Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

October 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Որքա՛ն ծածկես,
Ինչո՛վ ծածկես,
Փշրե՛լ փորձես,
Ծո՛վը նետես
Կամ քամուն տաս,
եւ եթերի ալիքներու
Անորոշին փորձես յանձնել.
Յուշդ երբե՛ք չի՛ մահանար…

Ան հոգիիդ ծալքերուն մէջ
Լուռ ու խոնարհ,
Անխօս պիտի
Հետդ խօսի
Երգէ պիտի, երբեմն` լայ
Երբ առանձին
Ծալքերուն մէջ ժամանակին դուն դեգերիս…

Պիտ՛ պատկերէ սուրբ պահերդ,
Կենդանացնէ լռութիւնդ,
Եւ փարատէ երազներուդ մթութիւնը
Եւ պատկերէ արշալոյսերն դեռ չբացուած
Երանութեանդ աշխարhին մէջ…

Յուշդ երբե՛ք չի՛ մահանար…

Թէ անունդ անգամ փոխես,
Երկինքներէն տիեզերքի
Ան թաքնուած գոյութիւնդ կը յիշեցնէ…

Կը նոյնանայ պահերուդ հետ
Երբ առանձին խոհերուդ մէջ
Մտերմութիւնդ կերպարես`
Կեանքին դուն գաս…

Տարօրինակ եւ բազմաթիւ երանգներու խուրձ է յուշդ`
Ե՛ւ քաղցրութիւն,  հպարտութիւն,
Ե՛ւ խնդութիւն, երջանկութիւն,
Ատելութիւն եւ տառապանք,
Բազում զղջում ցաւ ու տանջանք,
Խանդաղատանք ու լուռ բերկրանք
Հոգիդ կրծող պահեր թաքուն
Եւ պահերու երամ կազմած երանութիւն…

Բայց…
Քո՛ւկդ է…
Քո՛ւկդ է միայն…

Յուշդ ու դո՛ւն
Լո՜ւռ, անթափանց գոյութիւն էք,
Միաձուլուած գոյակցութեան ամբողջութիւն:
Երազներու ճանապարհին
Զոյգ անբաժան լուռ ճամբորդներ…

Յուշդ թուղթ չէ, որ կրակ տաս եւ մոխրացնես
Եւ քամուն տաս…
Յուշդ խորանն է սրբակուռ
Ուր միայն դո՛ւն, առանձնութեանդ լռութեան մէջ,
Մոմ կը վառես
Եւ լոյսին հետ
Շարականներ կը յօրինես…

Յուշդ դո՛ւն ես`
Էութեանդ ո՛ւղն ու ծո՛ւծը
Եւ
Մարդութեա՛նդ մարդութի՛ւնը…

Սեպտեմբեր 4, 2025

Նախորդը

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.