Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գործընկերներու Հրապարակային Խօսակցութիւնը

May 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին պահանջը  իր ռուս գործընկերէն` դադրեցնելու սուրիական Իտլիպ շրջանին վրայ յարձակումները, ուշագրաւ իրողութիւններու մասին ընդգծումներ կը կատարէ. մանաւանդ, որ ռուսական կողմը պատասխանած է, թէ յարձակումները դադրած են պահանջին պաշտօնական յղումէն մէկ օր առաջ արդէն:

Այս ամփոփ տեղեկութիւնը դուռ կը բանայ կարեւոր մեկնաբանութիւններու: Ամէն բանէ առաջ ռուսական գործողութիւններու կամ սահմանափակ ժամկէտով համաձայնութեան կամ ինքնուրոյն ըլլալու հաւանականութեան վրայ կը կեդրոնանան վերլուծումները:

Պարզ է, որ ռազմական գործողութիւնները կ՛ընթանան փոխհակակշիռի տրամաբանութեամբ եւ փոխըմբռնումով: Հակաահաբեկչական պատերազմի իւրովի ընկալումներով Անգարան կը հարուածէ քիւրտ զինեալ խմբաւորումները, մինչ ռուսական օդուժը թիրախ կ՛ընտրէ իսլամական ահաբեկիչներու կեդրոնատեղիները:

Յարձակումներու կասեցման  դիմաց, հրադադարի կոչը հրապարակայնացնելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ուզէ ծխածածկոյթ ստեղծել, որ իր դիմումին անսալով է, որ Մոսկուան կը դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները:

Մոսկուան կը փարատէ ծխածածկոյթը, երբ իր հերթին հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ գրոհը դադրած է արդէն կոչէն օր մը առաջ: Ուրեմն այստեղ պարզ կը դառնայ, որ ռուսական կողմը ոչ թէ իր գործընկերոջ հետ կը համաձայնեցնէ յարձակման եւ կասեցման գործողութիւնները, այլ ինք կ՛որոշէ իր քայլերը:

Պատերազմի ընթացքին ռազմավարական գործընկերութեամբ շարժող ուժերը իրենց գործողութիւնները տրամաբանօրէն կը կատարեն ոչ հրապարակային: Հրապարակային բաժինը սկզբունքով դարձեալ համաձայնեցուած կ՛ըլլայ եւ կը փոխլրացնէ ռազմական գետնի վրայ իրականացածը:

Հրապարակային պահանջ դնելով Անգարան կը ստանայ հրապարակային պատասխան:

Այժմ անհրաժեշտ է փորձել ընկալել, թէ ինչո՛ւ Անգարա կ՛ուզէ կասեցնել Իտլիպի վրայ ռուսական յարձակումը: Իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդացը տակաւին շահարկելի խմբաքանակ է Անգարային համար: Ահաբեկիչ տարրերու արմատախլման գործընթացի կասեցման փորձերը այդ իրականութիւնը կը յուշեն: Հակակշիռ գործողութիւններ կազմակերպելու զինուորական խաղը չէ աւարտած տակաւին եւ Անգարան կ՛աշխատի իր ձեռքին մէջ պահել ահաբեկչական խաղաթուղթը: Խաղը չսպառելու կողմ է նաեւ Մոսկուան ըստ երեւոյթին եւ այդ պատճառով իսկ չ՛անցնիր ահաբեկչութեան արմատախլման կամ ամբողջական չէզոքացման համարժէք գործողութիւններու:

Թրքական գործընկերը ներկայ պահուն կարեւոր գործօն է ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս նաեւ միջազգային գործընթացներուն համար: Այս փոխըմբռնումն է, որ փոխհակակշռման խաղը ի զօրու կը պահէ, այս պարագային որոշ առաւելութիւններ տալով Մոսկուային: Այս վերջինը իր հերթին չ՛առաջադրեր քրտական գործօնի ամբողջական չէզոքացումը:

Կը թուի սակայն, որ Մոսկուայի ձեռքին յայտնուած խաղաթուղթերը աւելի ազդեցիկ են, քան Անգարայինը: Մոսկուան համեմատաբար աւելի ինքնուրոյն կը կազմակերպէ իր քայլերը: Մինչ Անգարան չէ ապահոված շարժելու նոյն առաձգականութիւնը: Այդ առաձգականութեան ապահովման միտումները կանխարգիլուած են նաեւ ամերիկեան կարմիր լոյսերով, յատկապէս քիւրտերուն դէմ պատերազմական գործողութիւններու չդիմելու զգուշացումներով:

Իսկ այս փուլին, չէ աշխատած` իր պահանջով ռուսական յարձակումները դադրեցնելու որոշումին գոյառման տպաւորութիւն տարածելու Անգարայի (ապա) տեղեկատուութիւն իրականացնելու փորձը:

«Ա.»

Նախորդը

Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Գծով Ռուսիան Միացեալ Աշխատանքի Պատրաստակամութիւն Կը Նկատէ Պաքուի Եւ Երեւանի Մօտ

Յաջորդը

«Ոչ Մէկ Պատժամիջոց Պիտի Կանգնեցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.