Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտական Միջադէպ` Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Ապրիլ 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի` դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական յարձակողական եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` պատկերասփիւռային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է…

Նշենք, որ ուրբաթ օր, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարանական մէկ նիստին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենար Անթալիոյ մէջ, թրքական խորհրդարանի նախագահը` Մուսթաֆա Շենթոփ, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Ֆրանսան ամբաստանած էր «պատմութիւնը խեղաթիւրելու» եւ Ալճերիոյ ու Ռուանտայի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու անհիմն մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ խտրական ակնարկ կատարած էր Սոնիա Քրիմիի թունուզեան ծագումին:

Ֆրանսացի երեսփոխանը հակադարձած էր նշելով, որ «ցնցուած» է Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յարձակումներէն` մերժելով «յաղթողներուն կողմէ գրուած» պատմութիւնը: Ապա նոյնանման մեղադրանքներով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան ու պատմութեան, Ֆրանսան վերջին երկիրն է, որ կրնայ Թուրքիոյ դասեր տալ, որովհետեւ չենք մոռցած այն, ինչ որ կատարած է Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ մէջ: Կրնաք շարունակել հարցերը վերէն դիտել, սակայն պիտի շարունակենք ձեզ ձեր տեղը դնել», ըսած էր ան:

Այս իրողութեան դիմաց, իբրեւ բողոք Ֆրանսայի ներկայացուցիչ երեսփոխանը` Սոնիա Քրիմի եւ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները դահլիճը լքած եւ դուրս եկած էին նիստէն:

Քրիմի աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Երբ ամբարտաւան Մեւլութ Չաւուշօղլու մեզի ամբարտաւանութեան ու քաղաքավարութեան մասին ամբարտաւանութեամբ ու անկրթութեամբ դասեր կու տայ»: Ապա նշեց, որ Չաւուշօղլուն ընկերային ցանցերու վրայ իրեն դէմ արգելք  կիրարկած է եւ աւելցուց. «Ժողովրդավարութեան ու դիւանագիտութեան ի՛նչ գեղեցիկ դաս»:

Աւելցնենք նաեւ, որ Սոնիա Քրիմի աւելի ուշ ստացած էր ցեղապաշտական անանուն բազմաթիւ պատգամներ եւ մահուան սպառնալիքներ:

Յայտնենք, որ Անգարայի ներկայացուցիչները այս ձեւով կը հակազդէին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման գծով ֆրանսական նորագոյն որոշումին, ըստ որուն, այսուհետեւ 24 ապրիլը Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին պետական պաշտօնական յուշատօն կը նկատուի:

Թրքական կողմը յայտնապէս կուլ չէ տուած այս նորագոյն ապտակը, որուն պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած է դիւանագիտական այս միջադէպը:ացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան  անջնջելի հետք ձգած է Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Ազգային Օր Հռչակող Հրամանագիրի Ստորագրումը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Սուրիոյ Երկրոդական Վարժարաններու Պատմութեան Դասագիրքերուն Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?