Newsletter

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ  Պատուաստ Արտադրելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստ Արտադրելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Հուպալլա ընդգծեց իրաւական հաշուեքննութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին սկսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքը պիտի քանդէ Լիբանանի կարողութիւնները եւ երկիրը պիտի առաջնորդէ այնպիսի վայրեր, ուր կացութիւնը անհանդուրժելի կրնայ դառնալ: Հուպալլա...

Զաքի. «Լիբանան Այցելութեանս  Նպատակը Կարելի Չեղաւ Իրականացնել»

Զաքի. «Լիբանան Այցելութեանս Նպատակը Կարելի Չեղաւ Իրականացնել»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի երէկ շարունակեց լիբանանցի ղեկավարներուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին ան շարունակեց ընդգծել Արաբական լիկային պատրաստակամութիւնը զօրակցելու Լիբանանին: Զաքի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները: Ան նկատել տուաւ, որ չէզոքութեան մասին Ռայի պատրիարքին կեցուածքները կը համընկնին Արաբական լիկայի կեցուածքներուն` նկատի...

Կամք-Երեսփոխանական Գրասենեակ.   Դեղերու Յանձնում` Դարմանատուներու

Կամք-Երեսփոխանական Գրասենեակ. Դեղերու Յանձնում` Դարմանատուներու

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն դեղերու կարիքի բարձրացման ի տես, Երեսփոխանական գրասենեակը յաջողեցաւ ապահովել մեծ քանակութեամբ դեղորայք, որոնք անհրաժեշտ են ներկայիս տարածուած հիւանդութեանց դարմանման համար: Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի աշխատանքներու ծիրին մէջ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեանի, այցելեց «Ճինիշեան» կեդրոն եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, ուր, հանդիպում ունենալէ ետք տուեալ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ, Երեսփոխանական գրասենեակին յատկացուած դեղորայքը ԿԱՄՔ-ի...

«Դէպի Հայրենիք Եւ Դէպի Սփիւռք Մտահոգութիւնները  Հաւասարակշռելը Հրամայական Է.  Նոր Յարացոյցի Որդեգրումը Անհրաժեշտ Է»  Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հայկ Օշական

«Դէպի Հայրենիք Եւ Դէպի Սփիւռք Մտահոգութիւնները Հաւասարակշռելը Հրամայական Է. Նոր Յարացոյցի Որդեգրումը Անհրաժեշտ Է» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հայկ Օշական

Երէկ` ուրբաթ, 9 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 27-րդ առցանց լսարանը: Դասախօսն էր փրոֆ. Հայկ Օշական: Նիւթ` «Սփիւռք. ինքնութիւն եւ վերադարձ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Օշական նախ յստակացուց, որ դասախօսութիւնը ակադեմականէն աւելի մտահոգութիւններու տեսական-դիտական  ներկայացում մըն է այսօրուան սփիւռքեան իրավիճակին: Ան հաստատեց, որ սփիւռքի դէպի հայրենիք վերադարձ չկայ` նկատի ունենալով թուային պատկերը եւ սփիւռքեան ժամանակի...

Ակնարկ.  Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ  Եւ Բարեկարգումներ

Ակնարկ. Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ Եւ Բարեկարգումներ

Վիեննայի հանդիպումները` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերսկսումը նախապատրաստելու առումով, տակաւին բեկումնային փուլ նկատուելէ հեռու են: Ուաշինկթըն առաջին անգամը չէ որ իր կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանին կ՛առաջարկէ վերադառնալ բանակցային սեղան: Խնդիրը այն է, որ բանակցային սեղան նստելու առաջարկը կը կատարուի պատժամիջոցային քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Հետեւաբար այստեղ տրամաբանօրէն աւելի պարզ կը դառնայ Թեհրանի նախապայմանը` պատժամիջոցները նախ պէտք է վերացնել, ապա նստիլ բանակցային սեղան: Առաջադրուած...

Գերիներու Նախատեսուած Վերադարձը  «Կրկին Յետաձգուեցաւ».   Օդանաւը Պաքուէն Երեւան Հասաւ Դատարկ

Գերիներու Նախատեսուած Վերադարձը «Կրկին Յետաձգուեցաւ». Օդանաւը Պաքուէն Երեւան Հասաւ Դատարկ

Երէկ` 8 ապրիլին հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւը Պաքուէն Երեւան հասած է դատարկ: Աւելի կանուխ, հաստատ լուրը պարզուելէ առաջ, «Ֆաքթոր» կայքին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբեր Մանէ Գէորգեան հաստատած էր, որ հայ ռազմագերիներու նոր խումբ մը կը վերադառնայ Երեւան, իսկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը եւ Հանրային պատկերասփիւռի կայանը ուղիղ հեռարձակում կը կատարէին «Էրեբունի» օդակայանէն, ուր հաւաքուած էին գերիներու...

Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի  հետ: Զրուցակիցները շարունակած են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին եւ անոր հետագայ կայունացման մասին` համապատասխան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն: Յատկապէս, առարկայական դիտարկուած են խաղաղութեան ապահովման, անվտանգութեան եւ շրջանի ընկերային-տնտեսական աստիճանական զարգացման հարցերը, ինչպէս...

Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը  Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը  Եւ Դատապարտած Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Բաց Նամակով Կոչ Ուղղած Է Վարչապետին` Պաշտօնապէս Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը տեղւոյն հայկական համայնքին անունով բաց նամակ յղած է վարչապետ Սքոթ Մորիսընին` կոչ ուղղելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու ու յոյներու դէմ իրականացած ցեղասպանութիւնը: Յանձնախումբը յորդորած է վարչապետին` հաւատարիմ մնալ տակաւին 2011-ին խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին, որուն մէջ ան յատկապէս յայտարարած էր. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացած ամէնէն սարսափելի...

«Վառնաւա» Հիմնադրամը Բրիտանիոյ Վարչապետին  Կոչ Ուղղած Է Պաշտօնապէս Ճանչնալու  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Վառնաւա» Հիմնադրամը Բրիտանիոյ Վարչապետին Կոչ Ուղղած Է Պաշտօնապէս Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Վառնաւա» միջազգային հիմնադրամի ղեկավար Փաթրիք Սուքխտէոն նամակ գրած է Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընին` կոչ ուղղելով պաշտօնապէս ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով զոհուած է 3,75 միլիոն քրիստոնեայ` հայեր, ասորիներ, սուրիացիներ եւ յոյներ: «Քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի օգնէ կանխարգիլել ապագայ ցեղասպանութիւնները քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս հայերուն, որոնք այժմ նոյնպէս վտանգի տակ են», կը նշուի նամակին մէջ: «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ...

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Նպատակով  Արաբական Լիկային Կողմէ  Որեւէ Նախաձեռնութիւն Ողջունելի Է»   Հաստատեց Նախագահ Աուն

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Նպատակով Արաբական Լիկային Կողմէ Որեւէ Նախաձեռնութիւն Ողջունելի Է» Հաստատեց Նախագահ Աուն

Հուսամ Զաքի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ դեսպան Հուսամ Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման նպատակով Արաբական լիկայի որեւէ նախաձեռնութիւն ողջունելի է: «Արաբական լիկային կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը յարգելի է, իսկ Լիբանան` իբրեւ Արաբական լիկայի հիմնադիր...

Նաքուրայի Մէջ.   Տել Քոլ Նախագահեց  Եռակողմանի Նիստին

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը, իսրայէլեան ուժերուն գործած ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ...

Հասան Քանաանի Հետ Քննարկեց Մեթնի Մէջ  «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Դարմանատուներ  Պատրաստելու Կարեւորութիւնը

Հասան Քանաանի Հետ Քննարկեց Մեթնի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Դարմանատուներ Պատրաստելու Կարեւորութիւնը

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3510 վարակուածներ եւ 37 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Տահըր Պաշեք հիւանդանոցին վստահուած պարտականութիւնները եւ հիւանդանոցին կարիքները, յատկապէս բժշկական սարքերու իմաստով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Մեթնի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող դարմանատուներ...

Առողջապահական Եւ Երկրագործական Նիւթերու  Յատկացումներ` Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի

Առողջապահական Եւ Երկրագործական Նիւթերու Յատկացումներ` Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի

Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-«Կամք»-ի շարունակուող աշխատանքներուն ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ջանքերով կարելի եղաւ առողջապահութեան նախարարութենէն ապահովել «Քորոնա» ժահրի քննութեան 1700 rapid Covid antibody test-ի միաւոր, որոնք բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով. - 500 միաւոր` ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին: - 1200 միաւոր` «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան: Նոյն ձեւով, երկրագործութեան նախարարութեան մօտ յատուկ միջամտութեամբ կարելի եղաւ ապահովել Այնճարի ազգապատկան պարտէզներուն համար մեծ քանակութեամբ...

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

Յայտարարութիւն

Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախաձեռնութիւններու նախօրեակին, թրքական ու թրքամէտ շրջանակներ թափ կու տան իրենց քարոզչաքաղաքական արշաւին` շրջանառութեան մէջ դնելով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կարծեցեալ բարեկամութեան այժմէականութեան, անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու, աշխարհագրական ու հոգեմտաւոր սահմանները բանալու ու տարածաշրջանին մէջ գործակցութեան արգելքները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր: Թուրքիոյ պետական այրեր, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, վերլուծական կեդրոններ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր թերթեր...

Ոստիկանութիւնը Բերման Կ՛ենթարկէ  Իշխանութեան Դէմ Բողոքող Կիները

Ոստիկանութիւնը Բերման Կ՛ենթարկէ Իշխանութեան Դէմ Բողոքող Կիները

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլին, «Վետօ» հասարակական–քաղաքական շարժման նախաձեռնութեամբ, Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով եւ ի բողոք Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած յանձնուողական քաղաքականութեան, կիներու քայլերթ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակէն դէպի կառավարութեան շէնք: Մասնակից կիները կառավարութեան շէնքին մօտ վէճի բռնուեցան ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններուն հետ: Բողոքի շարժում կատարող կիներէն ոմանք բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան բաժին: Աւելի ուշ բոլոր կիները ազատ արձակուեցան: Բողոքի շարժումին...

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում`  Մոսկուայի Մէջ

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլ 2021-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ռուսիա եւ Քրեմլինի մէջ հանդիպում ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար` աւելցնելով, որ...

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պիտի Հասնինք  Մեր Ուզած Իրաւական Պետութեան Կերտման»

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պիտի Հասնինք Մեր Ուզած Իրաւական Պետութեան Կերտման»

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլ 2021-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ դատաքննութիւն, ուր քննարկուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանին ներկայացուցած բողոքը Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, ոստիկանութեան աշխատակիցներուն, Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետին դէմ` 28 դեկտեմբեր 2020-ին խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկուած բռնութիւններուն եւ այլ ապօրինութիւններու վերաբերեալ: Դատաքննութեան ընթացքին Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ տուեալ կառոյցներու...

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իրաւական  Հաշուեքննութիւնը Ձախողի  Կամ Երկիրը Քանդուի»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Ձախողի Կամ Երկիրը Քանդուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն լիբանանցիներուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ օր մը առաջ կատարուած ժողովի մը, որուն մասնակցած են ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Կեդրոնական դրամատունն ու «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութիւնը, որ իրաւական հաշուեքննութեան պիտի ենթարկէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները: «Ժողովը աւարտեցաւ առանց շօշափելի արդիւնքներու եւ որոշուեցաւ այլ ժողով մը գումարել...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Զուիցերիոյ  Ներկայացուցած Օժանդակութիւնը Լիբանանին

Նախագահ Աուն Դրուատեց Զուիցերիոյ Ներկայացուցած Օժանդակութիւնը Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնազիօ Տանիէլ Ճիովանի Քասիսը, որուն կ՛ընկերակցէր զուիցերիացի երեսփոխաններու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին Քասիս յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է հսկել մարդասիրական այն ծրագիրներուն, որոնք Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ կը գործադրուին Լիբանանի մէջ, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ  Պաշտպանելու Քաղաքացիներուն Եւ Պետութեան  Նաւթի Ու Բնական Կազի Հարստութեան Իրաւունքները

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Քաղաքացիներուն Եւ Պետութեան Նաւթի Ու Բնական Կազի Հարստութեան Իրաւունքները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանի փրկութեան ու գերիշխանութեան եւ ազատ որոշումին վերահաստատումին համար անոր սկսած շարժումին, եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր լիբանանցիներուն առկայ բոլոր միջոցներով զօրակցելու այդ շարժումին: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց,...

Page 32 of 256 1 … 31 32 33 … 256