Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղիկներ` Շուշիի Ազատագրութեան Համար Նահատակուած Հայորդիներուն Շիրիմներուն

Մայիս 10, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի այլ պատասխանատուներ 9 մայիսին այցելած են Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղած են Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած Հայաստանի ու Արցախի հայորդիներու շիրիմներուն վրայ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան  ըսած է. «Շուշիի ազատագրումով մենք ապացուցեցինք, որ եթէ ըլլանք միասնական, համախմբուած, ապա անկարելին կարելի կը դարձնենք: Փա՛ռք մեր տղաներուն, որոնք ազատագրեցին Շուշին: Ազատագրուած Շուշին կեանքի ուղի բացաւ դէպի Մայր Հայաստան եւ միաժամանակ ռազմական մեր յաջողութիւններուն սկիզբը դարձաւ: Շուշիով ապահովուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումը: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն յաղթական հիմը դրաւ արցախեան պայքարին, այլ նաեւ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը: Այսօր Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է: Հայկական երկու պետութիւններու ազգային անվտանգութեան սկզբունքն ու կերտուածքը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ ռազմաքաղաքական կայուն եւ ամրագրուած դաշինքով», նշած է Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան նշած է, որ Եռաբլուրի բարձունքը լռութիւն կը պարտադրէ, բայց` խորհելու ու իմաստուն դառնալու լռութիւն: Յիշելով բանաստեղծական տողերը` «Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան», ան դիտել տուած է, որ մեր փառապանծ տղաքը ուրիշ բարձունքի վրայ են, ու այդ բարձունքը իւրաքանչիւր հայու մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ միշտ վառ պէտք է մնայ:

«Գիտակցութիւնը, որ բարձունքներէ բաղկացած հայրենիքը սոսկ տարածք չէ, պէտք է առաջնային ըլլայ, իսկ բարձունքներուն վրայ հպարտութեամբ քալելու իրաւունքը պէտք է նուաճենք ամէնօրեայ պահուածքով, գոյութեամբ, նուիրումով, յաղթանակները ամրագրելով: Ինծի համար լռութեան ու միտքի արժեւորման, ինչպէս նաեւ ցաւի ու ափսոսանքի պահ է ասիկա, որովհետեւ այս բոլոր ոսկի տղաները, որոնք հոս կը հանգչին, իսկ անոնց հոգիները կը սաւառնին մեր հայրենիքին վրայ, ամէն վայրկեան պատգամ կը յղեն մեզի, որ հող ազատագրած ենք, իսկ մենք պէտք է տիրութիւն ընենք այդ հողին», շեշտած է Լիլիթ Գալստեան ու ամփոփած, որ պէտք է տէր ըլլանք ձեռք բերուածին,  աննահանջ պայքարինք ու յաղթանակը կիսատ չձգենք:

Եռաբլուրի մէջ Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած իր ընկերներուն շիրիմները խնկարկելու գացած էր նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, արցախեան ազատամարտին կամաւորագրուած վիրաբուժ Տարօն Տօնոյեան: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսած է, որ առանց յուզումի կարելի չէ մօտենալ սրբատեղի նկատուող այդ բարձունքին, ո՛չ ալ առանց յուզուելու կարելի է հեռանալ հոնկէ: Ըստ Տօնոյեանի, իր սերունդին փափաքն էր, որ այդ օրը իրական տօնի վերածուի: «Ասիկա իրական տօն է, շինծու ու կեղծ տօն չէ: Տօն է, որ կերտուած, ձեռք բերուած է հազարաւոր կամաւոր հերոս տղոց արեամբ: Այստեղ յաճախ կ՛ուզէի տեսնել երիտասարդ, մատաղ սերունդը: Ճիշդ է` անոնք հոս են այժմ, բայց կայ այն, որ միայն մենք պէտք չէ արժեւորենք յաղթանակ կերտած այս տղաները, այլ այն սերունդը, որ կը վայելէ այդ յաղթանակին քաղցրութիւնն ու հպարտութիւնը: Եթէ մենք չարժեւորենք, չկարենանք ճիշդ պատկերացնել յաղթանակը, ապա կը վախնամ, որ յաղթանակներ չունենանք», ընդգծած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած է «Խաղաղութիւն` տարածքներու դիմաց» թէզը, իսկ նման բան արդեօք ընդունելի՞ է` ազատամարտիկը ըսած է, որ ինք իրական, եւ ոչ թէ թուացեալ խաղաղութեան կողմնակից է:

«Խաղաղութեան միակ գրաւականը հզօր ու ուժեղ ըլլալն է: Մեր բազմադարեայ պատմութեան մէջ գրուած են հազարաւոր պայմանագիրներ, որոնք մնացած են թուղթի վրայ: Մեր խնդիրը ուժեղանալն է, մեր խնդիրը համախմբուիլն է, ու մենք ցոյց տուած ենք, որ երբ դառնանք մէկ բռունցք, անկարելի է մեր կամքը կոտրել: Ես խաղաղութիւն կ՛ուզեմ խաղաղութեան դիմաց», ամփոփած է Տօնոյեան:

 

 

Նախորդը

Քասփրչիք Եւ Հասանով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Շուշիի Ազատագրումը Եւ Արցախի Բանակի Ստեղծումը Հայ Ժողովուրդի Միասնական Ուժի, Ազատատենչ Ոգու Եւ Անկոտրում Կամքի Յաղթանակն Էր»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?