ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ոչ միայն հետաքրքրական, այլ նաեւ արժէքաւոր է մուսալեռցի Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի յուշագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ տէր հօր անակնկալներով լեցուն կեանքի ճանապարհը, որ կը սկսի Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղէն, 1903 թուականին, հասնելով Ամերիկայի տարբեր քաղաքներ` 20-րդ դարու վերջերուն:
Նախքան անդրադառնալը այս հրատարակութեան` պէտք է արձանագրենք, որ այս հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, այժմ` վախճանած, որ մեր տրամադրութեան տակ դրած էր իր հօր ձեռագիր յուշերը:
Իմանալէ ետք, թէ տէր հօր յուշերու ձեռագիր առաջին օրինակը նուիրուած է Երեւանի Ազգագրութեան հիմնարկին (1979), կարելի եղաւ այդ ձեռագիրէն պատճէն մը ունենալ` շնորհիւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտոր Արսէն Բոբոխեանին, որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:
Զոյգ ձեռագիրներու համադրութեամբ կարելի եղաւ ամբողջական դարձնել այս հատորը:
Հրատարակութեան մէջ պահուած է ձեռագիրին հարազատութիւնը: Կատարուած են լեզուական փոքր ճշդումներ, եւ զանց առնուած են կարգ մը աննշան դէպքեր:
Եսայի Շրիգեանը (հետագային` Մովսէս քհնյ. Շրիգեան) Մուսա Լերան ժողովուրդի հարազատ զաւակ է, ծնած է Եօղուն Օլուք, ականատես վկան եղած է այս տարածաշրջանի ժողովուրդին ապրած առօրեայ կեանքին, որ դժուար եւ չարքաշ կեանք մըն է. կեանք մը, ուր տիրական են ժողովրդային աւանդութիւնները, հաւատալիքները եւ առօրեայ հացը ապահովելու դժուարութիւնները:
Այս յուշագրութիւնը սովորականէն տարբեր կը դառնայ, երբ նկատենք իր ընտանիքի աշխատանքն ու դերակատարութիւնը Մուսա Լերան մէջ: Արդարեւ, տէր հօր հայրը սիրուած թաղապետ եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ եղած է երկար տարիներ: Ինք` բացառիկ աշխատասէր, քաջ եւ նախաձեռնող անձնաւորութիւն մը, որ երբեք չի յուսահատիր: Կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները` հնարամտութեամբ, անվախ ոգիով եւ հաւատքով:
Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի յուշերը բացառիկ արժէք կը ստանան մանաւանդ անոր համար, որ լեցուն են Մուսա Լերան ժողովուրդի կեանքին եւ պատմական տարբեր անցուդարձերուն մասին վկայող մանրամասն տեղեկութիւններով, որոնք պատմութեան համար խիստ կարեւոր են եւ արժէքաւոր:
Տէր հայրը արձանագրած է Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետաքրքրական ժամանակաշրջանի (1880-ականներէն մինչեւ 1939) պատմական բոլոր անցուդարձերը: Հնչակեաններու մուտքը Մուսա Լեռ, ՀՅ Դաշնակցութեան կազմութիւնը, Ատանայի ջարդերը 1909-ին, կազմակերպական եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստուելու տարիներու աշխատանքները, հերոսամարտը, Փոր Սայիտ փոխադրութիւնն ու կեանքը յաջորդ չորս տարիներուն, ապա` վերադարձ հայրենի գիւղեր, զարգացման տարիներ եւ տնտեսական դժուարութիւններ, իր քահանայ օծումը, Սանճաքի պարպումը, Պասիթի ժամանակաւոր գաղթակայանը, Այնճար հաստատուիլը եւ կազմակերպուիլը…
Անկախ հատորի պատմական-ազգագրական արժէքէն, այս յուշագրութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ պայքարող մուսալեռցիի մը գեղեցիկ օրինակը, որ տպաւորիչ է, օրինակելի եւ ոգեշնչող: Մուսալեռցին, որ պատրաստ է դիմակայելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները` քաջութեամբ, հաւատքով եւ անկոտրում կամքով:
Այս հրատարակութեամբ կորուստէ կը փրկուի Մուսա Լերան պատմութեան եւ ժողովուրդին առնչուող կարեւոր աղբիւր մը, նոյն ատեն` մեր ժողովուրդին ներկայացնելով նաեւ Մովսէս Ա. քհնյ. Շրիգեանի լուսաւոր կերպարը:
Այս հատորը կարելի է յուշարձան նկատել տէր Մովսէս Շրիգեանի ազգային-եկեղեցական աշխատանքներուն եւ նուիրումին:
Վերջապէս, այս իրագործումը կը պարտինք Վարուժան արք. Հերկելեանին, որ մեծ բծախնդրութեամբ խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց այս յուշագրական հատորը, որ լոյս տեսաւ որպէս «Գառնի» մատենաշարի 49-րդ հրատարակութիւնը:
Աչքը լոյս բոլոր հայորդիներուն եւ յատկապէս բոլոր մուսալեռցիներուն, որոնք կրնան այս յուշագրութենէն մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել իրենց անցեալ 100 տարիներու պատմութեան եւ աւանդութիւններուն մասին:


