Ժողովրդավարական կարգեր որդեգրած եւ խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւ ունեցող երկիրներու մէջ սովորական երեւոյթ է խորհրդարանի մէջ կառավարութեան հարցապնդումի նիստերու կայացումը: Շատ մը երկիրներու մէջ նմանատիպ նիստերը տեղի կ՛ունենան ճշդուած կանոնաւոր պարբերականութեամբ: Վարչապետին կողմէ հակիրճ զեկուցումէ մը ետք, նախարարները եւ վարչապետը կը պատասխանեն երեսփոխաններու հարցումներուն: Շատ յաճախ, հարցումները գրաւոր ներկայացուած կ՛ըլլան նախապէս, պատասխաններն ալ գրաւոր պատրաստուած նոյնպէս նախարարներուն կողմէ: Հարցապնդումը խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան աշխատանքին հսկելու միջոցներէն մէկն է:
Լիբանան եւս որդեգրած է խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւ: Սակայն Լիբանանի մէջ կառավարութեան գործունէութեան քննարկումները հազուագիւտ երեւոյթներ են: Նման քննարկումներ, յաճախ բուռն դրսեւորումներով, տեղի կ՛ունենան խորհրդարանէն դուրս, ճառերով, հարցազրոյցներով, եւ այժմ արհեստագիտական արդիական միջոցներով:
51 տարի առաջ, 1975-ին, Լիբանան մխրճուեցաւ պատերազմական ճահիճի մը մէջ, որ բազմաթիւ փոփոխութիւններով իրարու դէմ հանեց լիբանանցին ու պաղեստինցին, համայնքներէն ոմանք այլ համայնքներու դէմ, Իսրայէլի դէմ, արեւմտեան գրաւման բանակներու դէմ, սուրիացիներու դէմ, նոյն համայնքի տարբեր թեւերու միջեւ, անծանօթ ուրուականներու դէմ: Ընդունուած տեսակէտ է, որ լիբանանցիները դարձան դերակատարները ուրիշներու պատերազմին: Հարիւր հազարաւոր զոհեր, տնտեսական կորուստներ, երկրի ենթակառոյցներու քանդում, աղքատութիւն, երիտասարդութեան արտագաղթ, ներքին ապահովութեան ուժերու չգոյութիւն, բանակի ապազինում, դրամի արժեզրկում, եւ կարելի է շարքը երկարել: Յիսուն տարին բաւարար չեղաւ, որպէսզի լիբանանցիները զգաստանային եւ իրենց պետութիւնը ամբողջական փլուզումէ փրկէին:
Հանրապետութեան նախագահը, իր երդմնակալութեան առիթով խօսած ճառին մէջ փրկարար խոստումներ տուաւ: Այդ խոստումներէն երկուքը, իրարու կապակցուած ու ամէն պետութեան համար բնական, հաստատումներ էին: Երկրին մէջ զէնք ունենալու մենաշնորհը ունի բանակը եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշման իրաւունքը կը պատկանի կառավարութեան: Այս երկու հաստատումներուն պարզեցուած թարգմանութիւնը կը նշանակէ. Հըզպալլան պէտք է զինաթափուի, եւ Լիբանան պէտք չէ մասնակցութիւն ունենայ ուրիշներու միջեւ մղուող պատերազմին:
Այս երկու նպատակները իրագործելու համար Լիբանան հաւանեցաւ ամերիկեան միջնորդութեամբ ուղղակի բանակցութիւններ կատարել Իսրայէլի հետ: Ինչպէս վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կ՛ըսէ, նպատակը Իսրայէլի հեռացումն է լիբանանեան հողերէն գաղթականներուն վերադարձը իրենց բնօրրանը եւ քանդուած գիւղերու եւ աւաններու վերաշինութիւնը: Իսրայէլ կը բանակցի, սակայն առաջին նիստերէն ետք որոշուած զինադուլը չի յարգեր եւ կը շարունակէ ոչ միայն գրաւուած պահել մեծ տարածութիւններ, այլեւ նոր գրաւումներ ու նոր քանդումներ կը կատարէ:
Որքա՞ն պիտի տեւէ խուլերու այս խօսակցութիւնը, ամերիկացիները դուրս պիտի գա՞ն կողմնակալ իրաւարարի իրենց դերէն, Հըզպալլան ի վերջոյ պիտի համոզո՞ւի, որ չի կրնար շարունակել «Լիբանանի պաշտպանի» կամաւորապէս ու ինքնուրոյն ստանձնած դերը, լիբանանեան բանակին պիտի հայթայթուի՞ն ինքնապաշտպանական զէնքեր, Լիբանանին պիտի արտօնուի՞ վերականգնելու ելեւմտական խաչմերուկի իր երբեմնի դերը, հարցեր ու հարցեր, որոնց պատասխանները արդարօրէն կը սպասեն անապահովութեան մէջ թաթխուած լիբանանցիները:
Լիբանանի կառավարութիւնը կը վստահեցնէ, որ հակառակ յաջորդական ձախողումներուն, վճռականօրէն տէր պիտի կանգնի Լիբանանի իրաւունքին եւ աներեր կեցուածքով իրականացնէ խաղաղութեան ծրագիրը, գրաւուած հողերու վերադարձը, գաղթականներու տունդարձը եւ վերաշինութիւնը: Տակաւին կը մնայ տնտեսական վերականգնումը, ելեւմտական բարդ հարցերու լուծումը, ջուրի, ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի այլ աղբիւրներու հայթայթումը, մէկ խօսքով` երկրին ամբողջական վերաշինութիւնը:
Խորհրդարանական լսումներու ընթացքին գործածուած հանդարտ ոճը ցոյց կու տայ, որ դրական բան մը յառաջացած է լիբանանեան երկնակամարին վրայ: Յաջողութիւն մաղթենք Լիբանանին բարին ցանկացողներուն:



