Իտալիոյ Սան Վիթօ Տէյ Նորմաննի Քաղաքը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը
Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյ Նորմաննի քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամներուն` խորհուրդի անդամ Վինչենցօ Քալապրեթթի ներկայացուցած Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւը միաձայնութեան ընդունելու համար:
«Բանաձեւին մէջ համայնքային խորհուրդը համերաշխութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, կը դատապարտէ ազրպէյճանական յարձակումը եւ Իտալիոյ իշխանութիւնները կը յորդորէ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը»:
Share This Article