Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Մարտ 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր նախագահական նստավայրէն հրակապարկուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկի առանց ստորագրութեան եւ նախագահի նկատողութիւններով վերադարձնելուն:

Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«25 փետրուարի 2021-ին Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած էր Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկը` համապատասխան հրամանագիրի նախագիծով:

Առաջարկին առնչութեամբ հանրապետութեան նախագահը խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:

Հրամանագիրի նախագիծը ուսումնասիրուած է հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մէջ, ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է յառաջատար իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու  հետ:

Իրաւաբաններու եւ փորձագէտներու տեսակէտները ամփոփելով` կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագիրի նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան:

Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ հանրապետութեան նախագահը չի պաշտպաներ որեւէ քաղաքական ուժ եւ որոշումները կը կայացնէ` առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով:

Անվիճելի է, որ զինուած ուժերը քաղաքական հարցերուն մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն:

Ակնյայտ է նաեւ, որ պատերազմով պայմանաւորուած` զինուած ուժերի անձնակազմը այսօր աւելի քան երբեւէ բոլորիս աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիքը ունի: Բանակի եւ անձնակազմի խնդիրներու լուծումը առաջնային է եւ չի կրնար որեւէ պարագայի անտեսուիլ:

Ստեղծուած իրավիճակը աննախադէպ է, կը պահանջէ համակարգային եւ համապարփակ լուծումներ եւ չի կրնար լուծուիլ անձնակազմային  յաճախակի փոփոխութիւններով` առանց հաշուի առնելու երկրին մէջ առկայ վիճակը:

Կը յիշեցնենք, որ հրամանագիրի նախագիծը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած է զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի եւ գլխաւոր շտաբի աւելի քան չորս տասնեակ բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաներու յայտարարութենէն ետք, ռազմական դրութեան իրավիճակին մէջ, քաղաքական ճգնաժամի եւ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, իր սահմանադրական լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ, առարկութիւններով վերադարձուցած է հրամանագիրի նախագիծը:

Հանրապետութեան նախագահը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` երկիրը զերծ պահել սահմանադրական կարգին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէ, ապահովել երկրի կայունութիւնը եւ զինուած ուժերու բնականոն գործունէութիւնը»:

Նշենք, որ 27 փետրուարին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ նախագահ Սարգսեանին կրկին պիտի ուղարկէ գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու միջնորդութիւնը: Հայաստանի վարչապետը Դիմատետրի իր էջով, ուղիղ սփռումով յայտարարած է, որ 1 մարտին, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) հրաւիրած է հանրահաւաքի` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Նախորդը

«Մենք Բանակի Կողքին Ենք». Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաքը` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանը Ամբաստանեց Արցախի Շուրջ Եռակողմ Յայտարարութիւնը Ոտնահարելու Յանցանքով

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?