Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

April 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ 9 ապրիլին, Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքին մէջ` իբրեւ կիզակէտ ունենալով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին նոր ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերը:

Արդարեւ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս խօսեցան բանաձեւին պատրաստութեան եւ ցարդ անոր զօրակցող 76 հովանաւորներուն աջակցութիւնը ապահովելու երկկուսակցական աշխատանքին մասին: Նշուեցաւ նաեւ, որ նոյն օրը ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ Ծերակոյտին ներկայացուցին վերոյիշեալ բանաձեւին մէկ տարբերակը, 14 այլ ծերակուտականներու աջակցութեամբ:

Ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւեր ներկայացնողներուն եւ անոնց հովանաւորներուն, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին:

Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Կաս Պիլիրաքիս, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա, Թի. Ճէյ. Քոքս, Ճաշ Կաթիմըր, Ռաժա Քրիշնամութի, Պրետ Շնայտըր, Պրետ Շըրմըն եւ Փ. Վիսքլոսքի:

Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Քոնկրեսի անձնակազմի երկարամեայ անդամներէն Էլիս Քենտէրեան-Արընսըն, իսկ քոնկրեսականներուն կողքին ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին` Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ եւ Քոնկրեսի Հայ պաշտօնեաներու միութեան համաատենապետ Մարիա Մարտիրոսեան: Ներկայ էր նաեւ Մերիլընտի նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորիկ Չարխտեան:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.