Newsletter

Խմբագրական.  Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը

Խմբագրական. Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը

Կառավարութեան կազմութեան առկախուած գործընթացը վերագործարկելու նախաձեռնութիւն կ՛առնէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Քաղաքական կեանքին մէջ առհասարակ գուցէ եզակի երեւոյթ է պարզուածը: Ըստ էութեան նշանակեալ վարչապետի գործառոյթն է, որ կ՛իրականացնէ մեկնող վարչապետը: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Մինչ այժմ ընթացած բանակցութիւնները, հանդիպումները չեն յանգած համաձայնութեան, եւ գործընթացը առկախուած է: Հիմա նոր նախաձեռնութեամբ հիմնականին մէջ միջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ հրաժարեալ վարչապետը: Եւ ասիկա Լիբանանին յատուկ երեւոյթ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն  Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է,  Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է, Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Արցախ կատարած այցելութեան բուռն արձագանգած են Ազրպէյճանի մէջ, ուր բողոքի ալիք բարձրացած է, եղած են բազում հրապարակումներ: Իսկ բուն այցելութիւնը բաւական յագեցած էր: Արդարեւ, պաշտօնական եւ կուսակցական տարբեր մակարդակներու վրայ քննարկուեցան ռազմաքաղաքական հարցերէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման ծրագիրներու գործարկումը, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` միջազգային հարթակներու վրայ, Արցախի շուրջ համազգային համախմբման ապահովումը: Այս առիթով «Երկիր...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները  Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այս օրերուն կը շարունակէ պայքարը` պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շարժումին մասնակիցները կը շարունակեն ամէն օր գիշերել հանրապետութեան հրապարակին վրայ` վրաններուն մէջ` նշելով, որ իրենց պայքարը կանգ պիտի չառնէ, քանի տակաւին մեր հայրենիքը դէպի կործանում տանող իշխանութիւնը չէ հեռացած: ՀՅԴ-ի անդամները այս պայքարի բովին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունին. կ՛ըսեն` լիայոյս են, որ այս անգամ եւս իրենց...

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ  Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 20 յունուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները` Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին: Հանդիպումի օրակարգին վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ յետպատերազմական իրադրութեան, շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան առնչուող հարցեր:...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը  Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի  Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին ընդհանուր գնահատականը պիտի կատարուի երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ պիտի քննուի «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապին ուղարկած յանձնարարութիւնը: Կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել: Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական...

«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն  Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան»  Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան

«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան

«Ազդակ»-ի 22-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցեց Պրիւսովի համալսարանի դասախօս, միջազգայնագէտ դոկտ. Արմէն Պետրոսեան: Լսարանին նիւթն էր` «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը կարեւոր նկատելէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձագիտական մարդուժի միացեալ քննարկումները, նիւթը կեդրոնացուց յատկապէս արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած...

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու  46-րդ Նախագահը

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Նախագահը

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի որ դարձաւ երկրի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ է: Քամալա Հարիս իր կարգին երդուելով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ ոչ սպիտակամորթ փոխնախագահը: Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Պարաք Օպաման, Ճորճ Ու.Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը: Մինչ նախկին...

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ  Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար  Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթուն թուիթըրեան գրառումով մը ոգեկոչած է յիշատակը պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին: Ան Տինքի սպանութեան համար մեղադրած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական որակուած կիւլենական շարժումը` ՖԵԹՕ-ն: «Հրանդ Տինքը մեր երկրի բարեխիղճ զաւակն էր, Անատոլուի քաջ սիրահարը: Անոր քրտինքը կը թափուէր այս հողերուն...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարի  Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս  Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը «անընդունելի է»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը: «Մեր երկրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին. ատիկա անընդունելի է», յայտարարած է Պլինքըն` պատասխանելով հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի` Անգարայի կողմէ...

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ  Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ  Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան  Հիւլէական Ծրագիրին»

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան Հիւլէական Ծրագիրին»

Իրան պիտի վերադառնայ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարման, եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն ապահովէ իր երկրին` համաձայնագիրին վերադարձը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան աղբիւրները: «Անոնցմէ, որոնք այսօր իշխանութիւն պիտի ստանան Սպիտակ տան մէջ, կ՛ակնկալենք վերադարձ օրէնքի իրագործման, պարտաւորութիւններուն ու ջանքերուն եւ, եթէ կարող են, ազատուիլ նախորդ չորս տարիներու բոլոր սեւ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի  Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի  Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան  Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի  Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»

Արցախ այցելութեան պաշտօնական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին հետ քննարկած ենք հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Քննարկուած հարցի առաջին խումբն առնչւում է Արցախի սահմանների պաշտպանութեանն ու ազգաբնակչութեան անվտանգութեան ապահովմանը, երկրորդը` Արցախի կարգավիճակին, երրորդ խումբը`...

Հայ Համայնքի Դիմումով Փաֆոսի  Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը  Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց

Հայ Համայնքի Դիմումով Փաֆոսի Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց

Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց Փաֆոսի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք, ընդառաջելով երկրի հայ համայնքի դիմումին, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկած են քաղաքի Թալէաթ Փաշա փողոցի անուանումը` զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութեան): «Մեր յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի փոփոխութեան հարցը, իր 14 յուլիս 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուաստացուցիչ նկատած էր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է:...

Տինքի Սպանութեան Գործով Զբաղող  Բոլոր Քննիչներն Ու Դատաւորները  Կը Ձերբակալուին

Հրանդ Տինքի Սպանութեան 14-րդ Տարելից. Կարօ Փայլան. «Կը Շարունակենք Պայքարիլ` Երազներդ Իրականացնելու Համար»

19 յունուարը կը զուգադիպի պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին: Այս տարի անոր սպանութեան 14-րդ տարելիցն է: Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարեց Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով: «14 տարի անցաւ Աղբարի՛կ... Շատ ջանք թափեցինք, սակայն չկրցանք պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք «սպաննե՛լ» ըսին: Այն խաւարը, որ քեզ խլեց...

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի  Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական  Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Երէկ շարունակուեցան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութեան պատրաստութիւնները` Ուաշինկթընի մէջ ապահովական մարմիններու մեծաթիւ ներկայութեամբ: Քափիթոլի ու մայրաքաղաքի կեդրոնի փողոցները փակուեցան հասարակութեան առջեւ եւ Ազգային պահակագունդի տասնեակ հազարաւոր անդամներ զօրակոչի ենթարկուեցան` ուժի հսկայական ցուցադրութեամբ մը: Նախկին երդման արարողութիւններէն խզում մը արձանագրելով արարողութեան առիթով կայանալիք ձեռնարկներու մեծամասնութիւնը արդէն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով նախատեսուած էր կատարել առցանց:...

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին.  «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք  Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր «Վանայ Ձայն»-էն տարեմուտի հարցազրոյցին ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ 2020 տարուան իրադարձութիւններուն` զայն կոչելով համբերութեամբ գոյատեւելու տարի: Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Թէեւ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բոլորս ուրախ էինք ժողովրդային շարժումով եւ յոյս ունէինք, որ ժողովուրդին արդար պահանջները լսելի կրնան դառնալ, սակայն դժբախտաբար անիկա...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ  Կրնայ Զարգացում Մը Արձանագրուիլ`  Հասսան Տիապի Ճիգերուն Շնորհիւ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Կրնայ Զարգացում Մը Արձանագրուիլ` Հասսան Տիապի Ճիգերուն Շնորհիւ

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի` փորձելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացում մը արձանագրել: Հասսան Տիար երէկ յետմիջօրէին այցելեց Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ երկիրը կարիքը ունի քաղաքական համախոհութեան, որ պէտք է գոյանայ խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերուն միջեւ: Ան նշեց, որ մարտահրաւէրներու կառավարութեան կազմութեան...

Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը  Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու

Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու

«Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի, եւ բոլոր ճիգերը կ՛ուղղուին այդ փակումը աւելի եւս երկարաձգելու ուղղութեամբ: Այս նպատակով «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տիրող ներկայ իրադարձութիւնները: Շտապի պետ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ երբ քաղաքացիներուն արտօնութիւն շնորհելու դրութիւնը ստեղծուեցաւ, կարգ մը հարցերու դէմ յանդիման գտնուեցանք, սակայն...

Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը Ընդունեց ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ ՀՅԴ Արցախի  Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

18 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանը: Կողմերը քննարկեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին համազգային նշանակութեան խնդիրներու շուրջ միտքերու փոխանակումն ու քննարկումներու ծաւալումը:

Քննարկում Արցախի Կարեւորագոյն  Խնդիրներուն Շուրջ

Քննարկում Արցախի Կարեւորագոյն Խնդիրներուն Շուրջ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրադրութեան, արցախահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ կապուած շարք մը հարցեր: Քննարկուած են նաեւ այս ուղղութիւններով միացեալ ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք իրագործելու ձեւերը: Ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ լուծման համար խիստ կարեւոր նկատուած է համահայկական ներուժի կեդրոնացումը...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ  Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Հայ Գերիներու Հարցը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Հարցերուն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 18 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ շարունակելով վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու շարքը` նախարարները անդրադարձած են շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման եւ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն: «9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի եռակողմանի յայտարարութիւններու կեանքի կոչման ծիրին մէջ...

Page 56 of 256 1 … 55 56 57 … 256