«Լիբանանը Ամէնէն Ապահով Երկիրն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան եկած սէուտական ճամբորդական ընկերութիւններու, զբօսաշրջական գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատու սէուտական կնոջական պատուիրակութիւն մը, որ այցելած էր լիբանանեան տեսարժան վայրեր, ինչպէս` Ժիպէյլ, Ֆարայա, Ժեհիթա, Պէյրութ եւ այլ շրջաններ, ու հանդիպումներ ունեցած էր «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին, զբօսաշրջական հաստատութիւններուն համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի եւ ճամբորդական ու զբօսաշրջական...



















