Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանի Մէկ Օր Աւելի Մնալը Կորուստ Է Մեր Երկրին Համար»
«Մեզմէ ոեւէ մէկը դէմ չէ արտահերթ ընտրութիւններուն: Ըստ էութեան, արտահերթ ընտրութիւնը մեր պահանջը եղած է», ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ հանդիպումին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան: Անոր համաձայն, այժմ Նիկոլ Փաշինեան վերցուցած ու իրենց պահանջը փոխած է իրենց դէմ, կ՛ըսէ, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները համաձայն չեն, որ երկրին մէջ արտահերթ ընտրութիւն ըլլայ:...



















