Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական նամակ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` 15 ապրիլին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Նամակին մէջ նշուած է. «Ցնցուած ենք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեամբ: Փարիզի Աստուածամօր տաճարը եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհի ամէնէն նշանակալից եւ սիրուած խորհրդանիշներէն է: Հայերուս համար անիկա ֆրանսական մշակոյթի եւ հոգեւոր ժառանգութեան իւրատեսակ մարմնաւորում է, որուն հետ մենք նոյնացուցած ենք Փարիզն ու անոր բազմադարեան պատմութիւնը:
Հայաստան իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ ֆրանսացիներուն եւ կը կիսէ անոնց զգացումները:
Միաժամանակ լիայոյս ենք, որ բոլորիս ջանքերով կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլերը` տաճարի նախկին տեսքը վերականգնելու»: