ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը, 19 մարտէն սկսեալ կատարեց 2018-2019 տարեշրջանի համալսարանի կրթաթոշակի օժանդակութեան յատկացումները, Երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ներկայ տարեշրջանին 258 ուսանողներ արժանացան Հայ ուսանողի ֆոնտի օժանդակութեան: Ուսանողները, որոնք աւարտած են հայկական վարժարաններ, կը յաճախեն Լիբանանի մէջ գործող 18 համալսարաններ:
Յիշենք, որ նախորդ տարեշրջանին, 152 ուսանողներ օգտուած են Հայ ուսանողի ֆոնտէն:
Յառաջիկային կը ներկայացնենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ