Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէ. Արցախեան Շարժման 31-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մայիս 11, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան շարժման 31-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անժելա Տաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկը անգամ մը եւս կը փաստէ հայութեան հզօր կամքն ու անվերջ պայքարը` յանուն հաւատքի, յանուն ազգային բոլոր արժէքներուն, յանուն մեր բոլոր նահատակներու թափած արեան, եւ վերջապէս` յանուն հայրենիքի:

Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ 9 մայիսը լուսաւոր ապագայի կերտման խորհրդանիշն է, յաղթութեան եւ հպարտութեան տօնն է: Այդ օրը բոլորս մեծ շուքով կը տօնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձը: Հայ ազատամարտիկներու եւ կամաւորական ջոկատներու քաջարի մարտունակութեան շնորհիւ այսօր ազատագրուած է Շուշին:

Այնուհետեւ արցախեան ազատագրական պայքարին մասին պատմող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ:

Ապա Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախի հերոսներ» բանաստեղծութիւնը:

Խօսք առաւ օրուան բանախօս գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան: Ան ներկայացուց արցախեան ազատամարտին մէջ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, թէ հայրենիքին ծառայելը ՀՅԴ-ի գոյութեան իմաստն է, անոր առաքելութիւնը: ՀՅԴ 19-րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը հայոց բանակի բացակայութեան պայմաններուն մէջ իր վրայ վերցուցած է հայկական զինուած ուժերէն ակնկալուող գործառոյթներու իրականացումը:

Գնդապետը հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութեան բացայայտումէն ետք 1990 օգոստոսէն դաշնակցականներ, որոնք մինչեւ այդ իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան աշխատանքին մէջ, շարունակած են իրենց գործունէութիւնը ՀՅԴ-ի դրօշին ներքեւ, իսկ հայկական բանակի կազմաւորման ընթացքին ՀՅԴ-ի ջոկատները մաս կազմած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած Արցախի ազատագրման:

Ան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ կամաւորական ջոկատներ կազմաւորուած են  Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու  բոլոր շրջաններուն մէջ: Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ մեկնած ՀՅԴ-ի կամաւորական ջոկատները աշխուժօրէն ներգրաւուած են Արցախի անվտանգութեան համար մղուած բոլոր գործողութիւններուն: ՀՅԴ-ն ստանձնած էր Արցախի որոշ տարածքներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը:

Ան խօսելով Շուշիի ազատագրութեան մասին ըսաւ, թէ աւելի քան 300 դաշնակցականներ եւ համակիրներ հաւաքուեցան Ստեփանակերտի մէջ մէկ հրամանատարութեան ներքեւ` ՀՅԴ-ի վաշտ անուան տակ, եւ սկսան պատրաստուելու Շուշիի ազատագրութեան գործողութեան: Շուշիի ազատագրումէն ետք վաշտի ստորաբաժանումները հիմնականին մէջ մասնակցած են Մարտակերտի շրջանի ինքնապաշտպանական ազատագրական գործողութիւններուն:

Մխիթարեան հաստատեց, որ բոլոր ճակատներուն վրայ, ուր որ Դաշնակցութեան հրամանատարութեան տակ գործող գումարտակները գործունէութիւն ծաւալած են, անոնք փառքով դուրս եկած են: Ապա աւելցուց. «Պատերազմը չէ աւարտած, 1992 մայիս 12-ին ընդամէնը ստորագրուած է հրադադարի պայմանագիր. ներկայիս պատերազմը կը շարունակուի ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն պայմաններուն մէջ: Ասոր վառ ապացոյցն են 2016-ի ապրիլեան լայնածաւալ մարտական գործողութիւնները եւ մինչեւ այսօր շարունակուող թշնամիի սադրիչ գործողութիւնները: 2016-ին ապրիլին 370 դաշնակցականներ ու համակիրներ մեկնեցան Արցախ եւ կանգնեցան հայ զինուորի կողքին` պաշտպանելու մեր սրբազան հայրենիքը: Ի տարբերութիւն միւս կամաւորականներուն, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ միայն դաշնակցական կամաւորականներուն վստահուեցաւ առանձին տեղամասի մէջ պաշտպանութիւն իրականացնելը Թալիշի մէջ»:

Խօսքի աւարտին Արտաշէս Մխիթարեան ըսաւ. «Պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ խաղաղ ժամանակներուն համար նախատեսուած բանակը մարտական գործողութիւններու ժամանակ յաղթող չ՛ըլլար: Մեծածաւալ մշտական բանակը պիւտճէի համար բաւական մեծ շռայլութիւն է: Այստեղ առաջ կու գայ արհեստավարժ պահեստազօր ունենալու անհրաժեշտութիւնը , որուն ցաւօք սրտի այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ կարեւորութիւն չի տրուիր, եւ այդ գծով գործնական քայլեր չեն իրականացուիր: Հաշուի առնելով 2016 ապրիլի փորձը` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշում ներկայացուցած է կազմաւորել կամաւորականներու պահեստազօրային գումարտակը: Գումարտակի օգտագործումը նախատեսուած է միայն թշնամիի կողմէ լայնածաւալ մարտական գործողութեան վերսկսման պարագային: Ազրպէյճանի կողմէ հնչեցուած ռազմատենչ յայտարարութիւններու եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման նախապատրաստութեան պայմաններուն մենք պարտաւոր ենք ո՛չ միայն ազգովին համախմբուիլ արժանի հարուած տալու թշնամիին, այլեւ ազգուրաց տականքներուն թոյլ չտալու պարտուողական տրամադրութիւններ տարածել մեր հերոսական ազգաբնակչութեան մէջ»:

Արցախի նուիրուած երգերով հանդէս եկաւ ազատամարտիկ Սամուէլ Երանեան:

Ձեռնարկի աւարտին «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդան Մամիկոնեան յուշանուէր յանձնեց գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեանին եւ ազատամարտիկ Սամուէլ Երանեանին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հիմներգով:

Հրակ Մամիկոնեան
Նախորդը

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Աթէնքի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?