Կարօ Հէքիմեան կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով, 23-էն 25 ապրիլ Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէօ կ՛այցելէ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս պիտի կազմեն Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ ԸՆկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան: Պատուիրակութեան պիտի ընկերակցի ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեան:
Իր եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Մասիս Մայիլեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը առիթ պիտի ունենան մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ նախապէս Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած` Ուրուկուէյի քաղաքական ոլորտին մէջ կարեւոր դեր ունեցող պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու:
Մասիս Մայիլեանի այս այցելութիւնը Արցախի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներու կապակցութեամբ մեծ նշանակութիւն ունի, յատկապէս Ուրուկուէյի մէջ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնող դերակատար անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներուն առումով: Անձնաւորութիւններ, որոնք Արցախի հարցին շուրջ հերթականօրէն տեղեակ կը պահուին Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ: