Newsletter

Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու  Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման  Ու Այլ Ծրագիրներու Իրականացման

Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման Ու Այլ Ծրագիրներու Իրականացման

Աշխատանքային այցելութեամբ Չինաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 14 մայիսին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի նախագահ Սի Ձինփինի հետ, որուն հետ քննարկած է հայ-չինական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Սի Ձինփին նշած է, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Ան խօսած է հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ «Մետաքսի ճամբուն...

Փաշինեան Եւ Ալիեւ  Կարճ Զրոյց Ունեցած Են

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Կարճ Զրոյց Ունեցած Են

Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կարճ զրոյց ունեցած են ընթացիկ իրավիճակին մասին: Հայաստանի վարչապետը «Ազատութիւն» լրատուական կայանին յայտնած է, թէ տակաւին չեն յստակացուցած ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ յաջորդ բանակցութիւններուն օրն ու վայրը: «Կարելի չէ որեւէ հակամարտութիւն լուծել` կեդրոնանալով միայն ներգրաւուած կողմերէն մէկուն շահերուն վրայ, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ...

Լաւրով. «Մոսկուան Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումներ  Գտնելու Պաքուի Փորձերը»

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Շրջան Պիտի Այցելեն

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է, որ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մայիսի աւարտին շրջան պիտի այցելեն: Այս  լուրը կը հաղորդէ «Ռիփորթ.ազ» լրատուականը: «Մենք տակաւին կը ծրագրենք համանախագահներուն այս ամսուան աւարտին շրջան տալիք այցելութիւնը: Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ նախարարներու հետ հանդիպումը, սակայն պէտք է նախապատրաստել անոր: Աւելի կանուխ ըսած եմ, թէ համանախագահ երկիրներէն մէկուն կողմէ առաջարկ կայ...

Բակօ Սահակեան Եւ Արկադի Ղուկասեան  Երաշխաւորագիր Ներկայացուցած Են Դատարան`  Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Համար

Բակօ Սահակեան Եւ Արկադի Ղուկասեան Երաշխաւորագիր Ներկայացուցած Են Դատարան` Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Համար

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու նստավայրին մէջ ընթացող Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստին ընթացքին Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեան ներկայացուցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը` Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ: Ըստ «Արմենփրէս»-ին, նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան ըսած է, թէ երաշխաւորութեան քննութեան համար...

Ազրպէյճանը Արցախի  Պատճառով Արգելակած Է  Արեւելեան Գործընկերութեան  Յոբելենական Հռչակագիրը

Ազրպէյճանը Արցախի Պատճառով Արգելակած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Յոբելենական Հռչակագիրը

Պրիւքսելի մէջ 13 մայիսին աւարտած է Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի տասնամեակին նուիրուած վեհաժողովի առաջին օրը: Առաջարկուած է հանդիպումին աւարտին ստորագրել յոբելենական հռչակագիր, ինչ որ կարելի չէ եղած, որովհետեւ փաստաթուղթը արգելակած է Ազրպէյճանը` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան» հարցը չներառելու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը: Ուքրանիան եւ Վրաստանը իրենց կարգին պահանջներ ներկայացուցած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ առանձին երկիրներու...

Պելճիքայի Մէջ Արցախի Հետ  Բարեկամութեան Խումբերը Կը Շեշտեն  Բանակցութիւններուն Արցախի Ուղղակի  Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Պելճիքայի Մէջ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերը Կը Շեշտեն Բանակցութիւններուն Արցախի Ուղղակի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Պելճիքայի Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբը 12 մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն` Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած Կրակոցի եւ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելուն 25-ամեակին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ ափսոսանք կը յայտնուի, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին ոչ մէկ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած է երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու ճամբուն վրայ, որուն ապացոյցն է...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Ցաւակցին  Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Ցաւակցին Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, երէկ կէսօրին այցելեց Պքերքէ: Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի վախճանումին առիթով ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին: Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ցաւակցութիւն կը յայտնեն ազգային դէմք մը նկատուող Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի դոկտ. Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին: Մօտէն ճանչցած ըլլալով հանրապետութեան միւֆթին, մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ` Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրին մէջ...

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական  Միութիւններու  Համաեւրոպական Խորհրդաժողովը

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 10-12 մայիս 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը` հետեւեալ խորագիրով. «Զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու հնարաւորութիւններու օգտագործումը` յօգուտ Հայ դատի աշխատանքներուն ու Արցախի ճանաչման»: Հայաստանէն, Արցախէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն, Պելճիքայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն մօտ 50 պատուիրակները ներկայացուցին մասնակից միութիւններու գործունէութիւնը, լսեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի եւ Յովսէփ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատին Հետ

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Վեհափառ հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Բերիոյ թեմի Ազգ....

Ակնարկ.  Հրադադարի 25-Ամեակ. Շփման Գիծի  Վերականգնում Եւ Գործիքակազմի Կահաւորում

Ակնարկ. Հրադադարի 25-Ամեակ. Շփման Գիծի Վերականգնում Եւ Գործիքակազմի Կահաւորում

Այժմէական կարգով 1994-ի հրադադարի ամէնէն հնչեղ շեշտադրումը  կ՛ըլլայ ստորագրութեան եռակողմ  ձեւաչափի իրողական եւ իրաւական հանգամանքներու արծարծումը, ինչ որ կ՛ենթադրէ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման հիմքին` պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան անշրջանցելիութիւնը: Այս առումով հրադադարի վերահաստատում կամ դէպի քաղաքական մեծ համաձայնութիւն տանող որեւէ փաստաթուղթ կարելի չէ պաշտօնականացնել առանց Ստեփանակերտի: Թէկուզ միջանկեալ պայմանաւորուածութեան տեսքով  որեւէ հետագայ փաստաթուղթ պէտք է կրէ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու իրաւաքաղաքական համաձայնութիւնը: Երկրորդ,...

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է  Լիւքսամպուրկի Վարչապետին Հետ

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Լիւքսամպուրկի Վարչապետին Հետ

Լիւքսամպուրկ այցելած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 մայիսին հանդիպում ունեցած է Լիւքսամպուրկի վարչապետ Խավիեր Պեթելի հետ, որ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, թէ հայ ժողովուրդին կողմէ ստացած վստահութեամբ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է հասնի յաջողութիւններու եւ իրականացնէ նախանշուած ծրագիրները, Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններն ու բարեփոխումները: Ան հաստատած է, որ յառաջիկային երկու երկիրներու կառավարութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը` ի նպաստ երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէի Իրականացումը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հրադադարի Համաձայնագիրը Իրականութիւն Դարձաւ Շարք Մը Գործօններու Շնորհիւ»

Արցախի  Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 25 տարի առաջ ուժի մէջ մտած է Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին եռակողմ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: 26-27 յուլիս 1994-ին, լրացուցիչ պայմանագիր ստորագրելով, բոլոր երեք կողմերը հաստատած...

Քոչարեանի Պաշտպանները Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Են Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած են Քոչարեանի եւ միւսներու  գործով նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին: 13 մայիսին կայացած նիստին այս մասին ըսած է Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեան: «Ինքնաբացարկ յայտնելու հիմքերէն մէկը այն է, որ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, որ այս գործին մէջ կը հանդիսանայ կողմ, նիստերու դահլիճ մտած է դատաւորին համար նախատեսուած ծառայողական մուտքէն: Այս հանգամանքը կասկածի...

Զոհրապ Մնացականեան Կարեւոր Նկատած Է  Եւրոպական Միութեան Շարունակական  Աջակցութիւնը` Արցախի Ժողովուրդի  Ինքնորոշման Իրաւունքին

Զոհրապ Մնացականեան Կարեւոր Նկատած Է Եւրոպական Միութեան Շարունակական Աջակցութիւնը` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան 13 մայիսին մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Ան ընդգծած է, որ նախաձեռնութեան 10-ամեակը լաւ առիթ է գնահատելու առաջին տասը տարիներուն ընթացքին Արեւելեան գործընկերութեան արձանագրած ձեռքբերումները եւ քննարկելու համագործակցութեան հեռանկարները` դիտել տալով, որ թէեւ...

Մեքսիքայի Միչոաքան Նահանգի Քոնկրեսը  Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող  Եւ Դատապարտող Յայտարարութիւն Մը

Մեքսիքայի Միչոաքան Նահանգի Քոնկրեսը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Եւ Դատապարտող Յայտարարութիւն Մը

7 մայիսին Մեքսիքայի Միչոաքան նահանգի Քոնկրեսը` օրէնսդիր մարմինը, որդեգրած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն մը: Փաստաթուղթը ներկայացուած է կառավարող «Մորենա» կուսակցութեան երեսփոխան Քրիսթինա Փորթիլիօ Այալայի կողմէ: Յայտարարութեան որդեգրումէն ետք, Քոնկրեսը մէկ վայրկեան յոտկնայս լռութեամբ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Փաստաթուղթի որդեգրման ներկայ եղած է Միչոաքանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Սահակեան: Ասիկա...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս Կ՛այցելէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս Կ՛այցելէ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեան համար Դամասկոս հասած է 13 մայիսին: Վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուած են Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին, պատկան մարմինին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ դոկտ. Նորա Արիսեանի ու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսի հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ: Այսօր`...

Հեծելարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Հեծելարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 12 մայիսի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ, ԼԵՄ-ական եւ ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին հեծելարշաւի մրցում մը` ներկայութեամբ Վիգէն Զաքարեանի հարազատներուն եւ մասնակցութեամբ շուրջ 40 երիտասարդներու: Այս առիթով խօսք առաւ Գէորգ Եագուպեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշները, յատկապէս` ազգասիրութիւնը եւ մահուան գնով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 11 մայիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները ընթացան յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք «Հայ մամլոյ տարուան» նուիրուած համահայկական համագումարին, այս շաբթուան ընթացքին շարք մը դեսպաններու «Թռչնոց Բոյն» կատարելիք այցելութեանց, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ այլ հարցերու մասին: Յայտնենք, որ օր մը առաջ, դեսպանին գլխաւորութեամբ,...

Սքելպիէի Հրթիռակոծման Զոհերէն Մէկը  Փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն Է

Սքելպիէի Հրթիռակոծման Զոհերէն Մէկը Փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն Է

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկուշաբթի, 13 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը, շարունակեցին հրթիռներ արձակել Համայի արուարձաններու բնակելի շրջաններուն ուղղութեամբ: Կիրակի, 12 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներով թիրախ դարձուցած էին Սքելպիէի բնակչութիւնը: Հրթիռակոծման իբրեւ հետեւանք զոհուած էին 5-10 տարեկան 4 մանուկներ, վիրաւորուած տասնեակ քաղաքացիներ: Զոհերէն մէկը փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն էր: Երէկ զինեալ...

Page 230 of 256 1 … 229 230 231 … 256