Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Ամէնէն Ապահով Երկիրն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

April 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան եկած սէուտական ճամբորդական ընկերութիւններու, զբօսաշրջական գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատու սէուտական կնոջական պատուիրակութիւն մը, որ այցելած էր լիբանանեան տեսարժան վայրեր, ինչպէս` Ժիպէյլ, Ֆարայա, Ժեհիթա, Պէյրութ եւ այլ շրջաններ, ու հանդիպումներ ունեցած էր «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին, զբօսաշրջական հաստատութիւններուն համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի եւ ճամբորդական ու զբօսաշրջական գրասենեակներու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Միտըլ իսթ»-ի տնօրէն Մոհամետ Շարքաուի:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան ողջունեց պատուիրակութիւնը, յատկապէս սէուտցիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումը բեկանելէ ետք: Ան նշեց, որ այդ որոշումը բեկանելու նպատակն է զօրակցիլ Լիբանանի զբօսաշրջական եւ տնտեսական մարզերուն: «Արդէն սկսած ենք երկրին պանդոկներուն, ճաշարաններուն եւ շուկաներուն մէջ նշմարել սէուտցի զբօսաշրջիկներ: Այդ որոշումը Լիբանանին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան վստահութիւն կը շնորհէ` ո՛չ միայն սէուտցի զբօսաշրջիկներու, այլեւ` ամէն տեսակ քաղաքացիութիւն կրող զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւելու», ընդգծեց Կիտանեան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան զբօսաշրջական բոլոր ենթակառոյցները ունի` դիմաւորելու զբօսաշրջիկները: Ան աւելցուց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է թէժ գիծ մը` առիթ տալով բոլորին բողոքելու եւ այդ բողոքներուն լուծումներ գտնելու կարելիութիւն ստեղծելու նպատակով:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանը ամէնէն ապահով երկիրն է` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ընթացքը` խճողումը թեթեւցնելու առումով, պիտի բարելաւուի 1 յունիսէն սկսեալ:

Նախարար Կիտանեան իմացաւ Լիբանան այցելող սէուտական կնոջական պատուիրակութեան կատարած կարգ մը քննադատութիւնները, որոնք սակայն շինիչ էին: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ կը փափաքին դարձեալ Լիբանան այցելել:

 

 

Նախորդը

Կարգ Ոտնլուայի` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Պէտք Է Կենսագործել Մեր Անհատական Թէ Հաւաքական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կառավարութեան Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Լիբանանեան Ազգային Օր

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.