«Համահարթեցում չի լինելու» վանկարկումներով եւ համահարթեցման քաղաքականութիւնը մերժող պաստառներ պարզած` ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները 10 մայիսին կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են:
Նախաձեռնութեան անդամներէն Արգիշտի Գէորգեան, որ նաեւ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահն է, ներկայացնելով իրենց հիմնական պահանջը, նշած է, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովէն պէտք է յետս կոչէ Հարկային նոր օրէնսգիրքի փաթեթը, որ հասարակութիւնը առաւել բեւեռացումի պիտի տանի` հարուստը աւելի հարստացնելով, աղքատը` աղքատացնելով:
«Մենք կը պահանջենք, որ կառավարութիւնը չեղեալ նկատէ եկամտային հարկի համահարթեցման սկզբունքը: Աշխարհի երկիրներուն 95 տոկոսը հարկումը յառաջատուական տոկոսով կ՛իրականացնէ: Եւ անհասկնալի է, թէ ի՛նչ է համահարթեցման որդեգրման նպատակը, մանաւանդ որ բոլոր այն երկիրները, որոնք համահարթեցման սկզբունքով առաջնորդուած են, վերադարձած են յառաջատուականին», ըսած է ան:
Ըստ Գէորգեանին, կառավարութեան ներկայացուցած գիներու բարձրացման թղթածրարին մէջ ամէնօրեայ օգտագործման շարք մը ապրանքներ կան: Այսինքն` հարուստներու եկամուտները աւելցնելու համար յաւելեալ բեռ կը դրուի միջին եւ ցած աշխատավարձ ստացողներուն վրայ:
Ան դիտել տուած է, որ «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը, բացի եկամտային հարկին դէմ պայքարէ, այլ օրակարգ չունի` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կը վերցնէ նախագիծը եւ վերամշակուած, լայնօրէն քննարկուած նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գայ:
Համահարթեցման դէմ բողոքող դաշնակցական երիտասարդներուն մօտեցած է կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանտր Ղազարեանը: «Մենք կը վստահինք մեր կառավարութեան, որ ստացած է հասարակութեան 75 տոկոսէն աւելի քուէ, իսկ հասարակութեան մեծամասնութեան ներկայացուցիչները միջինէն ցած եկամուտներ ունեցող անձեր են: Կ՛ակնկալեմ, որ կառավարութիւնը մտածէ բնակչութեան մեծամասնութեան մասին, որուն ամսական եկամուտը չի բաւեր սպառողական զամբիւղը լրացնելու համար», նշած է Արգիշտի Գէորգեան:
Ան Ղազարեանին յանձնած է նամակ ու դատարկ դրամապանակ` աւելցնելով. «Վարչապետը անջատուած է իրականութենէն եւ չի պատկերացներ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ միջին վիճակագրական հայ ընտանիքին մէջ: Կը խնդրեմ` այս դրամապանակը եւս անոր յանձնեցէք»:
Համահարթեցման դէմ բողոքող երիտասարդները ո՛չ միայն վարչապետին, այլեւ ամբողջ կառավարութեան դրամապանակներ «նուիրեցին»: Անոնք բողոքի իրենց ցոյցը եզրափակեցին` գործադիրի շէնքին դիմաց «Ահազանգ» գրութեամբ դրամապանակներ շպրտելով: