Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Մաքրոնին Եւ Կը Շեշտէ Դատական Իշխանութեան Գոյութիւնը

April 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղեց հեռագիր մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ ծագած հրդեհին համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով Նոթր Տամի իւրայատուկ այս տաճարին մէջ կը գտնէին իրենց էութեան հիմնական մէկ բաժինը: «Այսօր լիբանանցիները նեցուկ կը կանգնին ֆրանսացիներուն` հաստատելով Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական ամուր յարաբերութիւններու գոյութիւնը: Կը մաղթենք, որ հաւատքի, մարդկութեան ու պատմութեան այս կառոյցը մօտիկ ապագային դարձեալ կը յառնի», գրեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Իրաւաբաններու սենտիքայի հիմնադրութեան 100-ամեակին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, մեծ թիւով նախարարներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներու ընդհանուր տնօրէններ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով նախագահ Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ արդարութիւնը երկրին իշխանութեան հիմքն է, իսկ իրաւաբանները արդարութիւնը հաստատելու հիմնական դերակատարներն են:

«Դատական իշխանութիւնները օրէնքի եւ իրաւունքի պետութեան հիմնաքարը կը նկատուին: Առանց անկախ ու պարկեշտ, ինչպէս նաեւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը փնտռող դատական իշխանութիւններու` պետութիւն չկայ», շեշտեց ան:

Ան նշեց, որ փտածութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ դատական կառոյցի եւ մարմինի մաքրագործումը առաջնահերթութիւն է: «Դատական իշխանութիւնը կասկածէ վեր պէտք է մնայ, որովհետեւ անիկա սահմանադրական անկախ իշխանութիւն մըն է, որ ինքզինք կը մաքրագործէ` առանց զրպարտութիւններու եւ շահագործումներու», ըսաւ ան:

Ան նկատել տուաւ, որ իր իշխանութեան օրով դատական իշխանութիւնները ոչ մէկուն պիտի պատկանին, այլ` պիտի վերածուին իշխանութեան մը, որ կը կատարէ այն առաքելութիւնը, որուն համար կոչուած է:

«Այդ իշխանութիւնը իր առաքելութիւնը պիտի կատարէ ազատ, անկախ, անաչառ ու պարկեշտ դատաւորին խիղճով, որպէսզի դատավարութեան ենթարկուողին իրաւունքները կամ պատիժները երաշխաւորուին` ըստ արժանւոյն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ մօտիկ ապագային նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարուի խորհրդաժողով մը` «Աւելի լաւ արդարութեան համար» խորագիրին ներքեւ:

Ան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին նպատակը պիտի ըլլայ արդարադատութեան բոլոր տարրերուն միջեւ սկսիլ ազգային երկխօսութեան մը` լուսարձակի տակ առնելու եւ բարելաւելու համար դատական իշխանութիւններուն խոցելի կէտերը եւ առիթ տալու համար, որ դատական իշխանութիւնները զարթօնք մը ապրին:

 

Նախորդը

Պըրրի Զօր. Աունի Հետ Քննարկեց Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին Զուգահեռ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Պիտի Կատարէ Իր Գործադուլը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.