Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Դէպի Աշխատանք» Կառավարութեան Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը

Ապրիլ 16, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց «Դէպի աշխատանք» կառավարութեան զբօսաշրջութեան ծրագիրը` ներկայութեամբ Տնտեսական- ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի եւ զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու նախագահներուն:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի գործէ զբօսաշրջական իմաստով Լիբանանը ծանուցելու ծրագիրով եւ կատարեալ արհեստավարժութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ զբօսաշրջութեան մարզը միայն ինքն իր ուժերով գործող մարզ մը ըլլալէ դադրեցնել եւ իբրեւ պետական մարզ զայն վերածել սեփական մարզին հետ գործակցաբար աշխատող մարզի մը:

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան նախարարութեան ծրագիրին` նախարար Կիտանեան ներկայացուց զայն` յստակացնելով ինը կէտեր, որոնք են.

Ա) Օտար զբօսաշրջիկներու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւններու Լիբանան այցելութեան ապահովումը Ծոցի երկիրներէն, Ֆրանսայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն եւ Լատին Ամերիկայէն:

Առաջին այս կէտին մէջ կ՛իյնայ նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն Լիբանանը ծանուցող կարճ ժապաւէնի սփռումն ու ընկերային ցանցերու օգտագործումը` նոյն նպատակին համար:

Բ) Ներքին զբօսաշրջութեան զարգացումը` գործակցութեամբ իւրաքանչիւր գիւղաքաղաքի եւ քաղաքի քաղաքապետին կամ քաղաքապետական համադաշնակցութեան հետ:

Գ) Զբօսաշրջութեան աշխուժացման խորհուրդի կազմութիւն, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ զբօսաշրջական ծանուցումներն ու շուկայադրումը կատարել: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ անիկա պիտի ըլլայ պետական եւ սեփական մարզերը ներկայացնող անձնաւորութիւններէ կազմուած գործադիր խորհուրդ մը եւ ոչ խորհրդատուական կառոյց:

Դ) Զբօսաշրջական օրէնքներու արդիականացում` քաջալերելու համար այդ մարզին մէջ ներդրում կատարել փափաքող կողմերը:

Ե) Փարիզի եւ Գահիրէի մէջ գտնուող Լիբանանի զբօսաշրջական գրասենեակներու փակումը, որովհետեւ անցնող տասնամեակին ընթացքին զանոնք պահելու համար ծախսուած է 15 միլիոն տոլարի գումար մը` զբօսաշրջական ապարդիւն աշխատանքի համար:

Զ) Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ Խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նպատակով գործող զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան միջազգային կազմակերպութիւն մը ստեղծելու իրականութենէն օգտուիլ` Լիբանանը ծանուցելու իմաստով: Ան նշեց, որ այս ձեւը որդեգրուած է ու սեփական ընկերութեան մը ծանուցողական աշխատանքներուն միջոցով գործադրուած` Լիբանանին ապահովելով եւրոպացի զբօսաշրջիկներու 30 առ հարիւրի աճ մը:

Է) Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ «Վիզիթ Լեպանոն» խորհրդաժողովը պիտի գումարուի 30-31 մայիսին` արաբական եւ միջազգային 150 ընկերութիւններու մասնակցութեամբ:

Ը) Զբօսաշրջութեան մարզի բարգաւաճման նպատակով պէտք է որդեգրել բաց թռիչքներու քաղաքականութիւն:

Թ) Գործակցիլ համապատասխան նախարարութիւններուն եւ վարչութիւններուն հետ` դիւրացնելու համար Լիբանան այցելութեան այցետոմսեր ստանալու հոլովոյթը, իսկ իրենց քաղաքացիները Լիբանան ճամբորդելէ զգուշացնող երկիրներուն պարագային, գործակցիլ դեսպանատուներուն հետ եւ անոնց ընդմէջէն փորձել վերատեսութեան ենթարկել տալ Լիբանան այցելութեան արգիլումի որոշումը:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին, նախարար Կիտանեան պատասխանեց իրեն ուղղուող հարցումներուն:

 

Նախորդը

Հարիրի Ռամպլինկի Եւ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Բարգաւաճման Վերաբերող Կարգ Մը Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ամավարկին Մէջ Բարեկարգումներ Կատարելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?