Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Մնացականեան- Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպում

April 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կողմերը Համաձայնած Են Մարդոց Միջեւ Հաղորդակցութիւններու Հաստատման Ձեռնարկելու

Երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը, որուն նաեւ մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Հանդիպումի աւարտին անոր մասնակիցները հրապարակած են միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ի զարգացումն 29 մարտին Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայացած վեհաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն` հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին սահմանին վրայ եւ շփման գիծին մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հաստատման հեռանկարները: Տեղի ունեցաւ միտքերու հանգամանալի փոխանակում` լուծման հիմնարար հարցերուն շուրջ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին կողմերուն մտադրութիւնը` շարունակելու քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերը:

«Ընդգծուեցաւ շահագրգռուածութիւնը տագնապի գօտիին մէջ կացութեան հետագայ կայունացման ուղղութեամբ, մասնաւորաբար գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակաշրջանին:

«Անոնք նաեւ համաձայնեցան փոխադարձութեան հիման վրայ քայլեր ձեռնարկել` թոյլատրելու կողմերու տարածքին մէջ կալանքի մէջ գտնուող անձերու հարազատներու այցելութիւնները: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնական քայլերու ձեռնարկել` մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու հաստատման ուղղութեամբ, որուն ծիրին մէջ կ՛իյնան նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը միջնորդական առաքելութեան նկատմամբ` ուղղուած շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Հանդիպումին մասնակիցները համաձայնեցան մօտիկ ապագային շարունակել հաղորդակցութիւնները»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին հեռանկարները եւ լուծման գործին մէջ երեք երկիրներու ջանքերուն համակարգումը:

Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ կէսօրին հանդիպում ունեցած էր Սերկէյ Լաւրովի հետ:

 

 

Նախորդը

Եգիպտական «Տիուան» Պարբերականի Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան

Յաջորդը

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ Մեծ Հրդեհ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.