Newsletter

Պատըր Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Տրամադրութեան  Տակ Դրաւ 10 Ֆետերասիոններու Յատկացուելիք  Նիւթական Օժանդակութիւն Մը

Պատըր Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Տրամադրութեան Տակ Դրաւ 10 Ֆետերասիոններու Յատկացուելիք Նիւթական Օժանդակութիւն Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Անսար» մարզական ակումբի նախագահ Նապիլ Պատըրը, ինչպէս նաեւ «Ահըտ» մարզական ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասին` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի: Պատըր շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` արտաքին մրցումներու մէջ լիբանանեան ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նկատմամբ իր խոստումին յանձնառու մնալուն համար: «Ինչպէս խոստացաւ, այդպէս ալ գործադրեց,...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կը Ձեռնարկէ Նոր Թէժ Գիծի Օգտագործման, Ձեռնտու` Բոլոր Բնակիչներուն

Երկրի հետզհետէ վատթարացող ապրուստի պայմաններուն դէմ դնելու եւ յարակից մարտահրաւէրներու յաղթահարման զօրակցելու փորձով մը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկեց իր շրջանի բնակիչներուն համար նորարար, յարմար եւ արդիւնաւէտ նոր թէժ գիծի ծառայութեան հաստատման: Թէժ գիծը ձեռնտու է «Ուաց-ափ» ծրագիրին միջոցով, հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն եռալեզու դրութեամբ: Թէժ գիծը ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան շրջանային հաւատարմագրային հիմնադրամին կողմէ` ընդառաջելով սուրիական ճգնաժամին, Եւրոպական Միութեան «Մատատ»...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Հանրահաւաք` Սեւան Քաղաքին Մէջ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք` Սեւան Քաղաքին Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 6 ապրիլ 2021-ին, Սեւան քաղաքի «Սուրէն Զաքարեան»-ի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ընդդիմադիրները նախապէս յայտարարեցին, որ մինչեւ 22 ապրիլ հանրապետութեան մարզերուն մէջ հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն իրենց կողմնակիցներուն հետ, ապա շարժումները պիտի վերսկսին մայրաքաղաքին մէջ: Առաջինը Սեւանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքն է: ՀՅԴ կամաւորական շարժում...

Կիրօ Մանոյեան. «9 Նոյեմբերէն Ետք Այս  Իշխանութիւններուն Լուրջ  Վերաբերող Պետութիւն Չկայ»

Կիրօ Մանոյեան. «9 Նոյեմբերէն Ետք Այս Իշխանութիւններուն Լուրջ Վերաբերող Պետութիւն Չկայ»

6 ապրիլ 2021-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմի առաջին օրերէն մինչեւ վերջ, նաեւ` 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի այս իշխանութիւններուն նկատմամբ ոչ մէկ պետութիւն լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերէ, որովհետեւ երբ իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ շրջանին մէջ որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած են, եւ իրենք...

Դատարանը Դադրեցուց Քոչարեանի, Խաչատուրովի,  Օհանեանի Եւ Գէորգեանի  Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը

Դատարանը Դադրեցուց Քոչարեանի, Խաչատուրովի, Օհանեանի Եւ Գէորգեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 6 ապրիլ 2021-ին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, յանցագործութեան դէպքի բացակայութեան հիմքով, դադրեցուց քրէական հետապնդումը քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածով, ամբաստանեալներ` Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, 2008-ին զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Եուրի Խաչատուրովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեանի նկատմամբ: Դատարանը որոշում տուաւ կրճատել անոնց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքներու մասով քրէական գործի...

Ուեհպէ. «Նախագահ Աուն Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Է Պաշշար Ասատի Հետ»

Ուեհպէ. «Նախագահ Աուն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Է Պաշշար Ասատի Հետ»

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծումին մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ սահմանային շրջանին մէջ նաւթի պեղումներուն մասին սուրիական-ռուսական համաձայնագիրէն օրինակ մը տակաւին չէ հասած իր մօտ: «Մենք Սուրիոյ դէմ յարձակում մղելու վիճակին մէջ չենք գտնուիր: Իսկ սահմանագծումի հարցը բարձր մակարդակով քննարկուած է` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Սուրիոյ նախագահ...

Հասան Քիճիանէն Ստանձնեց  50 Հազար «Սինոֆարմ» Պատուաստ

Հասան Քիճիանէն Ստանձնեց 50 Հազար «Սինոֆարմ» Պատուաստ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2296 վարակուածներ եւ 36 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ` հազարապետ-զօրավար Էլիաս Շամիէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնեցին Չինաստանի կառավարութեան կողմէ Լիբանանին նուիրուած 50 հազար «Սինոֆարմ» պատուաստները: Հասան շնորհաւորեց Չինաստանը ապահով եւ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ վերադասաւորելով իր դիւանը, երեքշաբթի, 16 մարտ 2021-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը փոխատենապետ ընտրեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ուստի, հաճեցէք նկատի ունենալ, որ Ազգային վարչութեանս ներկայ կազմը կը բաղկանայ. Ատենապետ` Րաֆֆի Սիսլեան Փոխատենապետ` Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Ատենադպիր` Րաֆֆի Կէօվօղլանեան Խորհրդականներ` Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան, Յակոբ Լուսարարեան, Արամ Գալինճեան, Ժաք Տէմիրճեան եւ մեթր Նազօ Անտէքեան: ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Յայտարարութիւն

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւն

Շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին Հայրենիքի փրկութեանը շարժումը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուցած են, թէ կը սկսին պայքարի նոր փուլ` մարզային հանդիպումներով եւ Հայաստանի տարբեր բնակավայրերուն մէջ հաւաքներ կազմակերպելով: Ստորեւ` յայտարարութեան ամբողջութիւնը. Մարտի 28-ին կայացած հանրահաւաքի ժամանակ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը յայտարարել է պայքարի նոր փուլի մեկնարկի մասին: Պայքարի հիմնական գործողութիւններն յառաջիկայ օրերին տեղափոխուելու են Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր: Արդէն յայտարարուել...

Ս. Յարութեան Տօնը Երեւանի Մէջ.  «Յարութիւնը Կայանում Է Միայն Հայրենեաց  Սիրոյ Շուրջ Համախմբումով»  Կ՛ըսէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Ս. Յարութեան Տօնը Երեւանի Մէջ. «Յարութիւնը Կայանում Է Միայն Հայրենեաց Սիրոյ Շուրջ Համախմբումով» Կ՛ըսէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

4 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը: Այս առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Սրբազան արարողութեան վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին մայր աթոռի լուսարարապետ Մուշեղ եպս. Բաբայեանն ու մայր աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Վազգէն եպս....

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք  Հաւատքի Ու Յոյսի»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք Հաւատքի Ու Յոյսի» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. խորանին վրայ ներկայ էին   Շահան արք. Սարգիսեան եւ   Մակար եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ: Օրուան իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը` անդրադառնալով Աստուծոյ...

Իտալիոյ Սան Վիթօ Տէյ Նորմաննի Քաղաքը  Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Իտալիոյ Սան Վիթօ Տէյ Նորմաննի Քաղաքը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամներուն` խորհուրդի անդամ Վինչենցօ Քալապրեթթի ներկայացուցած Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւը միաձայնութեան ընդունելու համար: «Բանաձեւին մէջ համայնքային խորհուրդը համերաշխութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, կը դատապարտէ ազրպէյճանական յարձակումը եւ Իտալիոյ իշխանութիւնները կը...

Ֆրանչիսկոս Պապը Ս. Յարութեան Տօնին  Ուղերձին Մէջ Անդրադարձած Է Արցախեան  Պատերազմի Ընթացքին Գերեվարուածներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը Ս. Յարութեան Տօնին Ուղերձին Մէջ Անդրադարձած Է Արցախեան Պատերազմի Ընթացքին Գերեվարուածներուն

Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Յարութեան տօնին առիթով իր տարեկան «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղերձի ընթացքին անդրադարձած է տագնապներու լուծման, շրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցավազքին ու համաճարակի դէմ պայքարին, խոցելի խումբերու, ընկերային պաշտպանութեան եւ երիտասարդութեան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Ֆրանչիսկոս պապը իր ուղերձին մէջ խօսած է գերեվարուածներու հարցին մասին` ընդգծելով. «Թող որ Ան (Աստուած) արտօնէ պատերազմի գերեվարուածներուն, յատկապէս, արեւելեան Ուքրանիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որպէսզի...

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը  Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Հանրութեան`  Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Հանրութեան` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

1-էն 2 ապրիլի լուսցող գիշերը ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց նախաձեռնութիւն մը «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանին դիմաց` նուիրուած Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 5-րդ տարելիցին: Միութեան անդամները ջահերով գրեցին «Recognize Artsakh», որով կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան` ճանչնալու Արցախի անկախութիւնն ու դատապարտելու ազրպէյճանական յարձակումներն ու բռնութիւնները, քանի որ անտարբերութիւնը նոր պատերազմներու պատճառ կը դառնայ: Այս առիթով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը 2 ապրիլին...

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով.  «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին այցելեց Պքերքէ, Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները յայտնելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտնած է իր շնորհաւորութիւնները, եւ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ սեւ փապուղիէն եւ յառաջիկայ տարի աւելի լաւ պայմաններ տիրեն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հիմնական իշխանութիւնը ժողովուրդին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ...

Ս. Զատկուան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Քրիստոսի Յաղթական Կեանքին Օրինակով  Պէտք Է Հասնինք Անմահական Կեանքի Պարգեւին»  Կ՛ըսէ Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Զատկուան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Յաղթական Կեանքին Օրինակով Պէտք Է Հասնինք Անմահական Կեանքի Պարգեւին» Կ՛ըսէ Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը, անդրադառնալով Քրիստոսի կեանքին, հաստատեց, որ ան անցաւ մահուան քովէն, սակայն վերադառնալու համար կեանքին իբրեւ յաղթութեան նշան եւ զօրութիւն: Առաջնորդ սրբազանը պատմական...

Քննարկումներ` Յառաջիկայ Քաղաքական Զարգացումներուն Շուրջ

Քննարկումներ` Յառաջիկայ Քաղաքական Զարգացումներուն Շուրջ

Երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին, ՀՅԴ ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են, քննարկած յառաջիկայ ընելիքները, աշխատանքները: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: «Այսօր Հայաստանի, Արցախի, յառաջիկայ  զարգացումներուն մասին կարեւոր քննարկումներ ունեցանք, խօսեցանք նաեւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին», գրած է ան:

Այվազեան-Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Այվազեան-Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն-կողմերը քննարկեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական...

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Փոխվարչապետները Անդրադարձած Են Եռակողմանի Աշխատանքային Խումբի Գործունէութեան Առնչուող Հարցերու

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Փոխվարչապետները Անդրադարձած Են Եռակողմանի Աշխատանքային Խումբի Գործունէութեան Առնչուող Հարցերու

Երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի հանդիպումը: Այս մասին նշուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի բնակիչներուն ուղղուած մարդասիրական աջակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները: Ըստ հաղորդագրութեան, անդրադարձ...

Page 33 of 256 1 … 32 33 34 … 256