Newsletter

Մոմավառութիւն` Սպիտակ Տան Դիմաց

Մոմավառութիւն` Սպիտակ Տան Դիմաց

«Պարո՛ն Թրամփ, ճանչցի՛ր Ցեղասպանութիւնը»: Հայ երիտասարդները  այս կոչը ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու մոմավառութիւն կատարած Սպիտակ տան դիմաց: Հաւաքի  մասնակիցներուն մէջ եղած են նաեւ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի անդամներ, սկաուտներ: Բացի Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող ու Միացեալ Նահանգներէն ճանաչում պահանջող ելոյթներէ, հաւաքին  մասնակիցները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են ամերիկեան այն նահանգներուն, որոնք ներդրում ունեցած են Ցեղասպանութենէն տուժած հայ ժողովուրդին օգնելու...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ Ուսանողի Ֆոնտը 258 Ուսանողի Յատկացում Կատարեց

ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը, 19 մարտէն սկսեալ կատարեց 2018-2019 տարեշրջանի համալսարանի կրթաթոշակի օժանդակութեան յատկացումները, Երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ներկայ տարեշրջանին 258 ուսանողներ արժանացան Հայ ուսանողի ֆոնտի օժանդակութեան: Ուսանողները, որոնք աւարտած են հայկական վարժարաններ, կը յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող 18 համալսարաններ: Յիշենք, որ նախորդ տարեշրջանին, 152 ուսանողներ օգտուած...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

«Գանձասար» տեղեկացաւ, որ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեան 2017-էն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ( 21 Փետրուար եւ 20 Սեպտեմբեր 2017) Սուրիոյ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին իր ելոյթներով պահանջած էր Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան Կայսրութեան գործած ոճիրներուն հետեւանքները Սուրիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը ներկայացնող հատուածներ: Ան այս պահանջով...

Դիւանագիտական Միջադէպ`  Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Դիւանագիտական Միջադէպ` Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի` դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական յարձակողական եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` պատկերասփիւռային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է... Նշենք, որ ուրբաթ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Ազգային Օր Հռչակող Հրամանագիրի Ստորագրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ, 13 ապրիլին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Ֆրանսայի մէջ ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակող հրամանագիրի ստորագրումը: Մարմինը յիշեցուց, որ նախագահ Մաքրոն այդ առնչութեամբ ընտրական խոստում մը տուած էր 2017-ին, ապա զայն վերահաստատած քանի մը առիթներով, որոնց վերջինը այս տարուան...

Արթուր Մկրտչեանի Մահուան  27-րդ Տարելիցի Նշում

Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 27-րդ Տարելիցի Նշում

  14 ապրիլին կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 27-րդ տարին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին անոր շիրիմը այցելած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, Արթուր Մկրտչեանի հարազատները: Արթուր Մկրտչեան Արցախը ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, սակայն իր քաղաքական...

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Հանդիպում Ունեցած Են

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարները Հանդիպում Ունեցած Են

13 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի  արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու եւ հանդիպումներու պարբերականութիւնը, որ կը նպաստէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ երկխօսութեան եւ բազմաոլորտ համագործակցութեան ամրապնդման: Արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ` 15 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընդառաջ: Զոհրապ Մնացականեան...

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելած Է  Հիւսիսարեւելեան Սահմանագօտի

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելած Է Հիւսիսարեւելեան Սահմանագօտի

13 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութեամբ եղած է հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին մէջ: Պաշտպանութեան նախարարը շրջած է մարտական յենակէտերուն մէջ, եղած է այն ուղղութիւններուն վրայ, ուր կը դիտարկուի Արծուաշենը: Դաւիթ Տօնոյեանին զեկուցուած է սահմանագօտիի իրավիճակին, մարտական հերթապահութեան պայմաններուն, առաջնագիծին վրայ իրականացած ճարտարապետական եւ ամրաշինական աշխատանքներու մասին: Պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է դիրքապահ զինուորներու հետ, խրախուսած մարտական հերթապահութեան ընթացքին...

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ  Իր Ժողովուրդով

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ Իր Ժողովուրդով

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով: Այս տարի եւս, Անթիլիասի մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով եւ հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, որ հաւատացեալները կը պատրաստէ Աւագ շաբթուան` հասնելու Ս....

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ»  Պատանեկան Երգչախումբին.  Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական  Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի: Համերգը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Այնուհետեւ «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը մեկնաբանեցին...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ  Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած  «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու: Օրհնութեան կարգէն ետք, սրբազան...

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու  Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

Թրիփոլիի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն նախօրեակին, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ: Հարիրի այցելեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի բնակարանը, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններու Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածու Տիմա Ժամալի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ: Վարչապետ Հարիրի Ռիֆիի բնակարանէն յայտարարեց, որ արիւնը ջուրի չի վերածուիր` հաստատելով,...

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ  Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս  Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը 10 ապրիլին ընդունած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր  միջազգային հնչեղութիւն տալ Հայոց ցեղասպանութեան: Այս բանաձեւը որոշ շփոթի առարկայ  դարձած էր, քանի որ 2000-ին  Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Շանթնիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ տարակարծութիւններուն եւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց բանաձեւէն: «Իտալիոյ խորհրդարանը,...

Ցեղասպանութեան  Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ 9 ապրիլին, Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքին մէջ` իբրեւ կիզակէտ ունենալով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին նոր ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերը: Արդարեւ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս խօսեցան բանաձեւին պատրաստութեան եւ ցարդ անոր...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը գործադրուած խոստումն է հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, զոր տուած էր հայ համայնքին` տարի մը առաջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին: Այս հրամանագիրին հիմամբ, այսուհետեւ 24 ապրիլը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին կը նկատուի պաշտօնական տօն եւ մաս կը կազմէ կառավարութեան պաշտօնական...

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք Է  Քննարկման Առարկայ Դարձնել  Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ»  Կ՛ըսէ Փայլան

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք Է Քննարկման Առարկայ Դարձնել Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ» Կ՛ըսէ Փայլան

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան արձագանգած է Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատին կողմէ երկրի կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղող բանաձեւի որդեգրման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու մասին հրամանագիրի ստորագրման: «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պէտք է վերցնել Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու խորհրդարաններու օրակարգէն եւ քննարկումի առարկայ դարձնել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ,...

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Կը Մերժէ  Արտասանել Ցեղասպանութիւն Եզրը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Կը Մերժէ Արտասանել Ցեղասպանութիւն Եզրը

Ամերիկացի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ երկրի Ծերակոյտի միջազգային հարցերու յանձնախումբին մէջ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տէյվիտ Մայքըլ Սաթըրֆիլտի հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը: Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Մենենտեզ յայտարարած է, թէ հիասթափուած է Սաթըրֆիլտի` իրեն հետ հանդիպումը ջնջելու որոշումէն: Ճիշդ այս պատճառով ալ...

«Հայ Մամուլի Տարի».  Հսկումի Ժամերգութիւն  Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն`  Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ  Մշակներու Հոգիներուն Համար

«Հայ Մամուլի Տարի». Հսկումի Ժամերգութիւն Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ Մշակներու Հոգիներուն Համար

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար: «Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը», ըսաւ սրբազան հայրը իր պատգամի սկզբնաւորութեան` աւելցնելով, որ Մեծ պահքի այս վերջին ժամերգութեան ընթացքին,...

Լիբանանեան – Հայկական Բարեկամութեան  Յուշակոթողի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանեան – Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողի Պաշտօնական Բացում

Երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ ու Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշի եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանի մասնակցութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին, որուն հեղինակն է Աղասի Պօղոս Թասլաքեան: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Յակոբ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Յակոբ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Պաթումի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգին մէջ Յակոբ Մկրտչեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 2018-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, Նանճինկ-2014-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերու ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան երկամարտի ընթացքին ապահովեց ընդամէնը 371 քկ (Եւրոպայի մրցանիշ) եւ մէկ քկ-ով գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւած վրացի Ռեւազ Տաւիտածէին: Նոյն դասակարգին մէջ, 2017-ին Եւրոպայի երիտասարդական փոխախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Յովհաննիսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին...

Page 237 of 256 1 … 236 237 238 … 256