Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

January 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այս օրերուն կը շարունակէ պայքարը` պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շարժումին մասնակիցները կը շարունակեն ամէն օր գիշերել հանրապետութեան հրապարակին վրայ` վրաններուն մէջ` նշելով, որ իրենց պայքարը կանգ պիտի չառնէ, քանի տակաւին մեր հայրենիքը դէպի կործանում տանող իշխանութիւնը չէ հեռացած:

ՀՅԴ-ի անդամները այս պայքարի բովին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունին. կ՛ըսեն` լիայոյս են, որ այս անգամ եւս իրենց պայքարը յաջողութեամբ պիտի պսակուի, այս իշխանութիւնը պիտի հեռանայ, եւ վերջապէս` կարելիութիւն պիտի ըլլայ ձեւաւորելու նոր իշխանութիւն, որ պիտի  կարենայ մեր հայրենիքը դուրս բերել ստեղծուած ծանր ու դժուարին վիճակէն, լուծել այն ցաւոտ խնդիրները, որոնք ծառացած են մեր երկրին առջեւ:

«Հորիզոն»-ի թղթակիցը ամբողջ երեկոյ մը անցուցած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումին մասնակիցներուն կողքին` քանի մը ժամ ապրելով անոնց առօրեան:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան, որ յաճախ հրապարակին վրայ եւ գիշերը այդտեղ կ՛անցընէ, կ՛ըսէ` ինքն ու իր ընկերները պարբերաբար կ՛այցելեն շարժումի միւս ներկայացուցիչներուն, կը ծաւալեն հետաքրքրական քննարկումներ` երկրին ու ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն վերաբերեալ:

Դաշնակցական Ռուսլան Բարսեղեան կը նշէ, թէ հետեւելով քաղաքական գործընթացներուն` վստահաբար կրնայ ըսել` միջազգային հարթակներուն մանրադիտակով նայելով յստակ կը դառնայ, թէ այն պետութիւնները, որոնք Հայաստանի հետ այս կամ այն ձեւով կապուած են, հիմնականին մէջ բացասաբար կ՛արտայայտուին Փաշինեանին ու անոր վարչակարգին վերաբերեալ:

ՀՅԴ-ի անդամ Գագիկ Սարգսեանն ալ կը նշէ, թէ իրենց պայքարի ոգին կ՛օգնէ հաւատալ, որ շուտով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ  Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններէն:

 

Նախորդը

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է, Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.