Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Կը Մերժէ Արտասանել Ցեղասպանութիւն Եզրը

April 13, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ երկրի Ծերակոյտի միջազգային հարցերու յանձնախումբին մէջ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տէյվիտ Մայքըլ Սաթըրֆիլտի հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը:

Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Մենենտեզ յայտարարած է, թէ հիասթափուած է Սաթըրֆիլտի` իրեն հետ հանդիպումը ջնջելու որոշումէն: Ճիշդ այս պատճառով ալ ան որոշած է առիթը չփախցնել եւ զինք յուզող հարցերուն պատասխանները ստանալ նիստի ընթացքին:

«Թոյլ տուէք սկսիլ այն հարցումէն, թէ արդեօք դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-1922 թուականներուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուած է շուրջ 1,5 միլիոն հայ տղամարդ, կին եւ երեխայ», հարցուցած է Մենենտեզ:

«Մենք կատարելապէս տեղեակ ենք այդ դաժանութեան փաստին մասին», պատասխանած է Սաթըրֆիլտ:

«Ես ճիշդ կը հասկնա՞մ, որ դուք ատիկա կ՛ընդունիք», յստակացնելու միտումով պնդած է Մենենտեզ, որուն Սաթըրֆիլտ դրական պատասխան տուած է:

«Այսինքն դուք կ՛ընդունի՞ք, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր», եզրակացուցած է Մենենտեզ:

«Պարո՛ն ծերակուտական, նախագահը յայտարարած է, թէ ատիկա 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի դաժանութիւններէն էր, եւ ես համակարծիք եմ այդ յայտարարութեան», մանրամասնած է Սաթըրֆիլտ:

«Անկասկած, ատիկա դաժանութիւն էր, սակայն հարցումը այն է, թէ արդեօք ատիկա ցեղասպանութի՞ւն էր», դարձեալ հարցուցած է ծերակուտականը:

«Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան դիրքորոշումը», նշած է թեկնածուն:

«Լաւ, չէք նշեր, որ ատիկա ցեղասպանութիւն էր: Թոյլ տուէք հարցնել` դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-ին Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դաշնակից ուժերը առաջին անգամ միասնաբար մեղադրեցին այդ կառավարութիւնը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանք գործելու յանցանքով», հետաքրքրուած է Մենենտեզ: Ի պատասխան այս հարցումին, Սաթըրֆիլտ աւելցուցած է, որ ինք պատմաբան է եւ տեղեակ է այն ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն:

Նիստի ընթացքին ծերակուտականը նաեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի այն յայտարարութեան, ըստ որուն, հայերը տեղահան ընելու վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններուն հրահանգը մահուան դատավճիռ էր ամբողջ ազգի համար` միեւնոյն ժամանակ իշխանութիւնները Մորկընթաուի հետ զրոյցին ընթացքին չեն փորձած թաքցնել այդ իրողութիւնը:

«Ես տեղեակ եմ այդ յայտարարութեան մասին», ըսած է Սաթըրֆիլտ:

«Տէ ինչ, այս ամէնը նման է խորամանկ պարի, որ մենք իբրեւ ազգ կը պարենք` չճանչնալով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Նոյնիսկ միջկառավարական հաստատութիւն հանդիսացող Ողջակիզումի ամերիկեան թանգարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչդեռ մենք չենք կրնար ընդունիլ զայն: Սակայն եթէ մենք չճանչնանք անցեալը իբրեւ իրողութիւն, պիտի չկարենանք յառաջ շարժիլ», եզրափակած է Մենենտեզ:

 

Նախորդը

Սպանիոյ Պուրկոս Քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք Է Քննարկման Առարկայ Դարձնել Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.