«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 6 ապրիլ 2021-ին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, յանցագործութեան դէպքի բացակայութեան հիմքով, դադրեցուց քրէական հետապնդումը քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածով, ամբաստանեալներ` Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, 2008-ին զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Եուրի Խաչատուրովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեանի նկատմամբ:
Դատարանը որոշում տուաւ կրճատել անոնց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքներու մասով քրէական գործի վարոյթը: Դատարանը յայտարարեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանը, Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը, Արմէն Գէորգեանը արդարացուած են: Որոշումը կարելի է բողոքարկել Վերաքննիչ դատարանին մօտ:
Դատախազութիւնը այլ դիմում ներկայացուց Սահմանադրական դատարանին` միջնորդելով կասեցնել գործի վարոյթը: