Երկրի հետզհետէ վատթարացող ապրուստի պայմաններուն դէմ դնելու եւ յարակից մարտահրաւէրներու յաղթահարման զօրակցելու փորձով մը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկեց իր շրջանի բնակիչներուն համար նորարար, յարմար եւ արդիւնաւէտ նոր թէժ գիծի ծառայութեան հաստատման:
Թէժ գիծը ձեռնտու է «Ուաց-ափ» ծրագիրին միջոցով, հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն եռալեզու դրութեամբ: Թէժ գիծը ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան շրջանային հաւատարմագրային հիմնադրամին կողմէ` ընդառաջելով սուրիական ճգնաժամին, Եւրոպական Միութեան «Մատատ» հիմնադրամին եւ իրականացուելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:
Այս նախաձեռնութիւնը կ՛օժտուի Քաղաքապետական կարողականութեան (the Municipal Empowerment and Resilience Project (MERP) արհեստագիտական զօրակցութեամբ, որ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միացեալ նախաձեռնութիւնն է:
Աննախընթաց մարտահրաւէրներու այս օրերուն, ինչպէս` սուրիացի տեղահանուածներու եւ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ու առողջապահական տագնապներու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի աւերիչ պայթումին հետեւանքները, այս թէժ գիծին միջոցով տրամադրուող ծառայութիւններէն պիտի կարենան օգտուիլ Պուրճ Համուտի բոլոր ազգութիւններու եւ պատկանելիութիւններու բնակիչները: Իբրեւ նախաքայլ, քաղաքապետութիւնը պիտի ընդառաջէ հետեւեալ հիմնական երեք ծառայութիւններուն.- 1) «Քովիտ-19»-ի առնչուող հարցերու, 2) Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած բնակարաններու նորոգութեան եւ 3) Պատկան միութիւններու կողմէ յատուկ խնամքի կարօտ պարագաներու զօրակցութեան ծառայութիւնը:
«Այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ընդառաջելու մարդկային ծրագիրի մը, որ շատոնց պէտք է իրագործուէր, սակայն քաղաքապետութիւնը դժբախտաբար չունէր անհրաժեշտ միջոցները», յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին եւ զօրակցեցան այս թէժ գիծի յաջող իրագործումին:
«Թէժ գիծը հաստատուեցաւ գերզգայուն պահու մը, եւ ես կը քաջալերեմ Պուրճ Համուտի բնակիչները, որ փութան օգտագործելու այս գիծը` օգտուելու համար անոր տրամադրելիք առողջապահական ու ընկերային զօրակցութենէն», աւելցուց քաղաքապետ Պօղոսեան:
Իսկ Եւրոպական Միութեան Լիբանանի յատուկ պատուիրակութեան Տնտեսութեան եւ տեղական բարգաւաճման բաժանմունքի նախագահ Խոսէ Լուի Վինոզա Սանթամարիա ըսաւ. «Այս նախաձեռնութիւնը, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կարելի պիտի դարձնէ տեղեկութեանց հասանելիութիւնը եւ օժանդակութեանց յատկացման դիւրացումը, յատկապէս` յատուկ խնամքի կարօտ պարագաներուն»:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել.
Ալին Քիուան` տեղեկատուութեանց եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի պատասխանատու. aline.kiwan@un.org, բջիջային հեռախօս` 03-294070:
Եթէ կ՛ուզէք իմանալ.
– Քովիտ 19»-ի մասին լուսաբանութիւններու գծով,
– Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասներու նորոգութեան գծով,
– Հոգատար միութիւններու կողմէ յատուկ խնամքի կարօտ պարագաներու օժանդակութեան գծով,
Այս բոլորի մասին մենք պատրաստ ենք օգնելու ձեզի:
Դիմեցէ՛ք մեր թէժ գիծին:
Մեր թէժ գիծին կրնաք կապուիլ «Ուաթս-ափ»-ի 71 800 177 համարով: