Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան

January 21, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 22-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցեց Պրիւսովի համալսարանի դասախօս, միջազգայնագէտ դոկտ. Արմէն Պետրոսեան: Լսարանին նիւթն էր` «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը կարեւոր նկատելէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձագիտական մարդուժի միացեալ քննարկումները, նիւթը կեդրոնացուց յատկապէս արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ անոր ունեցած ազդեցութեան վրայ: Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան, Ազրպէյճանի յարձակողականութեան եւ ապակառուցողականութեան օրինակներուն մասին խօսելէ ետք, ան ներկայացուց յետպատերազմեան սահմանային փոփոխութիւնները եւ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ ֆիզիքապէս անվտանգութեան հարցերու զարգացման հաւանականութիւնը: Անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը ընդգծելով` դոկտ. Պետրոսեան խօսեցաւ բանակին հետ կապուած հարցերուն, ներհասարակական անհանդուրժողութեան մթնոլորտին, տեղեկատուական տագնապին, ժողովրդագրական ճգնաժամին եւ յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ գոյացած նոր հիմնահարցերուն մասին:

Արտաքին քաղաքականութեան առումով պատերազմէն ետք Ռուսիայէն յաւելեալ կախեալութիւնը, խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ Թուրքիոյ տեղակայումը Կովկաս, ապա` նախ Իրանի եւ յետոյ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն դուրս մղումը այս գործընթացներէն նոր իրադրութիւններ են, որոնք կրնան հետագային հետեւանքային ազդեցութիւն ունենալ մեր երկրի անվտանգային միջավայրին վրայ:

Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան ներկայացուց նաեւ միջինարեւելեան շրջանին հետ կապուած նորագոյն իրադարձութիւնները, այդ բոլորին մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ստանձնումով սպասուող որոշ փոփոխութիւններու հաւանականութիւնները:

Զեկուցումին յաջորդեց հարցում-տեսակէտի բաժին:

 

Նախորդը

Հաւաքական Աշխատանքով Եւ Կամքով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.