Շաբաթ, 27 փետրուարին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը:
Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Ճիշդ այս պահուն Կապանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակին վրայ եւս մեր հայրենակիցները կը հաւաքուին, կարելի է ըսել` զուգահեռ հանրահաւաք կը կատարենք Երեւանէն մինչեւ Սիւնեաց աշխարհ»:
Գեղամ Մանուկեան վանկարկեց` «Առանց թուրքի Հայաստան»: Ապա յիշեցուց բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը` նշելով, որ զինուորականները այդ յայտարարութիւնը նաեւ ըրած են ոչ հրապարակային, բայց լսող չէ եղած. «Եզակի դէպք է մեր պատմութեան մէջ կամ միակ դէպքն է, երբ ստեղծուած է վիճակ մը, որ ժողովուրդը ոտքի կանգնած է բանակի կողքին` ընդդէմ իշխող քաղաքական ուժի եւ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողին: Ասիկա պիտի ըլլայ վերջին դէպքը, որ իշխող ուժը դէմ դուրս կու գայ մեր երկրի անվտանգութեան երաշխաւորին, եւ որպէսզի ըլլայ վերջին դէպքը, մեր ժողովուրդը պէտք է ոտքի կանգնի մէկ պահանջով` առանց թուրքի Հայաստան»:
«Յարգելի՛ Օնիկ Գասպարեան, անգամ մը եւս կը դիմեմ քեզի, այս անգամ կ՛ըսեմ, կողքիդ եմ», յայտարարեց ազատամարտիկ Իկոր Սարգսեան:
Ապա դիմելով օրեր առաջ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն ազատ կացուցուած Տիրան Խաչատրեանին, յայտարարեց.
«Վստահ եղի՛ր, մենք կողքիդ ենք, մեր արիւնը մէկ է, ինչպէս ժամանակին` 30 տարի առաջ ուս-ուսի, արիւն թափեցինք, ընկերներ զոհուեցան, բայց կանգնեցանք, այսօր ալ կանգնած ենք ձեր կողքին: Մարտական ընկերներ, զօրավարներ, սպաներ, վստահ եղէ՛ք, ժողովուրդը ձեր կողքին է, մենք ձեր կողքին ենք նոյնիսկ կեանքի գնով»:
Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան ելոյթով դիմեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն` կոչ ուղղելով հեռացնելու Նիկոլ Փաշինեանը:
«Այդ պարտութիւնը պատրաստած են մանրամասն, քայլ առ քայլ», յայտարարեց վերլուծաբան, «Քառեակ մետիա»-ի համահիմնադիր Կարէն Բեքարեան:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Այսօր նորէն կը համոզուիմ` թրքական գործակալական շարասիւնը Հայաստանի մէջ կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը: Անձամբ Նիկոլ Փաշինեանն է պատասխանատուն պատերազմի եւ պարտութեան համար, քանի որ մերժեց մեր գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները, Մինսքի խմբակի ձեւաչափը, Ալիեւը ինք ըսաւ, որ Փաշինեանը նախաձեռնած է, որ երկուքը ծրագրեն Արցախի հարցին լուծումը, ան լուծեց պատերազմով եւ տարաւ դէպի պարտութիւն», աւելցնելով, որ ինչ որ կը տիրէ Հայաստանի մէջ ապիկար կառավարման արդիւնք է, որուն մասին կը խօսին նաեւ աշխարհի յառաջատար ուժերը, նոյնիսկ` թշնամիները:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ երբ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ պաշտօնէ ազատ պիտի կացուցեն բանակի ընդհանուր հրամանատարը, անիկա միայն մէկ մարդու աշխատանքէ ազատելու հարց չէր, այլ ուղղուած էր ամբողջ բանակին դէմ:
«Ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեան տակ ստորագրած էին բոլոր հրամանատարները, այսինքն` հարցը այսպէս էր` Նիկոլ Փաշինեան, դէմը` բանակ: Գործը հասաւ Հայաստանի նախագահին, ան կրնար ստորագրել ընդհանուր հրամանատարը ազատ կացուցելու փաստաթուղթը, ինչ որ կը նշանակէր` հարուածի տակ դնել ամբողջ բանակը: Սակայն նախագահը այդ փաստաթուղթը առարկութիւններով ետ ուղարկեց», յայտնեց Վազգէն Մանուկեան:
Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդը բանակի կողքին է, Հայաստանի նախագահը եւս կանգնեցաւ բանակի կողքին:
«Երկուշաբթի` ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, եւ կը մտածենք մեր յաջորդ քայլերուն մասին: Ես յոյս ունիմ, որ երկուշաբթի արդէն կը լսենք Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Ոստիկանութեան յայտարարութիւնները, որ անոնք նոյնպէս կը սատարեն բանակին»:
Հանրահաւաքի մասնակիցները Բաղրամեանէն քայլերթ կատարեցին Երեւանի փողոցներով: Անոնք երթը անուանեցին «Յաղթական երթ»:
Երթի մասնակիցները կոչ կ՛ուղղէին քաղաքացիներուն միանալու իրենց: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ: Անոնք կը վանկարկէին` «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ-բանակ-յաղթանակ», «Հայաստան»:
Քայլերթէն ետք քաղաքացիները վերադարձան Բաղրամեան պողոտայ:
«Նահանջ չկայ: Ինչպէս պայմանաւորուած էինք, այս հրապարակէն պիտի չհեռանանք, քանի դեռ գերագոյն գլխաւոր դաւաճանը եւ խեղկատակը` իր սրիկայ իշխանութեան հետ, կը գտնուին կառավարութեան շէնքին մէջ: Կրկին կոչ կ՛ուղղեմ մեր քաղաքացիներուն, եկէ՛ք միացէք մեզի: Միասին պիտի յաղթենք, սիրելի՛ հայրենակիցներ, պիտի հեռացնենք ասոնց, որպէսզի փրկենք մեր հայրենիքը: Պայքարը կը շարունակուի, ուստի մենք այսօր եւս պիտի գիշերենք Բաղրամեանի վրայ: Միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք շատ արագ հաւաքուելու», յայտարարեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իրենց հրամանատարներով ու անձնակազմերով միացած են ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեան:
Մտաւորականութիւնը`
Հայոց Բանակի Կողքին
Երէկ` 28 փետրուարին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին կողմէ նախաձեռնուած «Մտաւորականութիւնը կանգնած է Հայոց բանակի կողքին» խորագիրով հաւաքը: Հաւաքի ընթացքին ելոյթներ ունեցան շարք մը արուեստագէտներ, հնչեցին ազգային-ազատագրական երգեր:
Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեանի` «Երազ մի երկիր հայրենի» երգի կատարողութեամբ:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ մտաւորականներու մասնակցութեամբ յիշատակի եւ Հայոց բանակի զօրակցութեան հաւաքը ինքնաբուխ է, եւ ժողովուրդը ամօթալի յանձնուողական փաստաթուղթի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք ընդվզած է: «Երբ ձեւաւորուեցաւ հայրենիքի փրկութեան շարժումը, բազմաթիւ մտաւորականներ, ստեղծագործական միութիւններ, անհատներ, գիտական ու կրթական հաստատութիւններ, դասախօսներ առաջին շարքերուն վրայ էին: Անոնք դէմ էին 9 նոյեմբերին Հայաստանի անունով ստորագրուած փաստաթղթին եւ կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան, «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լարիսա Ալավերդեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ սումկայիթեան ողբերգութեան 33-րդ տարելիցին: Ան նշեց, որ Սումկայիթը զգուշացում էր ամբողջ հայութեան: