Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ապրիլ 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը 10 ապրիլին ընդունած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր  միջազգային հնչեղութիւն տալ Հայոց ցեղասպանութեան: Այս բանաձեւը որոշ շփոթի առարկայ  դարձած էր, քանի որ 2000-ին  Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Շանթնիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ տարակարծութիւններուն եւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց բանաձեւէն:

«Իտալիոյ խորհրդարանը, այո՛, 2000-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է: Մենք առ այսօր Իտալիան կը ներկայացնէինք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու շարքին, ընդունուած բանաձեւը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ չէր ուղղակի, երէկուան բանաձեւի ամէնէն կարեւոր նպատակը այն է, որ Իտալիոյ խորհրդարանը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր, որ վերջինս նոյնպէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կրնանք նաեւ այս մէկը ներկայացնել իբրեւ Ցեղասպանութեան տէ ֆաքթօ ճանաչման վերահաստատում, բայց ամէնէն կարեւոր կէտը բանաձեւին մէջ այն էր, որ խորհրդարանը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնայ եւ այդ մասին բարձրաձայնէ միջազգային առումով: Նաեւ կարեւոր կէտ կայ բանաձեւին մէջ, որ Թուրքիոյ ուղղուած է, Թուրքիայէն կը պահանջուի` ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը», ըսաւ ան:

Շիրինեան յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը եկած է Իտալիոյ մեծագոյն կուսակցութիւններու երեսփոխաններէն` թէ՛ ընդդիմադիր, թէ՛ իշխանամէտ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատուն նշեց, թէ հիմքեր կան կարծելու, որ կառավարութիւնը պէտք է ընդունի այս կոչը, քանի որ այս նախաձեռնութիւնը իշխող կուսակցութենէն կու գայ, երեսփոխաններու բացայայտ մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց, այսինքն` ասիկա միասնական կոչ է խորհրդարանէն կառավարութեան:

«Առաջին անգամը չէ, որ խորհրդարանը կառավարութեան նման կոչով մը կը դիմէ, սակայն այս անգամ տարբեր է այն, որ իշխանութեան կուսակցութիւնները դիմեցին եւ առաջարկեցին բանաձեւը: Քուէարկութեան արդիւնքը յստակ է, եւ ատիկա մեծ ճնշում կրնայ  գործադրել, որ այս անգամ կառավարութիւնը ընդունի:

Աւելցնեմ նաեւ, քանի որ իշխանութեան կուսակցութիւնները նախաձեռնեցին, ատիկա կրնայ լաւ նշաններ փոխանցել, որ կառավարութիւնը պիտի ընդունի, մանաւանդ երբ հաշուի առնենք իշխող կուսակցութեան ղեկավար Սալվինիի վերաբերմունքը ընդհանրապէս Թուրքիոյ եւ Էրտողանի նկատմամբ, այսինքն` մենք յաջորդ շաբաթներուն կամ ամիսներուն կը կարծենք եւ լաւատես ենք, որ Իտալիոյ  կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,  նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Սուտանի Բանակին Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքայինները Ներառող Համապարփակ Կառավարութիւն Մը Կազմելու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?