Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

Ապրիլ 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» տեղեկացաւ, որ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեան 2017-էն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ( 21 Փետրուար եւ 20 Սեպտեմբեր 2017) Սուրիոյ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին իր ելոյթներով պահանջած էր Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան Կայսրութեան գործած ոճիրներուն հետեւանքները Սուրիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը ներկայացնող հատուածներ: Ան այս պահանջով դիմած էր նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան «Ուսումնական Ծրագրերու Վերամշակման Ազգային Կեդրոն»:

Այնուհետեւ մասնագէտներու հետ երկարատեւ նիստերէ եւ քննարկումներէ, ինչպէս նաեւ 31 Յունուար 2019-ին Սուրիոյ մէջ պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման առիթով տեղի ունեցած յատուկ սեմինարին Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի արծարծումէն ետք, կեդրոնը վաւերացուց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական դասարաններու՝ պաքալորիայի, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող նիւթեր:

20-րդ դարուն սկիզբը հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած սպանդները նկատի ունենալով, պատմութեան վերամշակուած դասագիրքին «Քաղաքական Տեղաշարժեր» բաժինի «Քաղաքակրթական Միասնութիւն» գլխուն տակ կը յիշուի, որ որեւէ երկրի քաղաքակրթութեան բազմազանութիւնն ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու ներդաշնակութիւնը անոր ընկերութեան ամրապնդման կը նպաստեն։ Ապա կը ներկայացուի Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն («Իթթիհաթ վէ Թարաքքի») կուսակցութեան վարած կամայական քաղաքականութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի փոքրամասնութիւններուն դէմ, ինչպէս նաեւ 1915-ին իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդին դէպի Սուրիա տարագրութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը սուրիական աղբիւրներու տեսանկիւնէն ներկայացնելու համար՝ դասագիրքի վերոնշեալ հատուածին մէջ կը մէջբերուին սուրիացի պատմաբան Մուհամմէտ Քըրտ Ալիի վկայութիւնները:

Ապա ակնարկութիւն կը կատարուի հայերուն, որպէս Սուրիոյ քաղաքացիներ, երկրի մշակութային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներուն բերած ներդրումին եւ 1928-էն ի վեր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս մշտական ներկայութեան։

Սուրիոյ կրթական ծրագիրին մէջ կատարուած այս փոփոխութեան լոյսին տակ, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագրերուն մէջ, պաքալորիայի պատմութեան դասագիրքերուն միջոցով պիտի դասաւանդուի Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը:

Այլ խօսքով, աննախադէպ այս քայլով Սուրիոյ աշակերտները պատմութեան դասապահերուն վերջապէս վաւերական եւ գիտական տուեալներով իրազեկ պիտի դառնան Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան:

Նախորդը

Դիւանագիտական Միջադէպ` Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Ոչ Համոզիչ Հաւասարութիւնը` Հուեսքայի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?