասպելագրութիւն Դ. Կատարողա-Մեկնաբանական

Յունուար 18, 2020
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նախերգանք.- Սուրէն խտըշեանի բեմադրութեամբ «Թէաթրոն» խումբին, ելոյթը սկսաւ շուրջ քառորդ ժամ տեւող կատարումով մը: Տպաւորիչ էր «Հով արէք»-ը: Բարի՛: Այսուհանդերձ, պարզ չէր, թէ ի՛նչ առնչութիւն կար ընտրուած երգացանկին եւ ելոյթի բներգներուն միջեւ: Անձնապէս վրդովեցուցիչ կը գտնեմ լսել մեր ամենայուզիչ շարականը` «Տէ՛ր,  ողորմեա՛»-ն, ֆլամենքօ ոճով եւ դաշնաւորումով: Բացի այդ, աղօթքը խոնարհ աղերս մըն է` ուղղուած Աստուծոյ եւ ոչ առիթ` ցուցադրելու օփերա-նմանակ մեկնաբանութիւններ: Այդպիսի զեղումներ, ցաւօք, կը լսենք նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Բեմայարդարում, Տարազներ, ձայն եւ տեսերիզ.- Գորշ բեմը կը ներկայացնէր կիսաւեր եկեղեցի մը եւ կարկտնուած բեկորներ, որոնք կը թելադրեն  «էն փլած տներ»: Կարգ մը պատուհաններէ դուրս կու գար տաք լոյս: Բարի՛: Դժուար է վերծանել, թէ ինչո՛ւ կեդրոնական խաչը երկփեղուած էր, բայց կողմնակի խաչ մը` ոչ: Այսուհանդերձ, բարի՛: Ցանց-ուռկան-ճաղեր, որոնք կը ներկայացնեն օսմանեան մեծ բանտը, կ՛երկարին դէպի հանդիսատեսը, դէպի մեզ: Բարի՛: Նախընտելի էր, որ ըլլային մութ, ոչ ուրախ գոյնի, այսուհանդերձ… Դարձող բեմի շնորհիւ կարելի էր ունենալ սպիտակ պաստառ մը, որ կրնար ներկայացնել անորոշ վայր եւ կամ ծառայել տեսերիզի ցուցադրութեան: Բարի՛: Այսուհանդերձ,  յստակ չէր, թէ ինչո՛ւ բեմը անդադար կը դառնար: Յստակ չէր նաեւ, թէ ինչո՛ւ եւ ե՛րբ բեմն ու սրահի առաջին շարքերը կ՛ողողուէին պաղ գոլորշիով (1): Ո՛չ բարի: Առաստաղէն անակնկալ կ՛իյնային Եղեռնը ազդարարող չորս կախաղաններ: Բարի՛. բայց հասկնալի չէր, թէ դիակները ինչո՛ւ կամ որո՛ւ կը սպասէին թեւաբաց: Արդեօք մե՞զի:

Պարուհիներու տարազը յարիր էր եւ տպաւորիչ, բարի՛, բայց մնացեալներուն հագուկապը կրնար աւելի լաւ մտածուած ըլլալ: Երգչախումբի կիները զգեստաւորուած էին ապաշխարած կուսանաց նման, իսկ այրերը` թիթեռնիկ փողկապներով,  աշխարհիկ սպասեակներու նման: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Մանուկ Սողոմոնը եւ տատիկը հագած էին շատ կոկիկ: Մինչդեռ կաթողիկոսը հագուկապը որակեց ցնցոտի: Մեծ մօր ճակատը զարդարուած էր արծաթեայ դրամներու շարոցով: Մինչդեռ բնագիրը կը թելադրէ, որ անոնք հացի կարօտ են: Ինչպէս բազմաթիւ լուսանկարներ կը վկայեն, Կոմիտաս Փարիզի մէջ վարդապետական շապիկով եւ ուսէն խուրջին մը կախ ման չէր գար: Պեհաէտտին Շաքիր զինուորական չէր, բայց այստեղ հագած էր «զապթիէ»-ի մը վայել թափթփած տարազ, կը կրէր պահեստի սպաներու յատուկ զինանշան կրող փափախ եւ ոսկեգոյն ներկուած երկար դաշոյն մը (ոճրագործի զէնք): Աներեւակայելի է, որ երիտթուրքերու առաջին շարքի ղեկավար մը կրէ նման հագուկապ եւ կատարէ հասարակ ոստիկանի դեր: Կերպարը պարզապէս ծաղրանկարային էր: Կաթողիկոսը կը կրէր հնարովի ասայի մը կրկնօրինակը: Մինչդեռ առնուազն օծումի ընթացքին հարկ է, որ կրէր երկգլխանի վիշապով վերջացող մական: Կոմիտաս վարդապետ օծուեցաւ… քահանայական խոյրով: Վարդապետ կ՛օծուին գլխաբաց եւ այլն: Պարզ է, որ տարազ պատրաստողները որեւէ պրպտում չէին կատարած:

Լուսաւորումը ակնբախ ներդրում չունէր:

Երաժշտութիւնը եւ ձայնը աւելի լաւ ուսունասիրուած էին: Յատկապէս` «Զար զընգը» անկիւնադարձային երգը, օծումի ընթացքին լսուող ռազմական երգեցողութիւնը եւ մահուան շոգեշարժի աղմուկը: Երաժշտութիւնը լոկ հայկական չէր, կը լսուէին լատին (Gregorian) երգեցողութիւն եւ դասական հատուածներ: Շա՛տ բարի: Բայց նախընտրելի էր, որ ըլլային նուազ կրկնութիւններ, եւ գտնուէին խորհրդածելու մղող լուռ պահեր: Երգերու ընտրութիւնը կրնար աւելի իմաստալից ըլլալ: Լսեցինք, օրինակ, «Կռունկ»-ը, երբ Կոմիտաս կը լքէր Էջմիածինը: Ինչո՞ւ: Կոմիտաս հոգեպէս չէր կապուած Էջմիածնի, ընդհակառակը, կը ցանկա՛ր հեռանալ:

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ համակարգչային տեսանիւթ մը, ուր խռիւ խազանման մեհենագիրներ վերածուեցան երկու բոցավառ (անհաւասար) սրտերու: Ապա սիրտերը միացան եւ ծնունդ տուին (ի հարկէ` մանրանկարչանման նռնենիի) տունկի մը, որ իր կարգին խազանման մեհենագիրներու ծնունդ տուաւ: Ի՞նչ մեկնաբանութիւն կարելի է տալ, բացի այն, որ խազերը մարմնացան, մարդացան, ապա կրկին խազ դարձան:

Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.- Բեմի վրայ տեսանք մէկ գլխաւոր կերպար` Կոմիտասը: Երկրորդական դերեր ունէին Մարգրիտն ու Դերձակեանը: Կային շուրջ քսան սահմանափակ դերեր: Գրեթէ մնայուն ներկայութիւն ունէր հինգ աղջիկներէ բաղկացած պարախումբը:

Նախ հարկ է նշել, որ սխալ թարգմանութիւնը յաճախ դերակատարները կը մղէր շրջելու իմաստը, եւ դերակատարը կը մատնէր անյարմար կացութեան: «Պէ՞տք է վստահինք Դերձակեանին», կը թելադրէ թերահաւատութիւն, մինչդեռ կաթողիկոսը քաջալերական ձեւով կ՛ըսէ. «Չվստահի՞նք պատուելիին»: «Աղօթել եւ երգել նոյնը չե՞ն», կը թելադրէ հաւատք, մինչդեռ «Աղօթել եւ երգել նո՞յնն են», կը թելադրէ թերահաւատութիւն եւ այլն:

Կարէն Տարագճեան (Կոմիտաս) շնորհալի, նուիրուած, յարատեւ զարգացող երիտասարդ մըն է: Բայց այս յատկութիւնները գործած էին կատարումին ոչ թէ թեր, այլ դէ՛մ: Տարագճեան վստահաբար պրպտած եւ հասկցած է, որ բներգները յերիւրածոյ են եւ Կոմիտասի կերպարը` ոչ համոզիչ: Այսուհանդերձ, թերեւս մեծ փափաք ունէր մարմնաւորելու այդ իւրայատուկ, խորհրդանիշ դարձած անձնաւորութիւնը, որուն նմանակն է ֆիզիքապէս: Տարագճեան կ՛ուզէր խաղալ Կոմիտաս, բայց` ոչ Թոմասեանի Կոմիտասը: Արդիւնքը այն եղած էր, որ Տարագճեան չկարենայ «նոյնանալ» իր տիպարին հետ: Խաղայ ոչ թէ ինքնաբուխ ապրումով, այլ` հաշուարկուած, ծրագրուած շարժուձեւերով: Այդ կը տեսնենք իր կեցուածքներուն մէջ, ինչպէս բաղդատական լուսանկարը ցոյց կու տայ: Բայց քանի որ Տարագճեան նաեւ անկեղծ է, իր տարակուսանքը յստակօրէն կր տեսնուէր դէմքին վրայ ամբողջ ելոյթին ընթացքին: Նման ինքնազգօն (self conscious) խաղարկութիւն յարիր պիտի ըլլար պրեխթեան մօտեցումով գրուած թատրերգութեան մը մէջ, ուր անհրաժեշտ է պահել հեռաւորութիւն, որպէսզի աւելի առարկայական ձեւով ներկայացուի նիւթը: Թոմասեանի «Պարգեւը», սակայն, գլխովին հակադիր է, կը միտի միամիտ մելոտրամայով մոլորեցնել հանդիսատեսը: Այժմ` կարգ մը մանրամասնութիւններ:

Կաթողիկոսին առջեւ Կոմիտաս «վաւերական» եւ «տիրացուական»  «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ները երգեց բոլորովին անյարիր: «Տիրացուականը» երգեց ճաթած ձայնով, բայց` նուա՛զ թրքական «զարդարումներով»: Այդ կրկնակի սխալ է, որովհետեւ տիրացուները արհեստավարժ վճարուած երգիչներ էին, հետեւաբար հարկ է  ունենային հաճելի ձայն:

Մարգարիտի յուշերուն մէջ նշուած է, որ Կոմիտաս զինք զուարճացնելու համար  իւրայատուկ թոթովախօսութեան կը դիմէր: Ելոյթի այդ բաժինը խիստ կրճատուած էր, եւ ուրեմն բաղաձայններու փոխարինումը (ր-լ  շ-ս   չ-ց) անցաւ աննկատ: Մարգարիտի (ոչ սրտանց) ծիծաղը անհասկնալի էր: Բացի այդ, տոլմայի անեքթոտը թերեւս նորութիւն էր Թոմասեանի համար, բայց քաջ ծանօթ է այստեղ:  Ուրեմն բեմի յատակին տապլտկումները անտեղի էին:  Ի դէպ, Տոլման կ՛ուտէին ոչ թէ թաղումի, այլ հոգեճաշի ընթացքին: Կը տեսնենք, թէ ինչպիսի անհեթեթ տուայտանքներու ենթարկուած էր դերակատարը:

Մարգարիտ նախ տեսնուեցաւ որպէս գորշ հագուկապով ամօթխած աղջիկ: Կոմիտասի հետ «պատահական» հանդիպումէն ետք հանեց գլխու լաչակը եւ հագաւ կարմրաւուն նախշուն զգեստ: (Պապայան չունի նման լուսանկար: Բացի այդ, անհասկնալի էր, թէ ինչո՛ւ սիրահար աղջկան մազերը մնացին անխնամ): Աղջիկ մը, որ սիրոյ ընդմէջէն կը հասնի երաժշտութեան: Մելոտրաման կը պարտադրէ, որ սէրերը կործանին: Բայց ինչպէս նշած էի, այդ չի համապատասխաներ իրականութեան: Գոհարիկ Քերոբեան եւս ունէր յանձնարարութիւն` մարմնաւորելու մելոտրամաթիկ յօրինուածք մը: Կարելի չէ գուշակել, թէ դերակատարուհին որքա՛ն համոզուած էր իր կերպարով: Կարելի էր, սակայն, անոր դէմքին վրայ տեսնել ցաւոտ հեգնական ժպիտ մը: Դերակատարուհին տուաւ այն, ինչ որ պահանջուած էր իրմէ, բայց մնաց ինքնամփոփ ու վերապահ: Այդ յարիր չէ պատմական Մարգարիտի խառնուածքին: Գեղեցիկ էին պարային շարժումները, երբ «կը խազագրէր» օդին մէջ:  Բարի՛: Հարկ է, որ Քերոբեան ջանայ բարելաւել իր հայերէնի առոգանութիւնը եւ իմացութիւնը: Մարգարիտ կը հարցնէ, օրինակ. «Ինչո՞ւ, ճշմարտութիւնը այդքա՞ն կարեւոր է (որ կը թելադրէ թերահաւատութիւն), մինչդեռ հարկ է որ հարցնէր. «Ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը այդքան կարեւոր է», որ կը թելադրէ հետաքրքրութիւն Կոմիտասի գաղափարներով:

Դերձակեանի դերը վերցուցած էր Յարութ Թորոսեան, որ մնայուն դէմք դարձած է մեր բեմին վրայ, յատկապէս` կատակերգական դերերով: Բարի՛: Աշխատասէր դերակատար է: Շա՛տ բարի: Կը վերցնէ նաեւ տրամաթիկ դերեր, բայց, ցաւօք,  խաղարկութեան ոճը կը մնայ նոյնը, ձեւապաշտութիւն (mannerism): Յամենայն դէպս Թոմասեանի յօրինած Դերձակեանը դժուար է մարմնաւորել առանց ծիծաղելու, որովհետեւ կ՛արտասանէ մտքեր, որոնք աւելի յարիր են Վոլթերի Փանկլոսին (Candide, 1762): Ի՞նչ կրնայ նշանակել, օրինակ` «Աստուած մէ՛կ գոյութիւն ունի»: Բացի այդ, միջակ հումորի զգացում բաւարար պէտք էր, որ ըլլար հասկնալու կաթողիկոսին սեւ ակնարկը. «Որովհետեւ հայերը համաձայն են ամէն ինչի մէջ»:

Վարդան Մկրտիչեան ստանձնած էր Պեհաէտտին Շաքիրի դերը: Իթթիհատի կեդրոնական կերպարը, սակայն, վերածուած էր հասարակ շնական ոստիկանի մը: Թոմասեանի միամիտ յօրինումը,  ցաւօք, աւելի եւս «ծաղկեցուած էր» ելոյթին մէջ: Կերպարը կը խօսի հայերէն շեշտով փողոցային թրքերէն, այս յատկապէս ցայտուն էր անուններու արտասանութեան ընթացքին: Բնագիրին մէջ Պեհաէտտին կը մերժէ արտասահման գտնուող հարստութիւն մը եւ կը հրամայէ միւս կալանաւորներուն առջեւ գնդակահարել զինք կաշառել փորձող հայը: Իսկ ելոյթին մէջ գողավարի կը նայի շուրջբոլորը, կը գրպանէ կաշառք ժամացոյցը եւ ապա քուլիսներու ետին կը դաշունահարէ կալանաւորը, թերեւս որպէսզի զինք չմատնէ:

Պեհաէտտին անդադար կը խաղայ ոսկիէ մեծ մետաղադրամով մը: Նման մեքենական կրկնուող նոպայական (compulsive) շարժումներ կ՛արտայայտեն հոգեկան խռովք: Կայ վկայութիւն թէ Թալէաթ, օրինակ, կը գիտակցէր, որ գործած է մեծ ոճիր (բայց պարտադիր ոճիր` յանուն իր ազգի փրկութեան), եւ թէ` որեւէ պահու կրնայ սպաննուիլ: Բայց  չկայ նման վկայութիւն Պեհաէտտինի մասին:

Պեհաէտտին քիչ ետք կը սկսի խաղալ նոյն ժամացոյցով: Այդ կը կրկնէր դերասանի շարժուձեւերը Ատրունիի «Խօսքը մէջերնիս» ելոյթի մէջ իր մարմնաւորած փողոցային ստահակ «ակայի» (պրն. Պօղո՞ս) յարատեւ խաղը փոքրիկ համրիչով մը: Մեծ ոճրագործը կը կրկնէ փոքրիկ ստահակի շարժումները: Ինչպէ՞ս հասկնալ:

Երբ երկինքէն վարդագոյն ջրաներկ… ներողութիւն, արիւն կը տեղայ, Պեհաէտտին կը տեսնուի սպիտակ պաստառին վերեւ, թեւերը թափահարելով` խմբավարի շարժուձեւեր կ՛ընէ, հրճուանքով շնորհակալութիւն կը յայտնէ երկինքին: Ինչպէ՞ս հասկնալ… Պեհաէտտին կալանաւորները կը կոչէ «ճճիներ», ապա զանոնք կը կանչէ իրենց յարգալից մակդիրներով` «տոքթոր» եւ «հայր»: Մի՞թէ տասնամեակներու փորձ ունեցող բեմադրիչ դերասանը համոզուած էր իր ծաղրանկարային կերպարով: Կողքի լուսանկարը կը թելադրէ դերասանի տարակուսանքը:

Երկրորդական կերպարներէն կարելի է յիշել նաեւ` Յարութ Մանուկեանը (Կոստանդեան), Պետրոս Քէօշկերեանը (բժ. Թորգոմեան), Մելիք Պետրոսեանը (վարպետ) եւ Միրաք Աւետիքեանը (մանուկ Կոմիտաս): Կոստանդեանի կերպարը թիւր էր, ինչպէս նշած եմ: Պատմական շեղումին կը բարդուէր զաւեշտային խաղարկութիւն: Մանուկ Կոմիտասի հետ հանդիպման առաջին պահէն իսկ Մանուկեան սկսաւ ակնբախ ձեւով նենգ նայուածքներ ուղղել հէգ պատանիին: Ակամայ յիշեցի երբեմնի «Վարդանանք» ներկայացումները, ուր վասակ սիւնիներ (2) առաջին պաhէն իսկ սրահին կը ցուցադրէին իրենց դաւաճանական կեցուածքը: Մարմնի լեզուն բոլորովին անտեսուած էր: Վատաբան ոմն Կոստանդեան եւ վեհաշուք Խրիմեան Հայրիկ, օրինակ, ունէին ձեռքերու նոյն շարժումները: Ինչպէ՞ս հասկնալ:

Մելիք Պետրոսեանը ունի ակնյայտ շնորհ եւ հումորի զգացում: Խաղարկութիւնը յաջող էր զուարճալի տեսարաններու մէջ: Հաճելի ներկայութիւն է բեմի վրայ: Գնահատելի է մանաւանդ իր նուիրումը: Հակառակ իր առնական արտաքինին` յօժարած էր «Կամուրջէն դիտուած»-ի մէջ աղջկանման Ռուտոլֆոյի դերը վերցնել: Քա՛ջ տղայ:

Քէօշկերեան առաջին անգամ բեմ կը բարձրանայ, բայց դերեր ստանձնած է հեռատեսիլի մէջ: Հաւանաբար կը գիտակցէր, որ թատրոնը կը պահանջէ այլ ոճի խաղարկութիւն եւ այդ պատճառով կը դիմէր որոշ չափազանցութեան, յատկապէս` իր մենախօսութեան ընթացքին (ձեռքերու դող, տագնապահար շարժումներ  եւ այլն): Ոչի՛նչ, շա՛տ բարի: Ունի բեմական ձայն, հաճելի արտաքին եւ աշխատասիրութիւն: Կը յուսամ զինք տեսնել աւելի կարեւոր դերերու մէջ: Բարի՛ երթ:

Միրաք Աւետիքեանը եւս նորեկ մըն է բեմին վրայ: Ունի շատ հաճելի արտաքին, բաւարար ձայն եւ ակնյայտ դերասանական շնորհ:«Լոյս զուարթ» թարգմանուած է յունարէնէ, քերովբէ հրեշտակներու շարականն է: Միրաք տուաւ ակնկալելի լաւագոյնը: Կը յանձնարարեմ արագ հեռանալ թատրոնէն, քանի տակաւին անբուժելի մոլութեան գերին չէ դարձած:

Պարային միջնարարները գեղեցիկ էին եւ տպաւորիչ: Շա՛տ բարի: Այսուհադերձ, կարելի չէր առնչութիւն տեսնել տուեալ պահի (Կոմիտասի մտքերուն) եւ պարի շարժումներուն միջեւ: Մ. Նահանգներու մէջ այլ բեմադրութիւններ եւս դիմած են արդիական պարի (4): Ինչպէս նշած էի, բնագիրին մէջ նկարագրուած հայկական պարը զեղչուած էր:

Դժուար է գնահատել մնացեալ դերակատարները, որովհետեւ կը գործէին որպէս արագացնող մէկ տարածաչափային պատկերներ: Վարձքը կատար բոլորին:

Հոգեբանական.- Կոմիտաս ունեցած է դժբախտ մանկութիւն եւ թերեւս ծինային հակամէտութիւն` հոգեկան խանգարումի: Իր մօտիկ գործակից Հրաչեայ ԱՃառեան եւ Մանուկ Աբեղեան կը վկայեն, որ ջղագրգիռ էր, ենթակայ` տրամադրութեան արագ անկումի, իսկ Մարգարիտ Պապայեան, իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ, որ Կոմիտաս «անդադար կը գանգատէր չար մարդոցմէ», այսինքն նախքան կալանք եւ աքսոր` արդէն իսկ ունէր հալածախտ:Կողքի տագնապահար գծանկարը (1906) կը պատկանի Կոմիտասի:

Կոմիտաս ունեցաւ մեծ յուսախաբութիւն: Ներդրում ունեցած էր թրքական երաժշտութեան մէջ: Զինք յոտնկայս ծափահարած էին երիտթուրք անձնաւորութիւններ, ինչպէս` մշակոյթի նախարար Ատըվար եւ նոյնինքն Թալէաթ: Կոմիտասի բուժումը,  ըստ իս, կարելի չեղաւ երկու հիմնական պատճառներով: Նախ այն, որ ինք չգործակցեցաւ իր բժիշկներուն հետ, որովհետեւ չէր գիտակցեր եւ չէր ընդուներ, որ ինք հոգեկան հարց ունի: Այդ էական է բուժման համար: Կոմիտաս չէր փորձեր, սակայն, դուրս գալ հոգեբուժարանէն: Այդ կրնայ վերագրուիլ ճակատագրապաշտ տրամադրութեան: Կոմիտաս նոյնիսկ կ՛անտեսէր այն անձերը, որոնք մինչեւ վերջին պահուն զինք հոգացին:

Երկրորդ պատճառը այն է, որ հոգեբուժութիւնը ընդհանրապէս եւ ֆրանսականը մասնաւորաբար կը հետեւէր թիւր եւ նախնական տեսութիւններու: Անոնք կը կրկնէին քանի մը պատրաստի տարազներ: Այդ ուղղութեամբ շատ աւելի յառաջացած էր գերմանական-աւստրիական բժշկութիւնը: Իմ (սիրողական) կարծիքով,   նախընտրելի էր, որ Կոմիտաս մնար, օրինակ, Վիեննայի Մխիթարեան  հայրերու մօտ եւ արտահիւանդանոցային ձեւով բուժուէր աւստրիացի բժիշկներու կողմէ:

Մեկնաբանական.- Հարցերը կը սկսին այն հանգամանքէն, որ բեմադրիչը` Սուրէն Խտըշեան, առիթ ունէր 150-ամեակի առիթով մեկենասի օգնութեամբ մեծ ելոյթ մը իրականացնել: Այդ աննախընթաց էր, ներկայ պարագաներու տակ` թերեւս անկրկնելի իրադարձութիւն: Բեմադրիչը, սակայն, հարկադրուած եղաւ վճարել շատ սուղ: Կոմիտասի շուրջ կա՛ն այլ բնագիրներ, բայց աւելի որակաւոր չեն, քան` Թոմասեանի յօրինուածքը:

Բեմադրիչը, ըստ երեւոյթին, պարտադրուած էր ներառել երաժշտական միջնարար, որ երկարեց ելոյթը` առանց ներդրում ունենալու անոր ասքին, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ, որ, ինչպէս նշած էի, բնագիրէն հատուածներ յապաւուին:

Որեւէ բեմադրութիւն պիտի չկարենար հիմնովին սրբագրել եւ բարելաւել բնագիրը: Բեմադրիչը կը յայտարարէ սակայն, որ կ՛որդեգրէ  հեղինակին մօտեցումը: Ելոյթի գրքոյկին մէջ կը կարդանք. «Այսպիսով, սկսաւ մեր փնտռտուքը, Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը իսկական ձեւով նկարագրող թատրոնը (ընդգծումը իմ կողմէս- Հ.Պ.) … տարիներ ետք բարեբախտաբար գտայ Լիլի Թոմասեանի բեմադրութեամբ Կոմիտասի կեանքը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուած էր»: Կոմիտասի նման գերկարեւոր պատմական դէմք մը հանրութեան կը ներկայացուի անգրագէտ, թիւր ու թերի գործի մը միջոցով: Ա՛յստեղ կը կայանայ ելոյթին գլխաւոր մեղքը:

Պիտի անդրադառնամ միայն կարգ մը պատկերներու:

Ելոյթը կը սկսի խորհրդանշական պատկերով մը: Կոմիտաս կը մագլցի  ցանցն ի վեր, բայց առկախ կը մնայ վերելքի կիսուն: Ձգտումը կ՛ընդհատուի: Բարի՛:

Մղձաւանջը կը կրկնուի աւելի ուշ: Կոմիտաս կը մագլցի կրկնելով` «Պէտք է շարունակեմ,  պէտք է շարունակեմ,…». կը հասնի նոյն բարձրութեան (ուր զետեղուած էր բարձրախօս մը) եւ ապա… կը պատռէ իր նոթերը: Այդ մելոտրամաթիկ էր, բայց` անհասկնալի: Ինչո՞ւ Կոմիտաս պիտի ուզէր ոչնչացնել իր տարիներու վաստակը:

Օծումի տեսարանին մէջ Կոմիտաս շրջապատուած է իր սեւ մտքերով (պարուհիներ), երբ կը հագնի փիլոնը: Կոմիտաս կը հանէ վիզէն կախ խաչը, երբ կը նստի Մարգարիտի ծունկին կպած: Երկու  խորհրդանշական պատկերներ, որոնք կը թելադրեն, որ Կոմիտաս կղերական դարձած էր պարտադրուած, ոչ կամովի: Բարի՛: Այդ համահունչ է բնագիրի տրամաբանութեան: Կոմիտաս աւելի շուտ կը պաշտէր բնութեան տարրերը, քան` հինկտակարանային մօրուսաւոր Եհովա մը:

Բեմադրիչը փորձած էր նաեւ ստեղծել ապրող պատկերներ (tableaux vivants), յատկապէս` պարուհիներու մասնակցութեամբ:

Աւարտական տեսարանը կարելի է վերագրել սնոտիապաշտութեան: Հիմնուած է այն վարկածին վրայ, որ իբր թէ Կոմիտաս իր կալանաւորման նախորդ գիշեր մղձաւանջ ունեցած է: Ելոյթին մէջ մօր հոգին կ՛ըսէ, որ փորձած էր զգուշացնել զինք: Կոմիտաս ֆիզիքապէս կը դպչի մօր: Պատկերի բարբառով այդ կը նշանակէ մահ: Կը լսենք Շահազիզի «Ես լսեցի մի անուշ ձայն»-ը: Պարզամիտ ընտրութիւն: Այլ տեսարանի մը մէջ մօր ոգին Կոմիտասը կը հեռացնէ Մարգարիտէն, իմա` փորձութենէն: Կրկին` պարզամիտ միջամտութիւն: Իսկ հարցաքննութեան տեսարանը, ուր Կոստանդեան պատռեց Կոմիտասի սքեմը, կ՛արտայայտէր հալածախտ: Բարի՛:

Ելոյթի ամէնէն տպաւորիչ պատկերն էր ըմբոստ «Զար, զընգը» խմբերգը, որ Կոմիտաս խելայեղ շարժուձեւերով կը վարէր: Ապա ձայները սկսան դառնալ աններդաշնակ, սղոցային: Ինկան հսկայ կախաղանները: երգչախումբը սկսաւ երգել համր, անձայն: Շա՛տ բարի: Հարկ է շնորհաւորել այդ երաժշութիւնը համադրող Հրայր Խտըշեանը:

Հուսկ բանք.- Կոմիտաս վերածուած է կրկնակի խորհրդանիշի մը` ե՛ւ հայկական երաժշտութեան ե՛ւ Եղեռնի: Այս յատկապէս զգայուն հարց է սփիւռքի մէջ, ուր ինքնութեան պահպանման ի սպաս անհրաժեշտ է ստեղծել հիմնադրական (եւ այլ) առասպելներ: Ինչպէս յօդուածաշարի առաջին մասին մէջ տեսանք, խազերը ոչ միայն լիարժէք չեն վերծանուած, այլեւ անվերծանելի են: Մ. Աբեղեան կը վկայէ, որ Կոմիտաս կարճ ժամանակ ետք հրաժարած է վերծանումի փորձերէն եւ նուիրուած է մշակում-յօրինումի (6): Մենք երբեք պիտի չիմանանք, թէ ինչպէ՛ս կը հնչէին այդ ձայնագրութիւնները: Կոմիտաս յօրինած է շատ ինքնորոյն եւ գեղեցիկ երաժշտութիւն, որ  կարեւոր մաս կը կազմէ  հայկական երաժշտութեան, բայց այդ երաժշտութեան սահմանումը չէ: Նոյնինքն Կոմիտաս մտահոգութիւն յայտնած է: 1907 թուին Մարգարիտին ուղղուած նամակին մէջ կ՛ըսէ, որ երբեմն իր կամքէն անկախ կ՛իյնայ երեւակայական շունչի մը վրայ, որ «հայկականի կողքէն կ՛անցնի»: Այսինքն կը յօրինէ ի՛րը:

Ազգային երաժշտութիւն յօրինելու ծրագիրներ արձանագրուած են նաեւ այլուր: Չեմ ուզեր մանրամասնել` կրկին զգացումներ չհրահրելու մտահոգութեամբ: Էջատակերուն մէջ տուած եմ տեսական եւ պատմական աղբիւրներ:

Դժուար պայմաններու մէջ նման տարողութեամբ ելոյթ կազմակերպել մեծ իրագործում է: Ողջունելի է ԳՈՀԱՐ հաստատութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու թատրոնին: Ելոյթը, սակայն, ցաւօք, մելոտրամա մըն էր, որ կը հաստատէր Կոմիտասի շուրջ յօրինուած թիւր առասպելը: Այդ կ՛ամրացնէ հաստատութեան հիմերը: Մինչդեռ թատրոնի կոչումը բոլորովին այլ է: Թոմասեանի երաժշտախառն ցուցքը կարելի չէ նոյնիսկ համարել պաշտամունքի ծէս, ո՛չ թատրերգութիւն: Կը յուսամ, որ բեմադրիչին յաջորդ ելոյթը շատ աւելի խոր մտածուած կ՛ըլլայ:

Յաջողութիւ՛ն:

(Շարունակելի)

—————-

1.- Հեղուկ օդը, գլխաւորաբար նիթրոժէն, կը շոգիանայ մօտ երկու հարիւր աստիճանին զերոյէն ՎԱ՛Ր:
2.- Որոնց շարքին եւ իմ բարի հայրիկը Որ իր ձեռքերով պատրաստած էր Վարդանի պղնձակուռ խոյազարդ սաղաւարտը, զէնքն ու զրահը եւ ոչ միայն…
3.- Թոմասեան եւ բեմադրիչը հաւանաբար անտեղեակ են, որ միջին դարերուն այդ կ՛երգուէր ամորձատուած տղոց կողմէ (քասթրաթի):
4.- Միքաէլ Տաննա, «Որո՞ւ Կոմիտասը, արդեօք», LA STAGE Times Archive, 26 յունիս 2012
5.- Տես, օրինակ, Ռիթա Գույումճեան,  «Խելագարութեան հնախուզութիւն», Archeology of Madnes, 2010:
6.- Մանուկ Աբեղեան, «Յիշողութիւններ Կոմիտասի մասին», Կոմիտաս Ժողովածու, 1930
7.- Gelbart, Matthew The Invention of «Folk Music»  and «Art Music»,  2007:
8.- Shai Burstyn, The Ethnomusicologist as Inventor of Musical Tradition  2015:

 

Նախորդը

Տարօրինակ Թուականներ

Յաջորդը

Վահան Տէրեան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?