Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Առարկութիւններով Վերադարձուց Օննիկ Գասպարեանը Պաշտօնազրկելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Փետրուար 27, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց եւ առարկութիւններով վերադարձուց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ հրամանագիրի նախագիծը՝ զայն նկատելով Սահմանադրութեան հակասող։

Այս առնչութեամբ հրապարակուած նախագահական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 25 փետրուար 2021-ին նախագահին ներկայացուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնազրկելու վերաբերող առաջարկը` համապատասխան հրամանագիրի նախագծով:

«Առաջարկին գծով Հանրապետութեան նախագահը խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ: Հրամանագիրի նախագիծը ուսումնասիրուած է Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ, ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է առաջատար իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու հետ:

«Իրաւաբաններու եւ փորձագէտներու տեսակէտները ամփոփելով` կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագիրի նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան:

«Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Հանրապետութեան նախագահը չի պաշտպաներ որեւէ քաղաքական ուժի եւ որոշումները կու տայ` առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով:

«Անվիճելի է, որ զինուած ուժերը քաղաքական հարցերուն մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն: Ակնյայտ է նաեւ, որ պատերազմով պայմանաւորուած` զինուած ուժերու անձնակազմը այսօր աւելի քան երբեւէ բոլորիս աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիքը ունի: Բանակի եւ անձնակազմի խնդիրներու լուծումը առաջնային է եւ չի կրնար որեւէ պարագայի անտեսուիլ:

«Ստեղծուած իրավիճակը աննախադէպ է, կը պահանջէ համակարգային եւ համապարփակ լուծումներ եւ չի կրնար լուծուիլ քատրային յաճախակի փոփոխութիւններու միջոցով` առանց հաշուի առնելու երկրին մէջ առկայ վիճակը:

«Կը յիշեցնենք, որ հրամանագիրի նախագիծը Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած է զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին եւ ընդհանուր հրամանատարութեան աւելի քան չորս տասնեակ բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաներու յայտարարութենէն ետք, ռազմական դրութեան իրավիճակի մէջ, քաղաքական ճգնաժամի եւ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներու առկայութեան պայմաններու մէջ:

«Հանրապետութեան նախագահը, իր սահմանադրական լիազօրութիւններու ծիրին մէջ, առարկութիւններով վերադարձուցած է հրամանագիրի նախագիծը:

«Հանրապետութեան նախագահը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` երկիրը զերծ պահել սահմանադրական կարգին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէ, ապահովել երկրի կայունութիւնը եւ զինուած ուժերու բնականոն գործունէութիւնը», նշուեցաւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տարածած  հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Տիոկօ Ժոթա Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Յաջորդը

Մեր Կայմը Կանգուն Է Տակաւին

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?